Խոր ցաւով իմացանք, որ Պոլսոյ «Մարմարա» թերթի երակարամեայ խմբագիր Ռոպէր Հատտէճեան հրաժեշտ տուաւ աշխարհէն, ետին թողած ըլլալով հսկայ վաստակ մը։
«Ազատ Օր» խորին ցաւակցութիւններ կը յայտնէ հայ մամուլի ու լեզուի մեծ ջահակիրի ընտանիքին ու «Մարմարա»-ի խմբագրութեան։
Կը խոնարհինք իր վաստակալից գործունէութեան ու յիշատակին առջեւ։