Տօ­նա­կան օ­րե­րու նա­խօ­րեա­կին, Հ.Գ.­Խա­չի Ք­սան­թիի «Ա­րաքս» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պեց իր տա­րե­կան պա­զա­րը, հա­մախմ­բե­լով ժո­ղո­վուր­դի ստո­ւար ներ­կա­յու­թիւն մը եւ ար­ձա­նագ­րե­լով մեծ յա­ջո­ղու­թիւն։
­Շա­բաթ­նե­րու վրայ եր­կա­րող նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տան­քէ ետք, ­Կի­րա­կի, 7 ­Դեկ­տեմ­բեր 2025-ի ա­ռա­ւօ­տուն, ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ կա­տա­րո­ւած պա­տա­րա­գէն յե­տոյ, Գ­թու­թեան ­Խա­չի ըն­կե­րու­հի­նե­րը դի­մա­ւո­րե­ցին հայ եւ յոյն բազ­մու­թիւ­նը շրջա­նի «­Կա­րա­պետ եւ Աշ­խէն ­Մո­րա­լեան» սրա­հէն ներս, որ պատ­րաս­տո­ւած ու զար­դա­րո­ւած էր պատ­շաճ զար­դե­րով, իսկ սե­ղան­նե­րուն շուրջ ըն­կե­րու­հի­նե­րը կը փու­թա­յին օգ­տա­կար դառ­նալ այ­ցե­լու­նե­րուն։ ­Հայ­կա­կան հա­մեղ ճա­շե­րու, ա­նու­շե­ղէն­նե­րու, ըմ­պե­լի­նե­րու եւ զա­նա­զան նո­ւէր­նե­րու ճո­խու­թիւ­նը գրա­ւեց ներ­կա­նե­րու ու­շադ­րու­թիւ­նը, ո­րոնք քա­ջա­լե­րե­ցին կա­տա­րո­ւած աշ­խա­տան­քը եւ զօ­րա­վիգ կանգ­նե­ցան մաս­նա­ճիւ­ղի աշ­խա­տան­քին։
Ք­սան­թիի քա­ղա­պե­տա­կան եւ հա­սա­րա­կական շրջա­նակ­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը եւս քա­ջա­լե­րե­ցին պա­զա­րը։
­Փոխ­քա­ղա­քա­պե­տեր, քա­ղա­քա­պե­տա­կան խոր­հուր­դի ան­դամ­ներ, Հ­նա­մեայ գան­ձե­րու պե­տա­կան ծա­ռա­յու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ մշա­կու­թա­յին միու­թիւն­նե­րու ան­դամ­ներ այ­ցե­լե­ցին սրա­հը եւ մօ­տէն ծա­նօ­թա­ցան հայ­կա­կան ճոխ ճա­շա­ցու­ցա­կին։ ­Ներ­կայ էին նաեւ շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. ­Դա­նիէլ քհնյ. ­Գա­լօղ­լեան, ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ­ներ եւ բազ­մա­թիւ հայ­րե­նա­կից­ներ, ո­րոնք գնա­հա­տե­ցին կա­տա­րո­ւած ե­լոյ­թը։
­Հարկ է նշել, թէ բա­ցի Հ.Գ.­Խա­չի մաս­նա­ճիւ­ղի ան­դամ­նե­րու կա­տա­րած պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րէն, շարք մը հայ­կա­կան ձեռ­նար­կու­թիւն­ներ Ա­թէն­քէն եւ հիւ­սի­սա­յին ­Յու­նաս­տա­նէն տրա­մադ­րե­ցին զա­նա­զան ապ­րան­քա­տե­սակ­ներ եւ ճո­խա­ցո­ցու­ցին սե­ղան­նե­րուն վրայ ցու­ցադ­րո­ւած ու­տես­տե­ղէն­նե­րը։
­Քա­նի մը ժա­մո­ւան մէջ ապ­րանք­նե­րը ար­դէն սպա­ռած էին, ցոյց տա­լով ե­լոյ­թի յա­ջող կազ­մա­կեր­պու­մը եւ ժո­ղո­վուր­դի ան­վե­րա­պահ քա­ջա­լե­րան­քը։ Հ.Գ.­Խա­չի խնա­մա­տա­րա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը շրջա­նէն ներս գնա­հա­տո­ւած է հայ եւ յոյն բա­րե­կամ­նե­րու կող­մէ, ո­րոնք ա­մէն ան­գամ ի­րենց ե­րախ­տա­գի­տու­թիւ­նը կը յայտ­նեն կա­նա­ցի մեր կազ­մա­կեր­պու­թեան։
Հ.Գ.­Խա­չը իր խո­րին շնոր­հա­կա­լու­թիւն­նե­րը յայտ­նեց բո­լոր ձեռ­նար­կու­թիւն­նե­րուն եւ ան­հատ­նե­րուն, ո­րոնք զա­նա­զան ի­րե­րով եւ ապ­րանք­նե­րով նպաս­տե­ցին սե­ղան­նե­րու ճո­խու­թեան ու ա­նոնց սպառ­ման։

ԹՂԹԱԿԻՑ