ԽՕՍՔ ԾՆՆԴԵԱՆ

0
64

­Լոյս փայ­լե­ցաւ խա­ւա­րին մէջ
«­Կեան­քը մար­դոց հա­մար լոյսն է`
որ խա­ւա­րին մէջ կը փայ­լի» (­Յով. 1:5)

­Հո­գե­ւոր ցնծու­թեամբ եւ ­Տի­րոջ յաղ­թա­կան ծննդեան ա­ւե­տի­սով ա­մո­քո­ւած, կ­՚ող­ջու­նենք ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի մեր հա­մակ ժո­ղո­վուր­դը։ ­Մեր շնոր­հա­ւո­րա­կան ող­ջոյն­նե­րը կ­՚ու­ղենք նաեւ ­Թե­միս հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սուն, Ազ­գա­յին վար­չու­թեան եւ ե­րես­փո­խան­նե­րուն, ­Թա­ղա­յին խոր­հուրդ­նե­րուն եւ հո­գա­բար­ձու­թեանց, ­Տիկ­նանց մարմ­նոյ ան­դամ­նե­րուն, Ե­կե­ղեց­ւոյ սպա­սա­ւոր­նե­րուն եւ բո­լոր քոյր միու­թիւն­նե­րուն եւ ան­դամ­նե­րուն։
­Յով­հան­նէս ա­ւե­տա­րա­նիչ, իր նա­խա­բա­նին մէջ, Ք­րիս­տո­սի ծննդեան խոր­հուր­դին կ­՚անդ­րա­դառ­նայ տիե­զե­րա­կան եւ աս­տո­ւա­ծա­բա­նա­կան լայն հո­րի­զոն­նե­րուն տա­նող ճշմար­տու­թեամբ։ Աս­տո­ւա­ծոր­դիին ծնուն­դը սոսկ պատ­մա­կան դէպք չէր, այլ Աս­տու­ծոյ վճռա­կան մի­ջամ­տու­թիւ­նը մարդ­կա­յին ի­րա­կա­նու­թեան։ ­Լոյ­սի եւ խա­ւա­րի հա­կա­մար­տու­թիւ­նը, ­Յով­հան­նէ­սի վկա­յու­թեամբ, կը նկա­րագ­րէ Աս­տո­ւա­ծա­յին յայտ­նու­թեան եւ աշ­խար­հի անկ­ման հան­դի­պու­մը։ Ար­դա­րեւ, ­Սուրբ Ծ­նուն­դը ոչ միայն կը հռչա­կէր ­Լոյ­սին ներ­կա­յու­թիւ­նը, այ­լեւ ա­նոր մշտնջե­նա­կան յաղ­թա­նա­կը։ Այս ա­ռու­մով ­Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի ծննդեան պատ­գա­մին մէջ կը դի­տար­կենք ե­րեք ճշմար­տու­թիւն­ներ։

Ա. ­Լոյ­սին մար­դե­ղու­թիւ­նը աշ­խար­հի խա­ւա­րին մէջ

Ա­ւե­տա­րա­նը չի մեր­ժեր խա­ւա­րին գո­յու­թիւ­նը, ընդ­հա­կա­ռա­կը, կը վկա­յէ լոյ­սին յայտ­նու­թիւ­նը խա­ւա­րին մէջ։
­Խա­ւա­րին հիմ­նա­կան գո­յու­թիւ­նը ­Լոյ­սին բա­ցա­կա­յու­թիւնն էր։ Առ այդ, խա­ւա­րը կը ներ­կա­յաց­նէր մեղք, վախ, օ­տա­րա­ցում Աս­տու­ծոյ ներ­կա­յու­թե­նէն եւ յու­սա­հա­տու­թիւն։ ­Հե­տե­ւա­բար Ք­րիս­տոս իր մար­դե­ղաց­մամբ նախ զգաց խա­ւա­րը եւ իր լոյ­սով նոր սկիզբ դրաւ մարդ­կա­յին կեան­քին։
Մա­նուկ ­Յի­սուս խա­ւա­րին մէջ ծնե­լով, կը հաս­տա­տէր Աս­տու­ծոյ անմ­նա­ցորդ սէ­րը մար­դուն հան­դէպ։ Աս­տո­ւած հե­ռու չմնաց մար­դու ցա­ւէն եւ խա­ւա­րէն, Ան մարմ­նա­ցաւ ա­նար­դա­րու­թեան եւ չար­չա­րան­քի, վա­խի եւ յու­սա­հա­տու­թեան աշ­խար­հին մէջ։ Արդ, ­Սուրբ Ծ­նուն­դի լոյ­սը փայ­լե­ցաւ մար­դուն մէջ, լու­սա­ւո­րե­լով մար­դուն նե­րաշ­խար­հը, թէ՛ միտ­քը եւ թէ՛ հո­գին։

Բ. Աս­տո­ւա­ծա­յին լոյ­սի ան­շէջ էու­թիւ­նը

Աս­տո­ւած մար­դա­ցաւ իր լոյ­սը տա­լով մար­դուն։ Այ­սօր եւս խա­ւա­րը կը շա­րու­նա­կէ պայ­քա­րիլ, սա­կայն ան­կա­րող կը դառ­նայ մա­րել այն լոյ­սը, որ Ք­րիս­տոս իր ծնուն­դով դրոշ­մեց մեր ան­ձե­րուն մէջ։ ­Պատ­մա­կա­նօ­րէն կը տես­նենք, թէ հա­լա­ծան­քի, չար­չա­րան­քի, խա­չե­լու­թեան եւ նոյ­նիսկ մա­հո­ւան ժա­մա­նակ Ք­րիս­տո­սի լոյ­սը չնո­ւա­ղե­ցաւ, այլ ­Սուրբ ­Յա­րու­թեամբ ա­ռա­ւել պայ­ծա­ռա­ցաւ։
Այ­սօր տօն է ոչ թէ սոսկ ծնուն­դի մը կամ տա­րե­դար­ձի մը յի­շա­տա­կու­թեան, այլ այն ­Լոյ­սի ծննդեան, որ կը ճա­ռա­գայ­թէ ժայ­ռա­փոր գե­րեզ­մա­նէն։ ­Հե­տե­ւա­բար, մա­նուկ ­Յի­սու­սի ծնուն­դը մե­զի կը փո­խան­ցէ, յաղ­թա­նա­կի, յոյ­սի եւ ճշմար­տու­թեան լոյ­սը, որ ան­շէջ է եւ յա­ւի­տե­նա­կան։

Գ. ­Լոյ­սի ա­ռա­քեալ­ներ

Մա­նուկ ­Յի­սու­սի լոյ­սը իր հետ կը բե­րէ նաեւ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն։ Աս­տու­ծոյ լոյ­սը ստա­նա­լով, չենք կրնար զայն թաքց­նել։ ­Բո­լորս կը հրա­ւի­րո­ւինք վկա­յել այդ լոյ­սի մա­սին եւ ապ­րիլ ա­նով։ ­Յով­հան­նէս մե­զի կը յի­շեց­նէ թէ, «Աս­տո­ւած լոյս է, բնաւ խա­ւար չկայ ա­նոր մէջ։ Արդ, ե­թէ ը­սենք՝ «­Հա­ղոր­դա­կից ենք ի­րեն», եւ միւս կող­մէ շա­րու­նա­կենք խա­ւա­րի մէջ ապ­րիլ, կը ստենք ա­հա եւ ճշմար­տու­թիւ­նը չենք գոր­ծադ­րեր»։ ­Հե­տե­ւա­բար, ինչ­պէս հա­ւատ­քը այն­պէս ալ Ք­րիս­տո­սի լոյ­սը սոսկ գա­ղա­փար չէ, այլ ապ­րող, նո­րո­գող եւ վկա­յող ի­րա­կա­նու­թիւն։
Ե­կե­ղե­ցին, ո­րուն ան­դամ­ներն ենք բո­լորս, հրա­ւի­րո­ւած է վկա­յել ­Լոյ­սը եւ ա­նոր ա­ռա­քեա­լը դառ­նալ։ Ար­դա­րու­թիւ­նը, նե­րո­ղամ­տու­թիւ­նը, սէ­րը պար­զա­պէս բա­րո­յա­կան սկզբունք­ներ չեն, այլ ­Սուրբ Ծնն­դեան լոյ­սը մարմ­նա­ւո­րող ճշմար­տու­թիւն­ներ։ ­Հե­տե­ւա­բար, որ­պէս ­Լոյ­սի ա­ռա­քեալ­ներ, իւ­րա­քան­չիւրս Ծննդեան լոյ­սե­րով զար­դա­րենք ոչ միայն ար­տա­քին աշ­խար­հը, այ­լեւ մեր նե­րաշ­խար­հը, վկա­յե­լով Ծնն­դեան ա­ւե­տի­սը։

Սի­րե­լի հա­ւա­տա­ցեալ,
Ծնն­դեան ­Լոյ­սը յոյ­սի լոյսն է, որ «եր­բեք ա­մօ­թով չի ձգեր» (Հռ. 5:5): ­Մեր ա­ռօ­րեայ կեան­քին մէջ Ք­րիս­տո­սի լոյ­սը ոչ միայն խա­ւա­րի մէջ կը լու­սա­ւո­րէ այ­լեւ մեր յոյ­սը կ­՚ամ­րապն­դէ։
Այ­սօր, աշ­խար­հի մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն եւ ա­նո­րո­շու­թիւն­նե­րուն դի­մաց, բո­լորս կը դի­մագ­րա­ւենք մտա­հո­գու­թիւն­ներ, թէ՛ հա­ւատ­քի եւ թէ՛ ազ­գա­յին կեան­քին ուղ­ղո­ւած։ ­Սուրբ Ծ­նուն­դը գե­ղե­ցիկ ա­ռիթ է մեր մէջ գտնել մա­նուկ ­Յի­սու­սի լոյ­սը, որ կը լու­սա­ւո­րէ մեր միտ­քը եւ հո­գին։ ­Համ­բե­րու­թեամբ, յոյ­սով եւ Ք­րիս­տո­սի լոյ­սը ու­նե­նա­լով մեր մէջ, վստահ եմ խա­ւա­րը կը փա­րա­տի, եւ Աս­տո­ւած իր լոյ­սով կ­՚ա­ռաջ­նոր­դէ մեր ժո­ղո­վուր­դը դէ­պի լու­սա­ւոր ա­պա­գայ։
Կ­՚ա­ղօ­թենք, որ մա­նուկ ­Յի­սուս իր լոյ­սով օրհ­նէ եւ լու­սա­ւո­րէ ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի մեր հա­ւա­տա­ւոր ժո­ղո­վուր­դը, որ­պէս­զի ար­ժե­ւո­րենք մեր հա­ւատ­քը, զօ­րա­նանք միաս­նա­կա­նու­թեամբ, պահ­պա­նենք մեր ինք­նու­թիւ­նը, եւ լու­սա­ւոր միտ­քով ու հե­ռա­տե­սու­թեամբ կազ­մա­ւո­րենք ա­պա­գան։
Շ­նոր­հա­ւոր Ա­մա­նոր եւ ­Սուրբ Ծ­նունդ։
Ք­րիս­տոս Ծ­նաւ եւ ­Յայտ­նե­ցաւ։

ՍԱՀԱԿ ԵՊՍ. ԵՄԻՇԵԱՆ
Ա­ռաջ­նորդ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց թե­մի