
Սիրելի ներկաներ,
Բարի եկաք բոլորդ, ուրախ ենք ձեր ներկայութեան համար եւ կը յուսանք, որ վայելեցիք մեր հանդէսը: Շատ պիտի չխօսիմ: Անշուշտ ով որ այս նախադասութիւնը կ՚ըսէ, միշտ շատ կը խօսի: Բայց ո՛չ, մեր աշակերտները խօսեցան եւ ըսին ինչ որ պէտք էր իրենց անուշիկ ձայներով:
Այս տարի դաստիարակչական խաղերով, երգերով, ձեռային աշխատանքներ պատրաստելով, մարզանք ընելով, թատերական խաղերու մասնակցելով եւ տարբեր վայրեր այցելելով (Μουσείο Συναισθημάτων, Ίδρυμα Σταύρος Νιάρχος, Βοτανικός κήπος, Αισθητικό Δάσος Υμηττού, Ιστορικό Αρχείο Εθνικής Τράπεζας), խօսեցանք եւ սորվեցանք մեր զգացուններուն, իրաւունքներուն, մեր շրջակայ աշխարհին – միջավայրին եւ վերամշակման մասին:
Մարտ ամսուն մասնակցեցանք «Το Δ των Δικαιωμάτων» գեղարուեստական ցուցահանդէսին եւ շատ դրական գնահատանքի խօսքեր լսեցինք մեր աշխատանքին համար: Հիմա մեր այս տարուան դասերէն երկու դրուակ կ՚ուզեմ պատմել:
Մենք կանոններ ստեղծած ենք մեր դասարանին համար եւ այդ կանոններուն մէջ կան երկու կանոններ, որոնցմէ մէկը ես խախտեցի եւ մէկն ալ անոնք: Առաջին կանոնն էր «Անուշ լեզուով կը խօսինք», որը ես խախտեցի եւ «կը բաժնեկցինք», որ անոնք խախտեցին:
Անուններ պիտի չգործածեմ:
Ուրեմն, օր մը դաս կ՚ընէինք, եթէ չեմ սխալիր «զ» գիրը. Քանի մը անգամ անոնց ցոյց տուի եւ պահ մը եկաւ ձայնս բարձրացուցի՝ «ո՛չ այսպէս, քանի անգամ ըսինք գծիկէն վար կը գրենք»:
«Անուշ լեզուով չես խօսիր, տիկ. Սոնա»:
Այդ վայրկեանին ի՞նչ ըսես: Ուզեցի այսպէս գրկեմ ամուր:
Չգրկեցի: Բայց ըսի իրաւունք ունիք:
«Էլ ի՞նչ մոռցար ըսելու»:
«Կը ներէք»:
Իսկ միւսը՝ անտառի մը մէջ պտոյտի ատէն: Տիկին մը անոնց քարտէզ մը տուաւ եւ խնդրեց, որ բաժնեկցին: Զոյգ-զոյգ միասին աշխատին: Քալելու ատեն մէկը քաշեց, միւսը լացաւ, միւսը գանգատեցաւ: Հասանք դպրոց: Ժամանակն էր, որ խօսինք, թէ ինչ ըրինք, ինչ սորվեցանք: Ինչ կրնայինք աւելի լաւ ընել:
Եւ պահ մը եկաւ որ ըսի, նեղացուցիք քանի մը հոգի: Ոչ բոլորը իհարկէ: Բայց այսօր կանոն մը խախտեցիք: Երբ որ պահը եկաւ քարտէզը միասին գործածեցի՞ք: Ըսին՝ ոչ: Լռութիւն տիրեց: Ձեռքս պարզեցի գիրք մը առնելու համար, որպէսզի միասին կարդանք: Յանկարծ, ձայն մը լսուեցաւ: «Ներողութիւն»՝ անուն մըն ալ գործածեց:
Ճիշդն ըսեմ՝ յուզուեցայ եւ միեւնոյն ժամանակ ուրախացայ այդ պահուն: Ամէնէն յատկանշականը այն էր, որ «ներողութեան» տոմինօ մը սկսաւ անոնց կողմէ, որ չէին բաժնեկցած:
Ինչ ըսել կ՚ուզեմ: Անոնց պէս ըլլանք: Կը մեծնանք եւ շատ անգամ կանոններ կը խախտենք ու դժուարութեամբ ներողութիւն կը խնդրենք:
Ինչպէս իրենց սորված երգին բառերը կ՚ըսեն: «Բարեւ ձեզ, ցտեսութիւն, կը խնդրեմ, շնորհակալութիւն, ներողութիւն բառերն մեզ կ՚օգնեն ողջ կեանքում»:
Մինչեւ անոնց բեմ հրաւիրելը կ՚ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել անոնց, որոնք ամբողջ տարի մեր քովն էին, օգտակար եղան մեզի եւ աշակերտներուն:
Հերթականութիւնը կարեւոր չէ՝ տիկիննր Վիքի, Նազիկ, Անի, Լուսի, Վերժին, Իոաննա. պարոններ Տիմիթրիս, Յովիկ. Ծնողաց մարմին եւ սիրելի ծնողներ, եւ անոնց, որոնք օգնեցին այս հանդէսը իրականանայ՝ Նիքոլաոս Ալեքսոփուլոս, վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեան, Կարօ Պարտաքճեան, պրն. Եաննիս եւ բոլոր ուսուցիչներուն, թէ՛ միջնակարգի եւ թէ՛ նախակրթարանի, որոնք դիմացան մեր փորձերուն եւ մեզ դպրոցէն չվրնտեցին:
***
2024-2025 ուսումնական տարեշրջանը բոլորելով, մեր ջերմագին շնորհակալութիւնները կը յայտնենք Թեմիս Առաջնորդ Սրբազան հօր, շրջանիս հոգեւոր հովիւին, Ազգային վարչութեան, ուսումնական, տնտեսական ու կալուածային խորհուրդներուն, Հ.Կ.Խաչի Շրջանային եւ մասնաճիւղերու վարչութեանց:
Շնորհակալութիւն նաեւ, մեր վարժարանի տնօրէնութեան, հայ եւ յոյն պաշտօնակիցներուն եւ անձնակազմին, գործակից տիկին Մարիա Տիմաքիի եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւնը ընծայեցին մեր ճիգերուն արդիւնաւորման համար:
Շնորհակալութիւն մեր վարժարանի ծնողական միութեան, որ ամբողջ տարուան ընթացքին մեր կողքին էր ու ամէն ջանք թափեց մեր կարիքները հոգալու, ինչպէս նաեւ մանկապարտէզի շրջանաւարտներուն յանձնուած նուէրներուն համար:
Յատուկ շնորհակալութիւններ ձեզի՝ սիրելի ծնողներ, որ վստահեցաք ձեր զաւակները հայկական մեր այս վարժարանին:







