­Հա­յաս­տա­նի եւ Ս­փիւռ­քի տա­րած­քին, հայ ժո­ղո­վուր­դը տա­րին կը բո­լո­րէ կանգ­նած ըլ­լա­լով պատ­մա­կա­նօ­րէն վճռո­րոշ հանգ­րո­ւա­նի մը առ­ջեւ։ ­Ճա­կա­տագ­րա­կան խաչ­մե­րուկ մըն է, ուր այ­լեւս սխալ ընտ­րանք­նե­րը կրնան վե­րա­ծո­ւիլ նոր ու ան­դառ­նա­լի ձա­խոր­դու­թիւն­նե­րու, իսկ քա­ղա­քա­կան կար­ճա­տե­սու­թիւ­նը՝ ազ­գա­յին գո­յու­թեան հի­մե­րու փլուզ­ման պատ­ճա­ռի։ ­Հա­կա­ռակ իշ­խա­նա­ւոր խա­ւի յա­ճա­խա­կի սին հա­ւաս­տիա­ցում­նե­րուն եւ ար­հես­տա­կան լա­ւա­տե­սու­թեան հա­մա­տա­րած քա­րոզ­չու­թեան, ի­րա­կա­նու­թիւ­նը ան­հեր­քե­լիօ­րէն կը մատ­նան­շէ ­Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան, անվ­տան­գա­յին եւ ըն­կե­րա­յին նա­հան­ջը՝ տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին մե­ծա­պե­տա­կան խա­ղե­րուն մէջ ան­զօր ու երկ­րոր­դա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թեամբ։
Այ­սօ­րո­ւան ­Հա­յաս­տա­նը՝ ար­տա­քին ճնշում­նե­րու եւ ներ­քին քայ­քայ­ման խա­չա­ձեւ ազ­դե­ցու­թեան տակ, ստի­պո­ւած է յա­ճախ պատ­շա­ճիլ այլ ու­ժե­րու ճշդած կա­նոն­նե­րուն։ ­Պե­տա­կան ինք­նիշ­խա­նու­թեան հաս­կա­ցու­թիւ­նը օր ըստ օ­րէ կը նօս­րա­նայ, երբ ար­տա­քին պա­հանջ­նե­րը կը պար­տադ­րո­ւին որ­պէս «խա­ղա­ղու­թեան» ան­խու­սա­փե­լի գին, իսկ զի­ջում­նե­րը կը ներ­կա­յա­ցո­ւին իբ­րեւ «ի­րա­տե­սա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն»։
Ար­ցա­խի կո­րուս­տէն, ­Հա­յաս­տա­նի ինք­նիշ­խան տա­րածք­նե­րու ա­պօ­րի­նի գրա­ւու­մէն, ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վա­րու­թեան բռնի դա­տե­րէն ետք, Ատրպէյ­ճա­նի ա­ռա­ւել ուռ­ճա­ցող վտան­գա­ւոր պա­հանջ­նե­րուն դի­մաց յա­ջոր­դա­կան ընկր­կում­նե­րը անվ­տան­գա­յին եւ բա­րո­յա­հո­գե­բա­նա­կան ծանր հա­րո­ւած կը հասց­նեն հայ հա­սա­րա­կու­թեան, խա­թա­րե­լով ազ­գա­յին ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թեան զգա­ցու­մը։
­Ներ­քին կեան­քին մէջ եւս ի­րա­վի­ճա­կը ա­ւե­լի քան մտա­հո­գիչ է։ ­Քա­ղա­քա­կան հա­սու­նու­թեան բարձր մա­կար­դակ նուա­ճե­լու փո­խա­րէն, ­Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան կեան­քը կը դրսե­ւո­րէ հա­կա­ռակ ըն­թացք մը։ Իշ­խա­նա­ւոր­նե­րու հետզ­հե­տէ կարծ­րա­տիպ ու մե­նա­տի­րա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը կը սահ­մա­նա­փա­կէ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան դաշ­տը, կը ճնշէ այ­լա­կար­ծու­թիւ­նը եւ կը խո­րաց­նէ հա­սա­րա­կա­կան բե­ւե­ռա­ցու­մը։ Ընդ­դի­մա­դիր ձայ­նե­րու հա­լա­ծան­քը, քա­ղա­քա­կան հե­տապն­դում­նե­րու ու ընտ­րո­վի ար­դա­րա­դա­տու­թեան կի­րար­կու­մը կը վկա­յեն իշ­խա­նու­թեան դիր­քե­րը ամ­րապն­դե­լու մո­լուց­քա­յին ջան­քե­րուն մա­սին, նոյ­նիսկ ազ­գա­յին միաս­նա­կա­նու­թեան գի­նով։
Ա­ռա­ւել մտա­հո­գիչ են հայ ե­կե­ղեց­ւոյ նկատ­մամբ որ­դեգ­րո­ւած ան­զի­ջող ու պա­ռակ­տիչ քայ­լե­րը։
­Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան ե­կե­ղե­ցին դա­րեր շա­րու­նակ ե­ղած է ազ­գա­յին ինք­նու­թեան հիմ­նա­սիւ­նե­րէն մէ­կը եւ ա­նոր դէմ ուղ­ղո­ւած քա­ղա­քա­կան մի­ջամ­տու­թիւն­նե­րը կը վտան­գեն ե­կե­ղե­ցա­կան ինք­նա­վա­րու­թիւ­նը, բայց նաեւ ազ­գա­յին հա­մե­րաշ­խու­թիւ­նը։ ­Վեր­ջին ութ տա­րի­նե­րուն, բա­ցա­յայտ դար­ձած է իշ­խա­նու­թեան ան­կա­րո­ղու­թիւ­նը, որ տե­ւա­բար կը ձա­խո­ղի հա­մախմ­բել ազ­գա­յին բո­լոր ու­ժե­րը՝ հա­մընդ­հա­նուր սպառ­նա­լիք­նե­րուն դէմ։
­Ներ­կայ պայ­ման­նե­րուն տակ, 2026-ի ըն­թաց­քին ­Հա­յաս­տան պի­տի ուղ­ղո­ւի դէ­պի խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­ներ՝ ծայր աս­տի­ճան ան­հաշտ քա­ղա­քա­կան մթնո­լոր­տի մէջ։ ­Մէկ կող­մէն՝ ա­կա­նա­տես կը դառ­նանք իշ­խա­նա­ւոր խում­բի մե­նա­տի­րա­կան կե­ցո­ւած­քին ու վար­չա­կան լծակ­նե­րու գե­րիշ­խող օգ­տա­գործ­ման, իսկ միւս կող­մէն՝ ընդ­դի­մու­թեան մաս­նատ­ման ու միաս­նա­կան յայ­տա­րա­րի մը շուրջ հա­մախմ­բո­ւե­լու ան­կա­րո­ղու­թեան։ ­Ներ­կայ ի­րա­վի­ճա­կը խոր ճգնա­ժա­մի ար­տա­յայ­տու­թիւն է, ուր քա­ղա­քա­կան ա­պա­ռողջ հա­կա­մար­տու­թիւ­նը հա­յու­թեան մէջ կը ստեղ­ծէ հա­սա­րա­կա­կան անվս­տա­հու­թիւն եւ յու­սա­հա­տու­թիւն։
Ան­դին, Ս­փիւռ­քը եւս կը դի­մագ­րա­ւէ իր ինք­նու­թեան լուրջ ճգնա­ժա­մը։ ­Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ան կը գտնո­ւի շո­ւար եւ ու­ղե­կո­րոյս վի­ճա­կի մէջ՝ կորսն­ցու­ցած ըլ­լա­լով իր ազ­գա­յին դի­մա­գի­ծը, ռազ­մա­վա­րա­կան ու­ղե­ցոյ­ցը եւ ինք­նա­պահ­պան­ման յստակ տես­լա­կա­նը։ ­Հայ­րե­նի­քի մէջ ստեղ­ծո­ւած ա­նո­րո­շու­թիւ­նը, քա­ղա­քա­կան խառ­նաշ­փո­թը եւ ազ­գա­յին գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թեան թու­լա­ցու­մը ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն կը փո­խան­ցո­ւին Ս­փիւռ­քին, որ փո­խա­նակ ըլ­լա­լու հա­ւա­սա­րակշ­ռող եւ ուղ­ղոր­դող ուժ, հետզ­հե­տէ ա­ւե­լի կը սու­զո­ւի հե­տե­ւորդ ու ար­ձա­գան­գող մնա­լու յոր­ձա­նու­տին մէջ ։
Ս­փիւռ­քի կա­ռոյց­նե­րու մեծ մա­սը այ­սօր կը տա­ռա­պի հնա­ցած ու ինք­նամ­փոփ մտա­ծո­ղու­թե­նէ, ներ­քին մրցակ­ցու­թիւն­նե­րէ եւ հա­մա­հայ­կա­կան օ­րա­կար­գի բա­ցա­կա­յու­թե­նէ։
Ազ­գա­յին պա­հան­ջա­տի­րու­թեան, լե­զո­ւամ­շա­կու­թա­յին ինք­նա­պահ­պան­ման եւ քա­ղա­քա­կան ազ­դե­ցու­թեան ռազ­մա­վա­րու­թիւն­նե­րը կը մնան յայ­տա­րա­րա­կան մա­կար­դա­կի վրայ, ա­ռանց նոր ի­րո­ղու­թիւն­նե­րու վե­րար­ժե­ւո­րու­մին։
Այս բո­լո­րի լոյ­սին տակ, բո­վան­դակ հա­յու­թեան ի­րա­վի­ճա­կը կը պա­հան­ջէ խոր­քա­յին վեր­լու­ծու­թիւն, ան­կեղծ ինք­նաքն­նա­դա­տու­թիւն եւ վե­րա­թար­մա­ցած մտա­ծո­ղու­թիւն։
Ա­ռանց ազ­գա­յին միաս­նա­կա­նու­թեան, քա­ղա­քա­կան հա­սու­նու­թեան եւ ար­ժե­հա­մա­կար­գա­յին վե­րա­կա­ռուց­ման, ­Հա­յաս­տա­նը եւ Ս­փիւռ­քը պի­տի շա­րու­նա­կեն մնալ «ա­ռանց եր­գի նա­հան­ջին մէջ»։
­Ճա­կա­տագ­րա­կան խաչ­մե­րու­կը տա­կա­ւին կը պա­հէ վե­րա­նո­րոգ­ման հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը, բայց ժա­մա­նա­կը ա­նո­ղոք է։ ­Պար­տադ­րո­ւած ար­հես­տա­ծին լա­ւա­տե­սու­թեան փո­խա­րէն, ազ­գա­յին գո­յու­թիւ­նը կը պա­հան­ջէ հա­մար­ձակ ճշմար­տու­թիւն եւ պա­տաս­խա­նա­տու գոր­ծե­լա­կերպ։
­Նոր տա­րո­ւան շե­մին, մեր ժո­ղո­վուր­դին առ­ջեւ պար­տադ­րո­ւած յո­րե­տես պատ­կե­րին դի­մաց, հա­յու­թիւ­նը այ­լեւս ի­րա­ւունք չու­նի մնա­լու պա­ռակ­տո­ւած, շո­ւա­րած ու ա­նո­րոշ։
­Պա­հը կը պար­տադ­րէ միաս­նա­կան ազ­գա­յին զօ­րա­շարժ՝ որ հիմ­նո­ւած պի­տի չըլ­լայ ան­ցեա­լի զգա­ցա­կան ըմբռնում­նե­րուն, այլ ա­պա­գան կեր­տե­լու եւ հա­յու­թիւ­նը միա­ւո­րե­լու հա­մա­հայ­կա­կան տես­լա­կա­նին վրայ։ ­Հա­յա­հա­ւա­քի հրա­ւէ­րը ուղ­ղո­ւած պէտք է ըլ­լայ ամ­բողջ հա­յու­թեան՝ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ եւ Ս­փիւռ­քի տա­րած­քին, քա­ղա­քա­կան բո­լոր ա­ռողջ ու­ժե­րուն, մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան, ե­րի­տա­սար­դու­թեան եւ ազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րուն՝ վե­րա­նո­րո­գո­ւած մտա­ծո­ղու­թեամբ ու պա­տաս­խա­նա­տու դե­րա­կա­տա­րու­թեամբ միաս­նա­նա­լու նա­խա­ձեռ­նու­թեան ո­գիով։
­Հա­յու­թեան ի­րա­վի­ճա­կը հրա­մա­յա­կան փո­փո­խու­թեան կա­րի­քը ու­նի, աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան նոր ի­րո­ղու­թիւն­նե­րու խոր ըմբռ­նում­նե­րուն եւ սե­փա­կան օ­րա­կար­գը ձե­ւա­ւո­րե­լու վճռա­կա­մու­թեամբ։ ­Հա­յաս­տանն ու հա­յու­թիւ­նը պար­տին հե­տապն­դել ի­րենց ար­ժա­նա­պա­տիւ ու հզօր դե­րը ստեղ­ծե­լու ու­ղին՝ իբ­րեւ ինք­նու­րոյն գոր­ծօն, թօ­թա­փե­լով օ­տար ծրա­գիր­նե­րու կա­մա­կա­տա­րի պար­տադ­րուած պատ­մու­ճա­նը։
­Նոր տա­րին թող դառ­նայ ազ­գա­յին սթա­փու­մի սկիզբ, ուր հա­մախմ­բո­ւած կամ­քը պի­տի վե­րա­ծո­ւի ապ­րու­մի, եւ հա­ւատ­քը՝ ի­րա­կան փո­փո­խու­թեան։

«Եր­նէ՜կ, թէ այս ­Նոր տա­րին,
ոտ­քի կանգ­ներ ­Հա­յաս­տան»

Շ­նոր­հա­ւոր Ա­մա­նոր, հա­յու լու­սա­պայ­ծառ տե­սիլ­քին սպա­սու­մով։