Լոյս փայլեցաւ խաւարին մէջ
«Կեանքը մարդոց համար լոյսն է`
որ խաւարին մէջ կը փայլի» (Յով. 1:5)
Հոգեւոր ցնծութեամբ եւ Տիրոջ յաղթական ծննդեան աւետիսով ամոքուած, կ՚ողջունենք Յունաստանի հայոց թեմի մեր համակ ժողովուրդը։ Մեր շնորհաւորական ողջոյնները կ՚ուղենք նաեւ Թեմիս հոգեւորականաց դասուն, Ազգային վարչութեան եւ երեսփոխաններուն, Թաղային խորհուրդներուն եւ հոգաբարձութեանց, Տիկնանց մարմնոյ անդամներուն, Եկեղեցւոյ սպասաւորներուն եւ բոլոր քոյր միութիւններուն եւ անդամներուն։
Յովհաննէս աւետարանիչ, իր նախաբանին մէջ, Քրիստոսի ծննդեան խորհուրդին կ՚անդրադառնայ տիեզերական եւ աստուածաբանական լայն հորիզոններուն տանող ճշմարտութեամբ։ Աստուածորդիին ծնունդը սոսկ պատմական դէպք չէր, այլ Աստուծոյ վճռական միջամտութիւնը մարդկային իրականութեան։ Լոյսի եւ խաւարի հակամարտութիւնը, Յովհաննէսի վկայութեամբ, կը նկարագրէ Աստուածային յայտնութեան եւ աշխարհի անկման հանդիպումը։ Արդարեւ, Սուրբ Ծնունդը ոչ միայն կը հռչակէր Լոյսին ներկայութիւնը, այլեւ անոր մշտնջենական յաղթանակը։ Այս առումով Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան պատգամին մէջ կը դիտարկենք երեք ճշմարտութիւններ։
Ա. Լոյսին մարդեղութիւնը աշխարհի խաւարին մէջ
Աւետարանը չի մերժեր խաւարին գոյութիւնը, ընդհակառակը, կը վկայէ լոյսին յայտնութիւնը խաւարին մէջ։
Խաւարին հիմնական գոյութիւնը Լոյսին բացակայութիւնն էր։ Առ այդ, խաւարը կը ներկայացնէր մեղք, վախ, օտարացում Աստուծոյ ներկայութենէն եւ յուսահատութիւն։ Հետեւաբար Քրիստոս իր մարդեղացմամբ նախ զգաց խաւարը եւ իր լոյսով նոր սկիզբ դրաւ մարդկային կեանքին։
Մանուկ Յիսուս խաւարին մէջ ծնելով, կը հաստատէր Աստուծոյ անմնացորդ սէրը մարդուն հանդէպ։ Աստուած հեռու չմնաց մարդու ցաւէն եւ խաւարէն, Ան մարմնացաւ անարդարութեան եւ չարչարանքի, վախի եւ յուսահատութեան աշխարհին մէջ։ Արդ, Սուրբ Ծնունդի լոյսը փայլեցաւ մարդուն մէջ, լուսաւորելով մարդուն ներաշխարհը, թէ՛ միտքը եւ թէ՛ հոգին։
Բ. Աստուածային լոյսի անշէջ էութիւնը
Աստուած մարդացաւ իր լոյսը տալով մարդուն։ Այսօր եւս խաւարը կը շարունակէ պայքարիլ, սակայն անկարող կը դառնայ մարել այն լոյսը, որ Քրիստոս իր ծնունդով դրոշմեց մեր անձերուն մէջ։ Պատմականօրէն կը տեսնենք, թէ հալածանքի, չարչարանքի, խաչելութեան եւ նոյնիսկ մահուան ժամանակ Քրիստոսի լոյսը չնուաղեցաւ, այլ Սուրբ Յարութեամբ առաւել պայծառացաւ։
Այսօր տօն է ոչ թէ սոսկ ծնունդի մը կամ տարեդարձի մը յիշատակութեան, այլ այն Լոյսի ծննդեան, որ կը ճառագայթէ ժայռափոր գերեզմանէն։ Հետեւաբար, մանուկ Յիսուսի ծնունդը մեզի կը փոխանցէ, յաղթանակի, յոյսի եւ ճշմարտութեան լոյսը, որ անշէջ է եւ յաւիտենական։
Գ. Լոյսի առաքեալներ
Մանուկ Յիսուսի լոյսը իր հետ կը բերէ նաեւ պատասխանատուութիւն։ Աստուծոյ լոյսը ստանալով, չենք կրնար զայն թաքցնել։ Բոլորս կը հրաւիրուինք վկայել այդ լոյսի մասին եւ ապրիլ անով։ Յովհաննէս մեզի կը յիշեցնէ թէ, «Աստուած լոյս է, բնաւ խաւար չկայ անոր մէջ։ Արդ, եթէ ըսենք՝ «Հաղորդակից ենք իրեն», եւ միւս կողմէ շարունակենք խաւարի մէջ ապրիլ, կը ստենք ահա եւ ճշմարտութիւնը չենք գործադրեր»։ Հետեւաբար, ինչպէս հաւատքը այնպէս ալ Քրիստոսի լոյսը սոսկ գաղափար չէ, այլ ապրող, նորոգող եւ վկայող իրականութիւն։
Եկեղեցին, որուն անդամներն ենք բոլորս, հրաւիրուած է վկայել Լոյսը եւ անոր առաքեալը դառնալ։ Արդարութիւնը, ներողամտութիւնը, սէրը պարզապէս բարոյական սկզբունքներ չեն, այլ Սուրբ Ծննդեան լոյսը մարմնաւորող ճշմարտութիւններ։ Հետեւաբար, որպէս Լոյսի առաքեալներ, իւրաքանչիւրս Ծննդեան լոյսերով զարդարենք ոչ միայն արտաքին աշխարհը, այլեւ մեր ներաշխարհը, վկայելով Ծննդեան աւետիսը։
Սիրելի հաւատացեալ,
Ծննդեան Լոյսը յոյսի լոյսն է, որ «երբեք ամօթով չի ձգեր» (Հռ. 5:5): Մեր առօրեայ կեանքին մէջ Քրիստոսի լոյսը ոչ միայն խաւարի մէջ կը լուսաւորէ այլեւ մեր յոյսը կ՚ամրապնդէ։
Այսօր, աշխարհի մարտահրաւէրներուն եւ անորոշութիւններուն դիմաց, բոլորս կը դիմագրաւենք մտահոգութիւններ, թէ՛ հաւատքի եւ թէ՛ ազգային կեանքին ուղղուած։ Սուրբ Ծնունդը գեղեցիկ առիթ է մեր մէջ գտնել մանուկ Յիսուսի լոյսը, որ կը լուսաւորէ մեր միտքը եւ հոգին։ Համբերութեամբ, յոյսով եւ Քրիստոսի լոյսը ունենալով մեր մէջ, վստահ եմ խաւարը կը փարատի, եւ Աստուած իր լոյսով կ՚առաջնորդէ մեր ժողովուրդը դէպի լուսաւոր ապագայ։
Կ՚աղօթենք, որ մանուկ Յիսուս իր լոյսով օրհնէ եւ լուսաւորէ Յունաստանի հայոց թեմի մեր հաւատաւոր ժողովուրդը, որպէսզի արժեւորենք մեր հաւատքը, զօրանանք միասնականութեամբ, պահպանենք մեր ինքնութիւնը, եւ լուսաւոր միտքով ու հեռատեսութեամբ կազմաւորենք ապագան։
Շնորհաւոր Ամանոր եւ Սուրբ Ծնունդ։
Քրիստոս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ։
ՍԱՀԱԿ ԵՊՍ. ԵՄԻՇԵԱՆ
Առաջնորդ Յունաստանի Հայոց թեմի










