1921 թո­ւա­կա­նի Ապ­րի­լը ծան­րա­գոյն, այ­լեւ վճռո­րոշ ա­միս մը ե­ղաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի եւ ­Հա­յաս­տա­նի պատ­մու­թեան մէջ։
Ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը երկ­րորդ ան­գամ — եւ այ­լեւս 70 տա­րո­ւան հա­մար — ին­կաւ խորհր­դա­յին լու­ծի տակ։
18 ­Փետ­րո­ւար 1921ին շղթա­յա­զեր­ծուած հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին ապս­տամ­բու­թիւ­նը, զի­նու զօ­րու­թեամբ խորհըր­դայ­նա­ցո­ւած ­Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թեան ղե­կը վե­րա­դարձ­նե­լով ­Սի­մոն Վ­րա­ցեա­նի գլխա­ւո­րած ­Հայ­րե­նի­քի Փր­կու­թեան ­Կո­մի­տէին, յիս­նօ­րեայ ու­ժեղ դի­մադ­րու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­լէ ետք ­Կար­միր ­Բա­նա­կի գրոհ­նե­րուն դէմ՝ ի վեր­ջոյ տե­ղի տո­ւաւ եւ Ապ­րիլ 12ին, ­Զան­գե­զու­րի վրա­յով ու շուրջ 12 հա­զար ժո­ղո­վուր­դով, ան­ցաւ ­Պարս­կաս­տան։
­Շատ ա­ւե­լի ծանր ե­ղաւ դրու­թիւ­նը Ար­ցա­խի հա­յու­թեան հա­մար, որ ­Դեկ­տեմ­բեր 1920էն սկսեալ, իր հե­րոս ա­զա­տա­մար­տի­կին՝ ­Թե­ւան Ս­տե­փա­նեա­նի հրա­մա­նա­տա­րու­թեամբ, ապս­տամ­բու­թեան դրօշ պար­զած էր խորհր­դա­յին­նե­րուն դէմ՝ ի խնդիր ­Հա­յաս­տա­նի եւ ա­նոր ան­բա­ժա­նե­լի մա­սը հռչա­կո­ւած Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թեան պահ­պա­նու­մին։
Ապ­րիլ 18ի օ­րը, 1921 թո­ւին, ար­ծո­ւե­բոյն Ար­ցա­խը իր կար­գին պար­տա­ւո­րո­ւե­ցաւ տե­ղի տա­լու ­Կար­միր ­Բա­նա­կի գրո­հին առ­ջեւ եւ վար դնե­լու… զէն­քե­րը։
­Միայն ­Զան­գե­զու­րը շա­րու­նա­կեց դի­մադ­րել ­Կար­միր ­Բա­նա­կի խու­ժու­մին՝ ­Գա­րե­գին Նժ­դե­հի եւ ա­նոր հրա­մա­նատ­րու­թեան տակ դրո­ւած ­Հայ­րե­նի­քի Փր­կու­թեան ­Կո­մի­տէի զի­նո­ւո­րա­կան ու­ժին հետ, բայց այդ ալ սոսկ ո­րո­շա­կի ժա­մա­նա­կի հա­մար, մին­չեւ ­Յու­լիս, երբ ­Հա­յոց Ս­պա­րա­պե­տը իր կար­գին հա­տեց հայ-պարս­կա­կան սահ­մա­նը եւ միա­ցաւ ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան տա­րա­գիր ղե­կա­վա­րու­թեան։
Այս­պէս, 97 տա­րի ա­ռաջ, Ապ­րիլ 18ի այս օ­րը, վերջ գտաւ ­Թե­ւան Ս­տե­փա­նեա­նի ղե­կա­վա­րած Ար­ցա­խի հա­յու­թեան ապս­տամ­բու­թիւ­նը խորհր­դա­յին կար­գե­րուն դէմ։
Ար­ցա­խի ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պոռթ­կում­նե­րու եւ ապս­տամ­բա­կան շար­ժում­նե­րու բազ­մա­դա­րեան պատ­մու­թեան մէջ, 1920-1921 տա­րի­նե­րու այդ ապս­տամ­բու­թիւ­նը հռչա­կո­ւե­ցաւ իբ­րեւ «­Թե­ւա­նի ապս­տամ­բու­թիւն»…
Այ­դու­հան­դերձ՝ մին­չեւ Ար­ցա­խի մե­րօ­րեայ ի­րո­ղա­կան ա­զա­տագ­րումն ու ­Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խա­ցու­մը՝ ա­ւե­լի քան քա­ռորդ դար ա­ռաջ, ընդ­հան­րա­պէս մո­ռա­ցու­թեան տրո­ւած էր ­Հայ­կա­կան Ա­զա­տա­մար­տի այս փայ­լուն է­ջը։ ­Մո­ռա­ցու­թեան տրո­ւած էր մա­նա­ւանդ Ար­ցա­խեան Ա­զա­տա­մար­տի 1920ա­կան­նե­րու ա­ռաս­պե­լա­կան հե­րոս ղե­կա­վա­րը՝ ­Թե­ւան Ս­տե­փա­նեա­նը, ո­րուն կեն­սագ­րու­թեան մա­սին տար­րա­կան տե­ղե­կու­թիւն­ներն իսկ հան­րա­գի­տա­կան շրջա­նա­ռու­թե­նէ դուրս պահուե­ցան եր­կար տաս­նա­մեակ­ներ։
Այ­նո­ւա­մե­նայ­նիւ՝ ­Թե­ւան Ս­տե­փա­նեա­նի ա­նունն ու ա­նոր ղե­կա­վա­րած ժո­ղովր­դա­յին ապս­տամ­բու­թիւ­նը, ամ­բող­ջու­թեան մէջ, ան­բա­ժա­նե­լի մա­սը կը կազ­մեն ­Լեռ­նա­հա­յաս­տա­նի հա­յաց­ման ու ան­կա­խաց­ման հա­մար հայ ժո­ղո­վուր­դին մղած հե­րո­սա­կան պայ­քա­րին, ո­րուն շար­ժիչ ուժն ու ա­ռաջ­նոր­դող դրօ­շա­կի­րը հան­դի­սա­ցաւ ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը՝ Անդ­րա­նիկ­նե­րու, ԴՐՕ­նե­րու, ­Ռու­բէն­նե­րու եւ ­Գա­րե­գին Նժ­դեհ­նե­րու ղե­կա­վա­րու­թեան տակ։
Ս­տոյգ է, սա­կայն, որ խորհր­դա­յին­նե­րը ի­րենք, ուղ­ղա­կիօ­րէն եւ բա­ռին ա­մէ­նէն հա­կա­հայ ի­մաս­տով, ամ­բողջ 70 տա­րի փոր­ձե­ցին իբ­րեւ «ժո­ղո­վուր­դի թշնա­մի» վար­կազր­կել ­Թե­ւան Ս­տե­փա­նեա­նը՝ զինք ու գա­ղա­փա­րա­կից­նե­րը «­Թե­ւա­նիստ­ներ» հռչա­կե­լով եւ, այդ «մե­ղադ­րանք»ով, պար­բե­րա­բար հա­լա­ծան­քի եւ հուսկ սի­պի­րեան աք­սո­րի են­թար­կե­լով Ար­ցա­խի այն բո­լոր գոր­ծիչ­նե­րը, ո­րոնք խորհր­դա­յին տա­րի­նե­րուն դոյզն հա­մար­ձա­կու­թիւ­նը ու­նե­ցան Ար­ցա­խի հայ­կա­կան դի­մագ­ծին եւ ազ­գա­յին ի­րա­ւունք­նե­րուն անձ­նա­զո­հա­բար տէր կանգ­նե­լու։
Ա­ւե­լի՛ն. ինչ­պէս ­Թաւ­րի­զէն ­Պալ­քան­ներ ան­ցած Նժ­դե­հի պա­րա­գա­յին, նոյն­պէս եւ ­Պարս­կաս­տա­նէն եր­բեք դուրս չե­կած ­Թե­ւա­նի նկատ­մամբ՝ խորհըր­դա­յին­նե­րը միշտ ու­նե­ցան «հա­շո­ւե­յար­դար» կա­տա­րե­լու պե­տա­կան ո­րո­շում…
Եւ Երկ­րորդ Աշ­խար­հա­մար­տին, երբ կարճ ժա­մա­նա­կով ­Կար­միր ­Բա­նա­կը կրցաւ ­Պարս­կաս­տան մտնել, խորհըր­դա­յին­նե­րը ի­րա­կա­նա­ցու­ցին այդ… ո­րո­շու­մը։
­Թաւ­րի­զի մէջ ձեր­բա­կա­լե­ցին եւ ­Պա­քու տա­նե­լով գնդա­կա­հա­րե­ցին ­Հատ­րու­թի (պատ­մա­կան ­Դի­զակ գա­ւա­ռի) հե­րո­սա­ծին այս զա­ւա­կը։
­Խորհր­դա­յին­նե­րը բնաւ չնե­րե­ցին Ար­ցա­խի քա­ջա­րի զա­ւակ ­Թե­ւան Ս­տե­փա­նեան ա­նու­նով ­Տում գիւ­ղի ծնունդ այս հե­րո­սին, որ Ապ­րիլ 1920ի վեր­ջե­րէն, երբ ատր­պէյ­ճան­ցիք մու­սա­ւա­թա­կան ի­րենց դէմ­քը փո­խա­րի­նե­ցին կար­միր-բա­նա­կա­յին­նե­րու հա­մազ­գես­տով, անխ­նայ պայ­քար յայ­տա­րա­րեց պոլ­շե­ւի­կեան դրօ­շի տակ Ար­ցա­խը բռնագ­րա­ւե­լու ե­լած թրքա­կան վտան­գին դէմ։
­Թե­ւան դար­ձաւ ա­հու­սար­սա­փը խորհր­դա­յին ­Չե­կա­յի ա­զե­րի թէ հայ ծա­ռա­յա­միտ­նե­րուն։ Իբ­րեւ այդ­պի­սին ալ հա­կա­խորհր­դա­յին պայ­քա­րի «խորհրդա­նիշ»ի վե­րա­ծո­ւե­ցաւ պոլ­շե­ւի­կեան քա­րոզ­չու­թեան կող­մէ։
­Նոյն­պէս ­Դի­զա­կի (­Հատ­րութ) զա­ւակ՝ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ­Գե­րա­գոյն ­Խոր­հուր­դի անդ­րա­նիկ նա­խա­գահ Ար­թուր Մկրտ­չեա­նը, 1980ա­կան­նե­րու վեր­ջե­րուն, անդ­րա­դառ­նա­լով ­Թե­ւան Ս­տե­փա­նեա­նի ան­ձին ու գոր­ծին, բա­նա­սի­րա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու մաս­նա­գէ­տի մը գնա­հա­տա­կա­նէն ա­ւե­լին կը կա­տա­րէր, երբ կը գրէր.-
«­Մեր ­Հայ­րե­նի­քի հա­մար ա­մե­նա­տա­րա­բախտ շրջա­փու­լի ժա­մա­նակ, երբ սպառ­ւում էին հա­յոց ան­կախ պե­տու­թեան գո­յու­թեան հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը, ­Գա­րե­գին Նժ­դե­հը ­Դի­զա­կում ի­րեն տե­ղա­պետ է կար­գում ­Թե­ւան Ս­տե­փա­նեա­նին։ ­Տու­մե­ցի հե­րո­սը դառ­նա­լու էր, այ­նու­հե­տեւ, ադր­բե­ջա­նա­կան չե­կիստ հրո­սակ­նե­րի հո­գէա­ռը, ­Դի­զա­կի հա­յու­թեան անձ­նա­զոհ պաշտ­պա­նը (ո­րա­կու­մը՝ ­Բագ­րատ Ու­լու­բա­բեա­նի): ­Թե­ւա­նի ա­նունն, ան­կաս­կած, փա­ռա­ւո­րե­լի է Ար­ցա­խի այն­պի­սի հե­րոս­նե­րի ա­նո­ւանց հետ, ինչ­պի­սիք են Ա­րամ ­Մա­նու­կեա­նը, ­Նի­կոլ ­Դու­մա­նը, ­Վա­նայ Իշ­խա­նը»։
­Թե­ւան Ս­տե­փա­նեա­նի ա­ռա­ջա­ցու­ցած եւ ղե­կա­վա­րած ապս­տամ­բու­թիւ­նը ինք­նագ­լուխ քայլ մը չէր։ ­Պատ­մա­բան­նե­րը կը վկա­յեն, որ «1919ի Օ­գոս­տո­սին կա­յա­ցած Ար­ցա­խա­հա­յու­թեան եօթ­նե­րորդ ­Հա­մա­գու­մա­րում ո­րո­շո­ւել էր, մին­չեւ ­Փա­րի­զի ­Հաշ­տու­թեան ­Վե­հա­ժո­ղո­վում Ար­ցա­խի հար­ցի վերջ­նա­կան լու­ծու­մը, ժա­մա­նա­կա­ւո­րա­պէս ըն­դու­նել Ադր­բե­ջա­նի իշ­խա­նու­թիւ­նը: Չ­նա­յած հա­մա­ձայ­նագ­րի 26 կէ­տե­րից մէ­կը ադր­բե­ջա­նա­կան զի­նու­ժին Ար­ցախ չմտնե­լու մա­սին էր, անգ­լիա­ցի­նե­րի կող­մից ­Ղա­րա­բա­ղի եւ ­Զան­գե­զու­րի գե­նե­րալ-նա­հան­գա­պետ նշա­նա­կո­ւած ­Սուլ­թա­նո­վը հրա­հան­գում է ռազ­մա­կա­լել Ար­ցախն ու պար­տադ­րել ադր­բե­ջա­նա­կան իշ­խա­նու­թիւ­նը:
Ար­ցախ­ցի­նե­րը, հաս­կա­նա­լով պա­հի օր­հա­սա­կան լի­նե­լը, պատ­րաստ­ւում են դի­մադ­րու­թեան։ «­Ռում­բը պայ­թում է» 1920ի ­Մար­տի 22ի ե­րե­կո­յեան՝ մահ­մե­դա­կան ­Նով­րուզ-­Բայ­րա­մի օ­րը։ ­Թէժ մար­տեր են ըն­թա­նում յատ­կա­պէս ­Վա­րան­դա­յում, Աս­կե­րա­նի ճա­կա­տում եւ ­Տու­մի-Խ­ծա­բեր­դի ու Մ­սուր­ման­լա­րի շրջա­նում։ Աս­կե­րա­նի բեր­դի կռիւ­նե­րը տե­ւում են 18 օր. մօտ 500 հա­յեր՝ 3500-4000 հո­գուց բաղ­կա­ցած կա­նո­նա­ւոր զօր­քի դէմ: ­Յաղ­թա­նա­կի դէպ­քում մե­րոնք կտրում էին Աղ­դամ-­Շու­շի խճու­ղին, շրջա­փա­կում մայ­րա­քա­ղա­քը (­Շու­շին) եւ հար­կադ­րում ադր­բե­ջա­նա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րին անձ­նա­տուր լի­նել. հա­կա­ռակ պա­րա­գա­յում կո­տո­րած­ներն ան­խու­սա­փե­լի էին»։
Ա­հա թէ ինչ­պէ՛ս, 97 տա­րի ա­ռաջ ալ, թա­թար-ա­զե­րի-թուր­քը սպա­ռեց վստա­հե­լիու­թեան իր պա­շա­րը, երբ Ար­ցա­խի հա­յու­թեան բա­րի-դրա­ցիա­կան տրա­մադ­րու­թեանց հա­կա­դար­ձեց Ար­ցա­խը հա­յու­թե­նէ պար­պե­լու — ի հար­կին ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճամ­բով — հա­կա­հայ քա­ղա­քա­կա­նու­թեամբ։
­Ժա­մա­նա­կը փաս­տօ­րէն ոչ մէկ բա­րե­փո­խում ա­ռա­ջա­ցու­ցած է ինչ­պէս թուրք, այն­պէս ալ թա­թար-ա­զե­րի պե­տա­կան գոր­ծիչ­նե­րու քա­ղա­քա­կան մտա­ծո­ղու­թեան՝ ազ­գայ­նա­մո­լու­թեան մէջ։
­Հա­մաթր­քա­կան բնոյթ ստա­նայ այդ ազ­գայ­նա­մո­լու­թիւ­նը, թէ հա­մա-օս­մա­նա­կան, փաս­տօ­րէն իր ցնո­րա­կան ծրա­գիր­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման հա­մար միշտ ալ խո­չըն­դոտ կը նկա­տէ ­Հա­յաս­տանն ու հա­յու­թիւ­նը։
Եւ այն­քան ա­տեն, որ թրքա­կան այդ ֆա­շա­կա­նու­թիւ­նը չէ յաղ­թա­հա­րո­ւած, ­Թե­ւան Ս­տե­փա­նեա­նի օ­րի­նա­կով հայ ժո­ղո­վուր­դի քա­ջա­րի ծնունդ­նե­րը միշտ պի­տի կանգ­նին ­Հա­յաս­տա­նի եւ հա­յու­թեան ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան եւ ա­զա­տագ­րու­թեան ա­ռա­ջին դիր­քե­րուն վրայ՝ ա­զա­տա­մար­տի­կի դրօ­շը միշտ բարձր պա­հե­լով։
­Թե­ւան­նե­րը կրնան ճա­կա­տա­մարտ­ներ կորսնց­նել, բայց յա­րա­տեւ կռո­ւի քրիս­տա­փո­րեան պատ­գա­մին ըն­դա­ռաջ՝ ա­նոնք ան­պայ­ման մշտար­ծարծ կը պա­հեն ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի ջա­հը, մին­չեւ ամ­բող­ջա­կան ա­զա­տագ­րու­մը մեր ժո­ղո­վուր­դին եւ ի­րա­կա­նա­ցու­մը ­Միա­ցեալ եւ Ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի։
­Թե­ւան Ս­տե­փա­նեա­նի յի­շա­տա­կին, վե­րան­կա­խա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ, պատ­րաս­տո­ւե­ցաւ, հրա­պա­րակ հա­նո­ւե­ցաւ եւ մեծ ժո­ղովր­դա­կա­նու­թիւն գտաւ ու գե­ղա­րո­ւես­տա­կան մրցա­նա­կի ար­ժա­նա­ցաւ վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէն մը՝ «­Թե­ւան. լե­գենդ եւ ի­րա­կա­նու­թիւն» ա­նո­ւան տակ։
Ար­ժէ­քա­ւոր այդ ժա­պա­ւէ­նը ի մի բե­րաւ ար­խի­ւա­յին նիւ­թե­րու եւ ժա­մա­նա­կա­կից­նե­րու վկա­յու­թեանց ու­շագ­րաւ ամ­բող­ջու­թիւն մը, ո­րոնց­մէ առ­նո­ւած է հան­րա­գի­տա­կան տե­ղե­կու­թեանց հե­տա­գայ հա­տո­ւա­ծը.
— 1921 թ. Ապ­րի­լի 18ին, ­Թե­ւա­նը 700 զի­նա­կից­նե­րի հետ կա­տա­ղի մար­տե­րով հաս­նում է սիւ­նե­ցի­նե­րի բա­ցած ­Զա­բու­ղի մի­ջանց­քը եւ անց­նում ­Լեռ­նա­հա­յաս­տան, ա­ւե­լի ուշ` ­Պարս­կաս­տան: ­Հե­տա­գա­յում մի քա­նի ան­գամ անց­նում է Ա­րաքսն ու կնոջն ու դստե­րը տա­նե­լու նպա­տա­կով հաս­նում Ար­ցախ, լի­նում հայ­րե­նի գիւ­ղում, Ս­տե­փա­նա­կեր­տում, ուր տե­ղա­փո­խո­ւել էր ըն­տա­նի­քը: ­Հա­րա­զատ­նե­րին ար­տեր­կիր փախց­նե­լու ծրա­գի­րը ձա­խող­ւում է, բայց մատ­նու­թեան, հրաձ­գու­թեան, հե­տապն­դում­նե­րի, մատ­նի­չին պատ­ժե­լու, սա­րե­րում թաք­նո­ւե­լու, ծա­ծուկ գոր­ծե­լու մա­սին մին­չեւ հի­մա էլ զա­նա­զան պատ­մու­թիւն­ներ կան Ար­ցա­խում, ո­րոնք սերնդէ սե­րունդ փո­խան­ցո­ւե­լով՝ ստա­ցել են մի տե­սակ ա­ռաս­պե­լա­կան ու հե­քիա­թա­յին բնոյթ:
«Ա­ռեղ­ծո­ւա­ծա­յին են նաեւ ­Թե­ւա­նի ձեր­բա­կա­լու­թեան ու մա­հո­ւան հետ կա­պո­ւած պատ­մու­թիւն­նե­րը: 1941ին Ադրբե­ջա­նի ­Կոմ­կու­սի ­Կենտ­կո­մի ա­ռա­ջին քար­տու­ղար ­Միր­ջա­ֆար ­Բա­ղի­րո­վը, Ի­րա­նում խորհր­դա­յին հե­տա­խու­զու­թեան աշ­խա­տա­կից Է­դո­ւարդ ­Մար­տի­րո­սո­վին յանձ­նա­րա­րում է գտնել ու ձեր­բա­կա­լել ­Թե­ւա­նին: Մ­տա­վա­խու­թիւն կար, որ նա կա­րող է վե­րա­դառ­նալ Ար­ցախ ու հա­կա­խորհր­դա­յին գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լել: ­Թե­ւանն այդ տա­րի­նե­րին մեր հա­րե­ւան երկ­րում ճա­նա­պար­հա­շի­նա­րար էր աշ­խա­տում` աշխ­ղեկ կամ նման մի բան: Եւ ա­հա ­Մար­տի­րո­սովն ու եւս մի քա­նի չե­կիստ, ընդ ո­րում մէ­կը` ղա­րա­բաղ­ցի, 1941ի ­Հոկ­տեմ­բե­րի 25ին, հա­մա­ձայն նա­խա­պէս մտա­ծո­ւած ծրագ­րի, մե­քե­նա­յով կանգ են առ­նում ­Թե­ւա­նի բրի­գա­դի մօտ, բա­ցում իբր խա­փա­նո­ւած մե­քե­նա­յի շար­ժի­չի խցի կա­փա­րի­չը (կա­պո­տը), եւ ար­ցախ­ցու ընդգ­ծո­ւած բար­բա­ռով բարձ­րա­ձայ­նում` ճա­նա­պար­հին մնա­լու, ան­յա­ջո­ղութեան, շար­ժի­չից գլուխ չհա­նե­լու մա­սին: ­Թե­ւա­նը, լսե­լով հայ­րե­նա­կից­նե­րի ձայ­նը, մօ­տե­նում է, յու­սադ­րում, փոր­ձում օգ­նել: Ու երբ կռա­նում է շար­ժիչն ու­սում­նա­սի­րե­լու, չե­կիստ «հայ­րե­նա­կից­նե­րը» ո­լո­րում են ձեռ­քե­րը, կա­պում, մտցնում մե­քե­նայ: Այս ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը, որ տեղ են գտել Հ­րանտ Աբ­րա­հա­մեա­նի «­Թե­ւան» գրքոյ­կում, գրող ­Շա­հէն Մկրտ­չեա­նին տաս­նա­մեակ­ներ անց պատ­մել է նոյն ­Մար­տի­րո­սո­վը: «­Շա­րու­նա­կու­թիւնն ա­ւե­լի հե­տաքր­քիր է: ­Ձեր­բա­կա­լո­ւա­ծին ­Բա­քու են բե­րում գնաց­քով ու եր­կու ժա­մը մէկ ստու­գում բեռ­նա­տար վա­գո­նի ու­ղե­ւո­րին: ­Հեր­թա­կան կան­գա­ռի ժա­մա­նակ բա­ցում են դուռն ու խցի­կը դա­տարկ տես­նում: ­Պարզ­ւում է, ոտ­քերն ու ձեռ­քե­րը կա­պո­ւած վի­ճա­կում ան­գամ, ­Թե­ւա­նը ել­քը գտել էր. ա­տամ­նե­րով պո­կել էր յա­տա­կի կի­սա­ջարդ տախ­տակ­ներն ու ի­րեն նե­տել գնաց­քից: ­Յետ դառ­նա­լով` նախ ա­րեան թարմ հետ­քեր են գտնում, ա­պա` գնաց­քի գծե­րից 25 մետր հե­ռու` ան­գի­տա­կից ­Թե­ւա­նին: Ի՞նչ է լի­նում յե­տոյ, մինչ օրս պարզ չէ: Ո­րոշ տո­ւեալ­նե­րով՝ նրան գնդա­կա­հա­րել են, ո­մանք պնդում են ­Սի­բիր աք­սո­րո­ւե­լու, միւս­նե­րը` իբր բոլ­շե­ւիկ­նե­րի կողմն անց­նե­լու եւ որ­պէս հե­տա­խոյզ աշ­խա­տե­լու, ու­րիշ­ներն էլ` դար­ձեալ փախ­չե­լու մա­սին:
­Տե­սա­կէտ կայ, որ ­Թե­ւա­նին առ­հա­սա­րակ չեն բռնել, եւ այս պատ­մու­թիւ­նը յօ­րի­նո­ւել է ի­րենց եր­բեմ­նի հրա­մա­նա­տա­րին սպա­սող թե­ւա­նիստ­նե­րի (այս­պէս էին Ար­ցա­խում կո­չում հա­կա­խորհր­դա­յին տար­րե­րին) յոյ­սե­րը մա­րե­լու հա­մար: ­Հա­յաս­տա­նում գտնո­ւող ար­խի­ւա­յին սա­կաւ փաս­տաթղ­թե­րում նշւում է միայն գնդա­կա­հա­րու­թեան մա­սին։
­Նոյն­պէս ար­խի­ւա­յին ար­ձա­նագ­րու­թեանց հա­մա­ձայն՝
«­Հե­րո­սի դա­տա­վա­րու­թիւ­նը տե­ղի է ու­նե­նում ­Բաք­ւում։ Գն­դա­պետ Է­դո­ւարդ ­Մար­տի­րո­սո­վը՝ ­Թե­ւա­նին ձեր­բա­կա­լող խմբի ղե­կա­վա­րը, գրում է, որ դա­տա­վա­րու­թեան վեր­ջին օ­րը, գնդա­կա­հա­րու­թիւ­նից ա­ռաջ, ­Թե­ւանն ա­րիւ­նո­տո­ւած պի­ջա­կի գրպա­նից հա­նե­լով մի փոք­րիկ քսակ՝ պար­զում է ի­րեն եւ ա­սում.- «Այս քսա­կի մէջ, ես պա­հում եմ մի բուռ հող, ո­րը վերց­րել եմ հայ­րե­նի Ար­ցա­խից: Այս բուռ հո­ղը իմ սրտի մէջ պա­հում եմ քսան տա­րուց ա­ւե­լի: Ես այս հո­ղի հա­մար եմ պայ­քա­րել, այս հո­ղը հա­յին պա­հե­լու հա­մար են ինձ հե­տապն­դել եւ օ­տա­րել իմ հայ­րե­նի Ար­ցա­խից: Այս հո­ղը, իբ­րեւ սրբու­թիւն, որ­պէս մեր քաջ նախ­նի­նե­րի ա­րեամբ ամ­րա­ցած, կրել եմ մարմ­նիս վրայ եւ ուժ ու ե­ռանդ ստա­ցել: Որ­տեղ էլ որ մեռ­նէի, իբ­րեւ պատ­գա­մի պի­տի խնդրէի այս մէկ բուռ հո­ղը շաղ տան գե­րեզ­մա­նիս վրայ: Խնդ­րում եմ կա­տա­րէք իմ այս պատ­գա­մը…»։