Սր­բոց ­Ղե­ւոն­դեանց եւ ­Վար­դա­նանց տօ­նե­րուն ա­ռի­թով, ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց թե­մի կրօ­նա­կան ժո­ղո­վը կազ­մա­կեր­պեց ու­շագ­րաւ մի­ջո­ցա­ռում­ներ, ո­րոնց մէկ մա­սը ուղ­ղո­ւած էր հան­րու­թեան։ Այս­պէս, հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու հա­ւա­քին եւ սե­մի­նա­րա­յին աշ­խա­տան­քին կող­քին, ­Չո­րեք­շաբ­թի, 11 ­Փետ­րո­ւար 2026-ի ե­րե­կո­յեան, տե­ղի ու­նե­ցաւ դա­սա­խօ­սա­կան ե­րե­կոյ մը, հա­մե­մո­ւած նաեւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տա­գի­րով, նիւթ ու­նե­նա­լով ­Վար­դա­նանց հե­րո­սա­մար­տը։
Ո­րո­շեալ ժա­մուն, ­Նէոս ­Գոս­մո­սի Ս. ­Կա­րա­պետ ե­կե­ղե­ցին լե­ցո­ւած էր յու­նա­հայ կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րով, ա­շա­կերտ­նե­րու ծնող­նե­րով եւ ժո­ղո­վուր­դով, ո­րոնց շար­քին էին Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը եւ հո­գե­ւոր դա­սը, Ազ­գա­յին վար­չու­թիւ­նը, խոր­հուրդ­նե­րու կազ­մե­րը եւ Հ.Կ.­Խա­չի վար­չու­թիւն­նե­րու ան­դամ­ներ։
­Բա­ցու­մը կա­տա­րեց ­Գո­քի­նիոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. ­Պա­րէտ քհնյ. ­Խա­չե­րեան, որ հա­կիրճ բա­ցատ­րեց ե­րե­կո­յի նպա­տա­կը, ման­րա­մաս­նե­լով նաեւ ե­լոյ­թի յայ­տա­գի­րին մա­սին։
Ա­թէն­քի Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Եզ­րաս վրդ. ­Թէ­նէ­քե­ճեան իր մեղ­մա­նուշ ձայ­նով մեկ­նա­բա­նեց «­Նո­րահ­րաշ» շա­րա­կա­նը, յա­տուկ ­Վար­դա­նանց տօ­նին հա­մար։ ­Նա­խա­պէս, կարճ ծա­նօ­թագ­րու­թիւն­նե­րով ներ­կա­յա­ցուց շա­րա­կա­նի բո­վան­դա­կու­թիւնն ու խօս­քին ի­մաս­տը։
­Բեմ հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ օ­րո­ւան խօ­սո­ղը՝ ­Յու­նա­հա­յոց թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. ­Սա­հակ եպս. Ե­մի­շեան, խօ­սե­լու եւ անդ­րա­դառ­նա­լու հա­մար ­Վար­դա­նանց հե­րո­սա­մար­տէն բխած պատ­գա­մին եւ ներ­կայ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն մա­սին։
Սր­բա­զա­նը իր խօս­քի մուտ­քին ու­րո­ւագծեց 5-րդ ­դա­րու պատ­մա­կան, կրօ­նա­կան եւ քա­ղա­քա­կան ի­րա­վի­ճա­կը, որ կը տի­րէր Ա­րե­ւել­քի մէջ, ­Պար­սից ­Սա­սա­նեան եւ ­Բիւ­զան­դա­կան կայս­րու­թեանց հա­կա­մար­տու­թեանց եւ քրիս­տո­նէու­թեան ծա­ւա­լու­մի հո­լո­վոյ­թին մէջ։ Ան իր պատ­մա­կան անդ­րա­դար­ձը ամ­փո­փեց Ք.ե. 484-ին կնքո­ւած ­Նո­ւար­սա­կի պայ­մա­նա­գի­րով, որ հա­յու քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քի հաս­տատ­ման ու ամ­րապնդ­ման կա­րե­ւոր ան­կիւ­նա­դար­ձը հան­դի­սա­ցաւ։
­Յա­ջոր­դա­բար, Սր­բա­զան հայ­րը, որ­պէս մեկ­նա­կէտ ու­նե­նա­լով ­Վար­դա­նան­ցը ազ­գա­յին տօ­նի, հա­ւատ­քի եւ ինք­նու­թեան վեմ ըլ­լա­լու ի­րո­ղու­թիւ­նը, քա­նի մը կէ­տե­րով ար­ժե­ւո­րեց հա­յու գո­յա­տեւ­ման պայ­քա­րը։
­Խօ­սո­ղը յայտ­նեց, թէ ­Վար­դա­նանց պա­տե­րազ­մով, քրիս­տո­նէա­կան աշ­խար­հին մէջ հայ ժո­ղո­վուր­դը ա­ռա­ջինն էր, որ պայ­քար մղեց իր հա­ւատ­քին ու ինք­նու­թեան հա­մար։ ­Պայ­քար մը, որ նպա­տակ ու­նէր ձու­լու­մէն փրկել բո­վան­դակ քա­ղա­քակր­թու­թիւն մը, որ ձե­ւա­ւո­րո­ւած էր քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քի հի­մե­րուն վրայ, յատ­կան­շե­լով հայ ժո­ղո­վուր­դի գո­յու­թիւ­նը դա­րե­րուն ընդ­մէ­ջէն։
Սր­բա­զա­նը հայ­րը նաեւ ­Վար­դա­նանց պա­տե­րազ­մը բնո­րո­շեց որ­պէս բա­րո­յա­կան յաղ­թա­նակ, յա­ռաջ տա­նե­լով ուղ­ղամ­տու­թեան ար­ժա­նի­քը, որ պէտք է յատ­կան­շէ նաեւ ներ­կայ սե­րունդ­նե­րը, վերց­նե­լու հա­մար այն պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը որ հա­մա­կեց ­Վար­դա­նի ու իր ժա­մա­նա­կա­կից հե­րոս­նե­րու ո­գին։
­Պէտք չէ տա­րո­ւիլ ո­րե­ւէ ա­ռանձ­նաշ­նոր­հում­նե­րէ եւ յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րէ, ան­տե­սած ըլ­լա­լով հա­ւա­քա­կան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան ար­ժէ­քը, որ­պէս ներ­կայ պատ­մա­կան հանգ­րո­ւա­նի կա­րե­ւո­րա­գոյն ազ­դակ։ ­Պէտք է տես­նել եւ ըն­դու­նիլ մեր ինք­նու­թիւ­նը՝ ոչ որ­պէս սոսկ հայ­րե­նա­բաղ­ձու­թիւն կամ ա­ւան­դա­վէպ, այլ որ­պէս ապ­րող ար­ժէք, որ­պէս­զի նոր սե­րունդ­նե­րուն մէջ ան ծնունդ առ­նէ եւ դառ­նայ ի­րա­կան։
Ա­ռաջ­նոր­դը, իր խօս­քի վեր­ջա­բա­նին շեշ­տեց, թէ ­Վար­դա­նանց հե­րո­սա­մար­տը հա­յե­լին է հայ ժո­ղո­վուր­դի այ­սօ­րուան ի­րա­վի­ճա­կին։ ­Հարկ է չհրա­պու­րո­ւիլ միայն ան­ցեա­լի հե­րո­սա­կան դրո­ւագ­նե­րով ու քա­ջա­րի մար­դոց սխրա­գոր­ծու­թիւն­նե­րով, այլ հե­րո­սու­թիւ­նը դարձ­նել ա­մէ­նօ­րեայ ապ­րում հայ­րե­նի­քին հա­մար, մեր օ­ճախ­նե­րէն ներս, հա­յե­րէն լե­զո­ւի ու ինք­նու­թեան, հայ մշա­կոյ­թի ու ա­ւան­դու­թեանց պահ­պա­նու­մով, հա­ւատ­քի հզօ­րա­ցու­մով եւ հա­ւա­քա­կան գի­տակ­ցու­թեան ամ­րապն­դում­նով։
Հ.Կ.­Խա­չի «Լ. եւ Ս. ­Յա­կո­բեան» ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նի ա­շա­կեր­տու­թեան գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տա­գի­րը, օ­րո­ւան խոր­հուր­դին հա­մա­շունչ եւ խան­դա­վա­ռող ե­լոյթ մը ե­ղաւ։ Եր­կու բա­ժին­նե­րով, ձեռ­նար­կի սկիզ­բին ու ա­ւար­տին, վար­ժա­րա­նի բարձր կար­գի ա­շա­կերտ­նե­րը, ի­րենց տնօ­րէ­նու­հիին եւ ու­սու­ցիչ­նե­րուն հո­գա­տա­րու­թեամբ, ներ­կա­յա­ցու­ցին փունջ մը ար­տա­սա­նու­թիւն­ներ, եր­գեր, թա­տե­րա­կան երկ­խօ­սու­թիւն­ներ՝ նո­ւի­րո­ւած ­Վար­դա­նանց հե­րո­սա­մար­տի խի­զա­խու­թեան։ ­Բո­լոր ա­շա­կերտ­նե­րը սա­հուն հա­յե­րէ­նով եւ հա­մար­ձակ ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով խլե­ցին ներ­կա­նե­րու գնա­հա­տան­քը, ցոյց տա­լով թէ գա­ղու­թի հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րուն մէջ հայ ո­գիի ծաղ­կու­մը, ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րու վրայ կար­չու­մը եւ տե­ւա­կան դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը ա­ռանձ­նա­յա­տուկ տեղ կը գրա­ւեն մեր մատ­ղած սե­րունդ­նե­րու հո­գեմ­տա­ւոր զար­գաց­ման մէջ։
­Տէր ­Պա­րէտ քա­հա­նայ հայ­րը եզ­րա­փա­կե­լով ե­րե­կոն, շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Սր­բա­զան հօր, ա­շա­կեր­տու­թեան, ու­սու­ցիչ­նե­րուն եւ ներ­կա­նե­րուն, ո­րոնք բո­լո­րը միա­սին սա­տա­րե­ցին ե­րե­կո­յի յա­ջող կազ­մա­կերպ­ման։
­Ներ­կա­նե­րը խան­դա­վառ ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով շնոր­հա­ւո­րե­ցին Սր­բա­զան հօր ե­լոյ­թը, ինչ­պէս նաեւ ի­րենց ու­րա­խու­թիւ­նը յայտ­նե­ցին վար­ժա­րա­նի ու­սուց­չա­կան կազ­մին։