Յաջողութեամբ պսակուած նախաձեռնութիւն մը
Հայ Կապոյտ Խաչի «Զաւարեան» ազգ. վարժարանի
«Հայաստան Ուշագլեան» մանկապարտէզը
կը վերածուի ընթերցասիրութեան դարբնոցի
Մանկութեան առաջին քայլերը միայն աշխարհը ճանչնալու փորձեր չեն, այլեւ՝ հոգեկան աշխարհի հիմնաքարերը դնելու որոշիչ ժամանակաշրջան մը։
Հայ Կապոյտ Խաչի «Հայաստան Ուշագլեան» մանկապարտէզին մէջ, ընթերցասիրութեան մշակումը ո՛չ միայն կրթական ծրագրի մաս կը կազմէ, այլեւ՝ կը հանդիսանայ դպրոցական առօրեայի կենսատու զարկերակը։ Ուսումնական տարեշրջանի սկիզբէն իսկ, մանուկները կը սորվին սիրել գիրքը, շօշափել թուղթի խորհրդաւորութիւնը եւ ունկնդրել հեքիաթներու մեղեդային լեզուն։
Յունուար ամիսէն սկսեալ, այս նուիրական աշխատանքը կը ստանայ առաւել համակարգուած ու գործնական բնոյթ։ Մեր փոքրիկները, դառնալով դպրոցի գրադարանի մշտական այցելուները, կանոնաւոր կերպով կը դիմեն գիրքերու շտեմարանին՝ իրենց հետ տուն տանելով հայերէն եւ յունարէն պատկերազարդ հեքիաթներ։ Այս սովորութիւնը կը դառնայ կամուրջ մը դպրոցի եւ ընտանիքի միջեւ, ուր երեկոյեան ընթերցումները կը վերածուին ջերմ ու իմաստալից զրոյցներու։
Սակայն այս տարի, մանկապարտէզը թեւակոխեց նոր ու նորարարական հանգրուան մը։ Նիքէայի հանրային գրադարանին հետ գործակցաբար իրականացած «Մանկապարտէզի գրասէրներ 2025» (Νηπιο-βιβλιοσκώληκες 2025) ծրագիրը՝ եկաւ յաւելեալ փայլ ու թափ տալու մեր ամենօրեայ ջանքերուն, բացայայտելով մանկական երեւակայութեան անսահման հորիզոնները։
Այս ծրագիրը սովորական ընթերցումներէն անդին անցաւ։ Իւրաքանչիւր գիրք դարձաւ ներշնչման աղբիւր՝ խաղերու, թատերականացման եւ գեղարուեստական աշխատանքներու։ Աշակերտները քննարկեցին ընտանեկան արժէքները, խաղաղութեան վեհութիւնն ու բնութեան հրաշալիքները՝ հարստացնելով դաստիարակչական ծրագիրը։
Մեր աշակերտները հնարաւորութիւնը ունեցան համադրելու աւանդականն ու արդիականը։ Յատուկ «Արձանագրութեան թերթիկներու» եւ արդիական առցանց յաւելուածի միջոցով, դպրոց-տուն կապը աւելի ամրապնդուեցաւ։
Ծնողները դարձան իրենց զաւակներուն գործուն ընթերցակիցները, որոնք սատարեցին այս ճիգին ոչ միայն արժեւորելով մշակուած նիւթերը, այլեւ հարստացնելով ծրագրին գիրքերու ցանկը՝ իրենց սեփական գրադարաններու գիրքերով։
Սոյն ծրագրին աւարտը նշուեցաւ առանձնակի շուքով եւ խանդավառութեամբ։ Իւրաքանչիւր աշակերտ, որպէս իր հետեւողականութեան եւ ընթերցասիրութեան վկայական, ստացաւ յատուկ մրցանակ մը։
Այս պարգեւատրումը լոկ մրցանակներու բաշխում չէր, այլ՝ երեխաներու մտաւոր զարգացման եւ աշխատասիրութեան արժեւորում, ինքնավստահութեան եւ գիրքի հանդէպ սիրոյ հաստատում։ Փոքրիկներուն աչքերուն մէջ փայլող հպարտութիւնը լաւագոյն ապացոյցն էր, որ «Փոքրիկ գրասէրները» արդէն իսկ սկսած են իրենց կեանքի մեծագոյն ճամբորդութիւնը։
Սրտագին շնորհաւորութիւններ՝
— Մեր մրցանակիր աշակերտներուն, իրենց անսպառ հետաքրքրութեան համար։
— Ծնողներուն, որոնք միշտ կը զօրակցին մեր կրթական առաքելութեան։
— Հ.Կ.Խ-ի «Զաւարեան»նախակրթարանի տնօրէնութեան եւ «Հայաստան Ուշագլեան» մանկապարտէզի ուսուցչական կազմին, որոնք սիրով եւ նորարարական շունչով կը քաջալերեն ընթերցասիրութիւնը եւ անմար կը պահեն մանուկներուն հետաքրքրութիւնը։
- Նիքէայի հանրային գրադարանի անձնակազմին, այս հրաշալի նախաձեռնութեան եւ համագործակցութեան համար։
Այս ձեռնարկը վերստին կը հաստատէ թէ՛ ընթերցասիրութիւնը կեանքի կեցուածք է, որ կը մշակուի սիրով, հետեւողականութեան եւ գործակցութեան միջոցով։ Թող այս մրցանակները դառնան այն առաջին քայլերը, որոնք մեր փոքրիկներուն պիտի առաջնորդեն դէպի գիտութեան եւ իմաստութեան անծայրածիր հորիզոնները:
Հ.Կ.Խ.-ի «Զաւարեան» ազգ. վարժարանի
«Հայաստան Ուշագլեան» մանկապարտէզի
վարիչ մանկապարտիզպանուհի՝ Անի Աբիկեան










