­Հա­մա­ձայն ­Յու­նաս­տա­նի կրթու­թեան եւ կրօ­նից նա­խա­րա­րու­թեան հրա­հան­գին, ­Հինգ­շաբ­թի, 11 ­Սեպ­տեմ­բեր 2025-ին, երկ­րի նա­խակր­թա­րան­ներն ու երկ­րոր­դա­կան վար­ժա­րան­նե­րը կա­տա­րե­ցին կրթա­կան նոր տա­րեշր­ջա­նի վե­րա­մու­տը։
Հ.Կ.­Խա­չի ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րուն մէջ եւս հնչեց ա­ռա­ջին զան­գը, ուր միաս­նա­բար հա­մախմ­բո­ւե­ցան գա­ղու­թի կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, ու­սու­ցիչ­նե­րը, ծնող­ներն ու ա­շա­կերտ­նե­րը, հե­տե­ւե­լու հա­մար վե­րա­մու­տի ա­րա­րո­ղու­թեան եւ կա­տա­րե­լու դպրո­ցա­կան նոր շրջա­նի սկիզ­բը։
Ա­շա­կեր­տա­կան ու­րախ ձայ­նե­րը ան­գամ մը եւս լե­ցու­ցին դպրո­ցա­կան շէն­քե­րը, ուր դար­ձեալ պի­տի հնչէ հա­յե­րէն լե­զուն, հայ գիրն ու պատ­մու­թիւ­նը։ ­Յու­նա­հայ գա­ղու­թի մեկ­դա­րեայ կրթա­կան կեան­քը կը շա­րու­նա­կո­ւի ան­խա­փան, շնոր­հիւ հա­մայն­քա­յին գոր­ծօն­նե­րու, ու­սու­ցիչ­նե­րու եւ ծնող­նե­րու գի­տա­կից ներդ­րու­մին հա­յակր­թու­թեան պա­հանջ­քոտ գոր­ծին։
Ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րու շար­քը սկսաւ ­Ֆիք­սի «Լ. եւ Ս. ­Յա­կո­բեան» եւ «­Ա. եւ Ժ. Ճէ­նա­զեան» վար­ժա­րան­նե­րու բա­ցու­մով, նա­խա­գա­հու­թեամբ ­Յու­նա­հա­յոց թե­մա­կալ ա­ռաջ­նորդ Տ. ­Սա­հակ եպս. Ե­մի­շեա­նի, իր կող­քին ու­նե­նա­լով շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. ­Նա­րեկ քհնյ. ­Շա­հի­նեանը։ ­Ներ­կայ էին նաեւ Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Նա­զար Ա­ւա­գեան եւ ան­դամ ­Դա­նիէլ Ա­բի­կեան, Հ.Կ.­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան կող­մէ ընկ. Ա­լիս Յարութիւնեան, տե­ղա­կան վար­չու­թեան ան­դամ­ներ, Համազգայինի ատենապետուհի ընկ. Յուլիանա Մանուկեան, Ու­սում­նա­կան խոր­հուր­դի կողմէ  Կոստան Եզեկիէլեան եւ բազ­մա­թիւ ծնող­ներ։
­Յա­ջոր­դա­բար, Սր­բա­զան հայ­րը նա­խա­գա­հեց ­Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» վար­ժա­րա­նին ա­րա­րո­ղու­թեան, ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. ­Պա­րէտ քհնյ. ­Խա­չե­րեա­նի։ ­Ներ­կայ էին Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ան­դամ ­Յով­հան­նէս ­Ման­կո­յեան, Հ.Յ.Դ. Կեդր. Կոմիտէի անդամ ընկ. Յարութիւն Սպարթալեան, Հ.Կ.­Խա­չի Շրջանային վարչութեան կողմէ ընկ. ­Նո­յե­մի Եզեկիէլեան, Կա­պոյտ ­Խա­չի տե­ղա­կան վար­չու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, Ու­սում­նա­կան խոր­հուր­դի կողմէ ընկ. Լիզէթ Քիրազեան։
Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը իր խօս­քե­րուն մէջ շեշ­տը դրաւ հա­յակր­թու­թեան ազ­գա­յին նկա­րա­գի­րին, ընդգ­ծե­լով հայ լե­զո­ւի ու գի­տե­լիք­նե­րու փո­խանց­ման կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը հայ նոր սե­րուն­դին։ Իր կո­չին մէջ մատ­նան­շեց հայ ըն­տա­նիք­նե­րու կա­րե­ւոր ըն­դա­ռա­ջու­մը հա­յե­ցի կրթու­թեան անհրաժեշտութեան, ան­սա­սան պա­հե­լու հա­մար հայ կրթա­րան­նե­րը եւ ազ­գա­յին դի­մա­գի­ծի ծաղ­կու­մը նո­րա­հաս սե­րուն­դին մէջ։ Ան իր խօս­քը եզ­րա­փա­կե­լով, յա­տուկ կա­րե­ւո­րու­թիւն տո­ւաւ հայ դպրո­ցի պահ­պահ­ման գա­ղա­փա­րին, որ­պէս հա­ւա­քա­կան ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն։
Դպ­րոց­նե­րու տնօ­րէն­նե­րը, ի­րենց կար­գին, բա­րի գալս­տեան խօսք ար­տա­սա­նե­ցին, ա­պա կա­տա­րե­ցին անհ­րա­ժեշտ թե­լադ­րանք­նե­րը դա­սա­պա­հե­րու եւ դպրո­ցա­կան ըն­թաց­քին մա­սին։