Հ.Կ.­Խա­չի «­Զա­ւա­րեան» ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թեան եւ ­Փի­րէա­յի նա­խակր­թա­րան­նե­րու 10-րդ շրջա­նի կրթու­թեան խորհր­դա­տո­ւին կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, Ուր­բաթ, 23 ­Յու­նո­ւար 2026-ին, ­Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նի «­Սա­րա­ճեան-­Զա­քա­րեան» սրահ­նե­րուն մէջ, ծնող­նե­րու հոծ ներ­կա­յու­թեամբ, տե­ղի ու­նե­ցաւ կրթա­կան բնոյ­թով ար­դիւ­նա­բեր ե­րե­կոյթ մը «Դպ­րոց-ըն­տա­նիք գոր­ծակ­ցու­թիւն. վստա­հու­թեան կա­պեր կեր­տե­լով» նիւ­թով։
­Նիւ­թը ներ­կա­յա­ցուց ­Փի­րէա­յի նա­խակրթա­րան­նե­րու 10-րդ շր­ջա­նի կրթու­թեան խորհր­դա­տու տի­կին Ի­քու Խ­րի­սան­թի, որ ման­կա­վար­ժա­կան մօ­տե­ցու­մով եւ ան­մի­ջա­կա­նու­թեամբ զար­գա­ցուց ըն­տա­նի­քի եւ դպրո­ցա­կան հա­մայն­քի գոր­ծակ­ցու­թեան վե­րա­բե­րող հար­ցեր։
Իր ե­լոյ­թին ըն­թաց­քին, խորհր­դա­տուն ընդգ­ծեց ե­րե­խա­նե­րը նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ ստանձ­նե­լու եւ ի­րենց ան­կա­խու­թիւ­նը մշա­կե­լու հա­մար հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ տրա­մադ­րե­լու կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, ան շեշ­տեց, որ ծնող­նե­րը կը հրա­ւի­րո­ւին հաս­տատ սահ­ման դնել եւ ե­րե­խա­նե­րու ա­ռողջ ըն­կե­րա­յին ու զգա­ցա­կան զար­գա­ցու­մը խրա­խու­սել։
­Մաս­նա­ւո­րա­պէս, նշո­ւե­ցաւ ե­րե­խա­նե­րուն հասկց­նել ա­նոնց դե­րը ըն­տա­նի­քին մէջ, ինչ­պէս նաեւ մե­ծե­րուն հետ յար­գան­քի եւ գոր­ծակ­ցու­թեան յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ մշա­կե­լու կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։
­Զու­գա­հե­ռա­բար, մատ­նան­շեց, որ դպրո­ցա­կան լա­րո­ւա­ծու­թիւն­նե­րու կամ դէպ­քե­րու պա­րա­գա­յին, ծնո­ղը պէտք չէ մի­ջամ­տէ կամ ան­վե­րա­պա­հօ­րէն պաշտ­պա­նէ իր զա­ւա­կը, ո՛չ ալ պէտք է հա­կադ­րու­թեան մէջ մտնէ ու­րիշ ե­րե­խա­նե­րու կամ ծնող­նե­րու հետ, այլ պէտք է ձգէ, որ ե­րե­խան ի՛նք կա­րո­ղա­նայ հար­թել ա­մե­նօ­րեայ փոքր դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը, ինչ­պէս օ­րի­նակ՝ բա­խում­ներ եւ թիւ­րի­մա­ցու­թիւն­ներ, որ­պէս ըն­կե­րաց­ման անհ­րա­ժեշտ փուլ մը, միշտ ի­րենց շրջա­հա­յեաց եւ ա­ջակ­ցող ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ։
­Խոր­հուրդ տո­ւաւ ման­կա­վարժ­նե­րուն հետ հե­զա­սա­հօ­րէն գոր­ծակ­ցիլ, ո­րով­հե­տեւ ա­նոնք պատ­շաճ պատ­րաս­տո­ւած են նման հար­ցեր լու­ծե­լու հա­մար։
Ե­րե­կոն ա­ւար­տե­ցաւ ծնող­նե­րուն եւ դպրո­ցի ման­կա­վարժ­նե­րուն մի­ջեւ եզ­րա­փա­կիչ քննար­կու­մով ու փոր­ձա­ռու­թեան փո­խա­նա­կու­մով, հաս­տա­տե­լով ե­րե­խա­նե­րուն օ­գու­տին հա­մար ըն­տա­նի­քի եւ դպրո­ցի մի­ջեւ ար­դիւ­նա­ւէտ երկ­խօ­սու­թեան ու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը։

­Հայ­կա­նուշ ­Մի­նա­սեան Հ.Կ.Խ.
«­Զա­ւա­րեան» ազ­գա­յին
վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի