­Թան­կա­գին ա­շա­կերտ­ներ, ու­սում­նա­կան վե­րա­մու­տի շե­մին, վստահ եմ ձեզ­մէ շա­տեր լե­ցո­ւած են խան­դա­վա­ռու­թեամբ, ո­մանք ի­րա­գո­րծում­նե­րու յոյ­սով եւ ո­մանք նոր սպա­սում­նե­րով։
Դպ­րո­ցը դաս եւ դա­սա­գիրք չէ, ան միտք, հո­գի եւ սիրտ սնու­ցա­նող ան­դաս­տան է։ ­Յոյն փի­լի­սո­փա­յու­թեան տի­տան­նե­րէն` Ա­րիս­տո­տել կ­՚ը­սէ «կրթել միտ­քը ա­ռանց սիր­տը կրթե­լու, կրթու­թիւն չէ»։ ­Հե­տե­ւա­բար բո­լորս պէտք է գի­տակ­ցինք, թէ մտքի ու­սու­ցու­մը պէտք է հա­մադ­րո­ւի սրտի դաս­տիա­րա­կու­թեամբ։
Կ­՚ու­զեմ վե­րա­մու­տի այս տպա­ւո­րիչ պա­հուն հպար­տու­թեամբ լե­ցո­ւիք։ Ո­րով­հե­տեւ հայ­կա­կան դպրո­ցը ծնունդն է մեր նախ­նի­նե­րու նո­ւի­րու­մին, զո­հո­ղու­թեան, տե­սիլք­նե­րուն եւ ինք­նու­թեան։
­Սի­րե­լի ա­շա­կերտ­ներ, ձեր ու­սու­մը միայն ձեր անձ­նա­կան ա­պա­գա­յի ճամ­բոր­դու­թիւ­նը չէ։ Ա­մէն ան­գամ որ հա­յե­րէն կը խօ­սիք եւ պատ­մու­թեան է­ջե­րը կը բա­նաք, դուք կը շա­րու­նա­կէք մեր նա­հա­տակ­նե­րուն եւ վար­դա­պետ­նե­րուն լե­զուն եւ կը վե­րա­կեն­դա­նաց­նէք մեր ժո­ղո­վուր­դի յի­շո­ղու­թիւ­նը։
Ուս­տի կը մաղ­թեմ, որ այս տա­րեշր­ջա­նը բո­լո­րիդ հա­մար դառ­նայ վառ յի­շո­ղու­թիւն­նե­րու եւ յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րու շրջան մը։ ­Մեր տե­սիլքն է նաեւ, որ իւ­րա­քան­չիւր ա­շա­կերտ ա­ճի եւ զար­գա­նայ ո՛չ միայն ի­մա­ցու­թեամբ, այլ նաեւ ա­ռա­քի­նու­թեամբ։ ­Թող ձեր օ­րե­րը լե­ցո­ւին ժրա­ջա­նու­թեամբ, ձեր հո­գի­նե­րը՝ հա­ւատ­քով, եւ ձեր սրտե­րը՝ սի­րով։
­Մեր ա­ղօթքն է, որ նոր տա­րեշր­ջա­նի ըն­թաց­քին մեր դպրոց­նե­րը շա­րու­նա­կեն մնալ յոյ­սի ու լոյ­սի ճրագ­ներ ­Յու­նաս­տա­նի մեր ժո­ղո­վուր­դի կեան­քին մէջ։

Ա­ղօ­թա­րար՝
ՍԱՀԱԿ ԵՊՍ. ԵՄԻՇԵԱՆ
Ա­ռաջ­նորդ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց թե­մին