Հ.Կ.Խ.-ի «Զաւարեան» ազգային վարժարանի «Հայաստան Ուշագլեան»
մանկապարտէզի մասնակցութիւնը եւ պարգեւատրումը Համահելլենական
մրցոյթին
ԱՆԻ ԱԲԻԿԵԱՆ*
Հաշմանդամ անձերու ընկերային ներառութիւնը յատուկ նշանակութիւն ունի համերաշխ եւ պատասխանատու հասարակութեան մը համար: Ցուցաբերած հոգածութիւնն եւ ուշադրութիւնը ամենազգայուն անդամներուն նկատմամբ, կը դրսեւորէ մարդասիրութիւնն ու ընկերային զգայունութիւնը, որոնք կենսունակ ու ներդաշնակ միջավայր մը կրնան ստեղծել:
Կրթութիւնը առաջին դաշտն է, ուր այս սկզբունքը կը դառնայ կենդանի իրականութիւն։ Դպրոցը միայն ուսուցման վայր չէ, այլ մեր արժէքներուն հայելին է, ուր կը ներշնչէ մարդկային բարձր արժէքները եւ կը կերտուի մարդուն նկարագիրը։
Երեխան իր առաջին տարիներուն կը սորվի ընկերակցիլ, լսել, ընդունիլ եւ յարգել:
Միաժամանակ, այս ընթացքին՝ կը դրուին համակրանքի, ընկերասիրութեան եւ հասարակական պատասխանատւութեան հիմքերը։
Հաշմանդամութեան Միջազգային օրը, որ կը նշուի 3 Դեկտեբերին, ոչ միայն տօնական յիշեցում է, այլ նաեւ իրական մանկավարժական առիթ՝ մտածելու, գիտակցելու եւ գործելու համար։
Այս արժէքներու եւ պատասխանատուութեան շրջանակին մէջ, Հ.Կ.Խ.-ի «Զաւարեան» ազգային վարժարանի «Հայաստան Ուշագլեան» մանկապարտէզը մասնակցեցաւ «Ինչ որ մեզի կը միացնէ…պուրակ կը տանի» խորագիրով մրցոյթին, որ կազմակերպուած էր Քսանթիի յատուկ դպրոցին կողմէ (Ε.Ε.Ε.ΕΚ. ΓΕΝΙΣΕΑΣ Ξάνθης)։
Նախաձեռնութիւն մը, ուր այլազանութիւնը վերածուեցաւ ստեղծագործութեան աղբիւրի եւ ներառումը դարձաւ առօրեայ գործ, ապացուցելով թէ կրթութիւնը իմաստալից է՝ երբ մարդուն կը ծառայէ։
Մրցոյթին հիմնական նպատակն էր՝ վաղ տարիքէն սկսեալ զարգացնել երեխաներու զգայունութիւնը, հանդուրժողութիւնը, ներառութիւնը, այլազանութիւնը եւ փոխադարձ յարգանքը:
«Հայաստան Ուշագլեան» մանկապարտէզի մասնակցութիւնը ուղեկցուեցաւ երկլեզու՝ յունարէն եւ հայերէն, կրթական գործունէութիւններու շարքով, որոնք ստեղծեցին կենդանի եւ ստեղծագործ ուսումնական միջավայր մը։ Երեխաներն ու մանկավարժները մասնակցեցան ընթերցումներու, քննարկումներու, այցելութիւններու եւ ստեղծագործական աշխատանքներու՝ մօտենալով այսպէս այլազանութեան գաղափարին թէ՛ ժամանակակից, թէ՛ ապրումային մանկավարժական մօտեցումներով։
Մեծ հետաքրքրութիւն եւ նշանակութիւն ունեցաւ մանկապարտէզի բակին նախատիպի ստեղծումը ձեւաւորուած՝ որպէս ներառական տարածք բոլոր երեխաներուն համար։
Ուրախութեամբ եւ համակրանքի բուռն զգացումներով՝ մանկական անմեղ սրտերը ու ձեռքերը ստեղծեցին մուտքի հարթակը մը, ցած բարձրութեան բակի խաղեր, կողովագնդակի անկիւն մը, կատարելով բակի խաղերուն փոփոխութիւնը: Այսպէս, մեր բակը համապատասխան եղաւ նաեւ օգնական սայլիկներու վրայ նստող երեխաներուն համար:
Այս «փոքրիկ» աշխարհին մէջ երեխաները տեղադրեցին նաեւ իրենց կերպարանքները (playmobil) եւ ստեղծեցին սայլակով փոքրիկ ընկերուհի մը ՝ ներշնչուած «Արծաթը կը ժպտի» հեքիաթէն, կերպար տալով իրենց երեւակայութեան եւ ներառման գաղափարին:
Դաստիարակչական ծրագիրը իր աւարտին հասաւ երկլեզու բանաստեղծութիւններու յօրինումով, որ պարզ, բայց բովանդակալից ձեւով փոխանցուեցան խաղի, ընկերութեան եւ ներառման արժէքները: Երեխաները յօրինեցին հետեւեալ բանաստեղծութիւնը՝
«Մեր նոր բակին մէջ,
Եկէ՛ք խաղանք միասին։
Ձեռք — ձեռքի տանք
ու միասին զուարճանանանք։»
Միեւնոյն ժամանակ, կատարուեցաւ առցանց ներկայացում, որու ընթացքին
«Հայաստան Ուշագլեան» մանկապարտէզը ներկայացուց բոլոր աշխատանքները, կրթական նիւթերը, շեշտելով ներառման եւ ընդունման գեղեցիկ պատգամները:
Մրցոյթին համար պատրաստուեցաւ յատուկ տեսանիւթ մը, որ կը համադրէր ամբողջ մանկավարժական աշխատանքը եւ կը ներկայացնէր անոր կրթական փիլիսոփայութիւնը։
Համախմբուած ջանքերուն եւ գործակցական ոգիին ի նշան գնահատանքի եւ ստեղծարար աշխատանքին, բոլոր աշակերտները եւ երկու մանկավարժները՝ Անի Աբիկեան եւ Էֆի Քիրիաքիտու, պարգեւատրուեցան իրենց մասնակցութեան համար, ամրապնդելով այն համոզումը, որ կրթութիւնը իր իսկական արժէքը կը ստանայ, երբ հիմնուած է մարդասիրութեան, յարգանքի եւ ներառման գաղափարներուն վրայ։
Ժամանակներուն մէջ, երբ մարդկային արժէքները բազմաթիւ փորձութիւններու կ՚ենթարկուին, նման կրթական նախաձեռնութիւններ կը յիշեցնեն թէ՝ կրթութեան նպատակը միայն գիտելիք փոխանցելը չէ, այլ մարդ կերտելն է։
Հ.Կ.Խ.-ի «Զաւարեան» ազգային վարժարանի «Հայաստան Ուշագլեան» մանկապարտէզի մանուկները իրենց պարզ ու անկեղծ ձեւով ապացուցեցին, որ այլազանութիւնը խոչընդոտ չէ, այլ հարստութիւն մը՝ սերունդներ եւ հասարակութիւն միացնող ոսկի օղակ մը:
Նիքէայէն մինչեւ Քսանթի, յունարէնէն մինչեւ հայերէն, ներառման պատգամը տարածուեցաւ մանկական ձեռքերով ու ձայներով եւ հնչեց մեր սրտերուն՝ անդրադառնալով թէ՝ «Բոլորս միասին կրնանք, երբ մէկը միւսին աշխարհին մէջ տեղ կու տայ»:
Եւ թերեւս այս է ամէնէն արժէքաւոր պարգեւը…
* Հ.Կ.Խաչի «Զաւարեան» ազգային վարժարանի
«Հայաստան Ուշագլեան» մանկապարտէզի
վարիչ մանկապարտիզպանուհի










