­­Կէս լուրջ — կէս կա­տակ

0
13

Ան­ցան մեր կեան­քի օ­րե­րը ջա­հել…

ՄԻՆՍԱՐ

— ­­Սա կռնակդ շի­տակ­ցո՛ւր, վեր­ջա­ւո­րու­թեան կուզ պի­տի մնաս: ­­Հան­դի­մա­նո­ղը տղաս է:
­­Կը ջա­նամ կրցա­ծիս չափ կռնակս շի­տակց­նել:
­­Գի­տեմ, որ ա­ւե­լի վերջ ինք­նա­բե­րա­բար դա՛ր­ձեալ կուզ պի­տի ըլ­լայ:
— ­­Հայ­րիկ, քիչ մը ա­րագ քա­լէ, հան­րա­կառ­քը պի­տի կորսնց­նենք:
Այս ան­գամ հան­դի­մա­նո­ղը աղ­ջիկս է:
­­Կը ջա­նամ ոտ­քե­րուս ուժ տալ, որ մէկ ա­ւե­լի ա­րագ շար­ժին:
Ա­պար­դիւն… ան­պի­տան­նե­րուն ի­նա­դը բռնած է եւ ի­րենց գիտ­ցա­ծէն վազ չեն անց­նիր:
­­Սա­կայն… մի՞­թէ ի­րենց ը­րա­ծը ո՛չ թէ յա­մա­ռու­թիւն, այլ՝ բո­լո՛­րո­վին տար­բե՞ր բան մըն է…:
­­Մի՞­թէ այս կռնա­կիս քիչ մը կո­րու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ ոտ­քե­րուս դան­դա­ղու­թիւ­նը, հե­տե­ւանք են… ի­րենց վրայ կռող քա­նի մը տաս­նեակ տա­րի­նե­րուն ծան­րու­թեան…:
­­Հի­մա այս մէ­կը ինչ­պէ՞ս բա­ցատ­րեմ զա­ւակ­նե­րուս…:
­­Կը տես­նէք ի­րենք տա­կա­ւին այն­քա՜ն ե­րի­տա­սարդ են…:
­­Կը նա­խընտ­րեմ չպա­տաս­խա­նել ու կը լռեմ…:

* * *

­­Չեմ գի­տեր ո՞վ է այդ «գի­տու­նը» որ ը­սեր է, թէ…
«­­Մար­դու մը տա­րի­քը կա­րե­ւո­րու­թիւն չու­նի»…:
«­­Տա­րի­նե­րը պա՜րզ թո­ւան­շան­ներ են»…:
«­­Կա­րե­ւո­րը ե­րի­տա­սարդ զգալն է»…:
«Ե­թէ հո­գիդ ե­րի­տա­սարդ է, ու­րեմն մար­մինդ ալ ե­րի­տա­սարդ է»…:
­­Հա­մա­ձայն յա­գե­լի գի­տուն, սա­կայն՝ կրնա՞մ ձե­զի հար­ցում մը ը­նել…
­­Դուք եր­բե՛ք փոր­ձա՞ծ էք ձեր ա­լե­ւոր ոտ­քե­րուն փո­խա­րէն, հան­րա­կառ­քին հաս­նիլ ձեր ե­րի­տա­սարդ հո­գիով…:
­­Մեղքս ի՞նչ պա­հեմ, շի­տա­կը ես քա­նի ան­գամ ալ, որ փոր­ձած եմ, դրա­կան ար­դիւն­քի մը չե՛մ կրցած հաս­նիլ…:
­­Հո­գիս թէեւ յա­ջո­ղած է հան­րա­կառք բարձ­րա­նալ, բայց  դժբախ­տա­բար… մնա­ցեալ բո­լո՛ր մար­մինս կա­յան մնա­ցած է, սպա­սե­լով… յա­ջորդ հան­րա­կառ­քին…:
­­Չեմ գի­տեր թէ ձեր ա­մէն մէ­կուն պա­րա­գա­յին ի՞նչ կրնայ պա­տա­հած ըլ­լալ, սա­կայն ես այ­լեւս իմ «մեծ­ցած» ըլ­լալս հասկ­ցայ, երբ կէ­սօր մը հան­րա­կառ­քին մէջ կանգ­նած, Ա­թէն­քէն տուն կը վե­րա­դառ­նա­յի:
— Խնդ­րեմ պա­պիկ, նստե­ցէք…:
­­Կա­րե­ւո­րու­թիւն չտո­ւի, ո­րով­հե­տեւ մտքէս ան­գամ չան­ցու­ցի, որ այդ «հրա­ւէ­րը» կրնար ին­ծի ուղ­ղո­ւած ըլ­լալ:
— ­­Ձե­զի կ­­՚ը­սեմ պա­պիկ, խնդրեմ տեղս նստե­ցէք, — ը­սաւ դար­ձեալ այդ ան­ծա­նօթ ձայ­նը, սա­կայն այս ան­գամ, թե­թեւ  մը ու­սիս ալ դպնա­լով:
­­Դար­ձայ եւ տե­սայ բա­ւա­կան հա­մակ­րե­լի ե­րի­տա­սարդ մը, որ ե­տեւս կանգ­նած՝ իր նստա­րա­նը ին­ծի կը հրամց­նէր…:
Լ­ման աշ­խարհս փլաւ… ու­րեմն «պա­պի­կը» ե՞ս էի… այ­սինքն ես իր աչ­քե­րուն պա­պի՞կ կ­­՚ե­րե­ւէի…: Ամ­բող­ջո­վին բո­ղո­քե­ցի… սա­կայն մէ­ջէս: ­­Բայց ես տա­կա­ւին ե­րի­տա­սա՛րդ եմ սի­րե­լիս… չե՞ս տես­ներ… ե­րի­տա­սա՛րդ եմ…: Ա­ւե­լի ճիշդ… տա­կա­ւին ես ին­ծի… հո­գիով ե­րի­տա­սա՛րդ կը զգամ…: Ի­րեն չվի­րա­ւո­րե­լու հա­մար, շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­ցի եւ իր տե­ղը նստայ…:
­­Մին­չեւ տուն վե­րա­դառ­նալս, հա­զա­րու­մէկ տե­սակ «սեւ» մտա­ծում­ներ ան­ցան մտքէս…:
Սկ­սայ մտա­բե­րել ան­ցեա­լի տա­րի­ներս… երբ ո՛չ միայն  հո­գո­ւով, այլ՝ ա­մէ­նէ՛ն կա­րե­ւո­րը… ե­րի­տա­սարդ էի նա­­՛եւ մարմ­նով…:
Մ­տա­ծե­ցի ան­ցած եւ… գա­լի՞ք… տա­րի­նե­րուս մա­սին…:
­­Շի­տա­կը մեզ­մէ ո՞վ գի­տէ, թէ երբ պի­տի վեր­ջա­նան մեր «գա­լիք» տա­րի­նե­րը…:
Ան­ցեալ­ներս՝ պար­բե­րա­թեր­թի մը մէջ կար­դա­ցի, որ մենք՝ մար­դիկս, աշ­խար­հի ա­մէ­նէ՛ն դժբախտ ա­րա­րած­ներն ենք ե­ղեր, ան ալ՝ ո­րով­հե­տեւ միայն մե՛նք գի­տենք, որ օ­րին մէ­կը… այ­լեւս «գա­լիք» տա­րի­ներ պի­տի չու­նե­նանք…:
Ու­զենք թէ չու­զենք, կեան­քի օ­րէն­քը այս է…:
Կ­­՚ը­սենք, որ՝ «­­Խօս­քը ա­ռանց գոր­ծի մե­ռեալ է»…:
­­Կար­ծեմ թէ այս պա­րա­գա­յին պէտք է ը­սենք՝
«­­Ջա­հել հո­գին ա­ռանց ջա­հել մարմ­նին մե­ռեալ է»…:

minsar55@gmail.com