Աշ­խար­հի յա­րա­փո­փոխ հո­լո­վոյ­թին մէջ, ուր ար­ժէք­նե­րու հա­մա­կար­գը ա­նընդ­հատ վե­րա­տե­սու­թեան կ­՚են­թար­կո­ւի եւ կրթու­թեան մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը յա­ճախ կ­՚այ­լա­սե­րո­ւին, հայ վար­ժա­րա­նը կը շա­րու­նա­կէ մնալ մեր ազ­գա­յին ինք­նու­թեան ու­ժեղ պա­հա­պա­նը։ ­Հայ դպրո­ցի ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը չի սահ­մա­նա­փա­կո­ւիր սոսկ ու­սում­նա­կան գոր­ծըն­թա­ցով։ Ան նախ եւ ա­ռաջ հայ մար­դու կերտ­ման ու հա­յե­ցի ար­ժէք­նե­րու փո­խանց­ման կեն­սու­նակ դարբ­նոց մըն է, ուր կը կեր­տուին կրթո­ւած, այ­լեւ ազ­գա­յին ինք­նա­գի­տակ­ցու­թեամբ ո­գեշն­չո­ւած սե­րունդ­ներ։
­Հա­ւա­քա­կան կեան­քին մէջ բազ­միցս ար­տա­յայ­տուած է մտա­հո­գու­թիւ­նը, թէ ար­դեօք հայ դպրո­ցը կը պա­հէ՞ իր կա­րո­ղու­թիւ­նը հա­մա­հունչ ըլ­լա­լու ար­դի աշ­խար­հի գի­տե­լիք­նե­րու մա­տուց­ման պա­հանջ­նե­րուն։ ­Գու­ցէ ժա­մա­նա­կա­կից օ­տար վար­ժա­րան­նե­րը կը հմա­յեն ի­րենց մի­ջոց­նե­րով, սա­կայն ոչ մէ­կը կը կա­րո­ղա­նայ փո­խա­րի­նել հայ դպրո­ցի ներշն­չող մթնո­լոր­տը եւ ա­նոր հայ­րե­նա­ճա­նաչ ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը։ Ա­նա­րար­կե­լի ի­րո­ղու­թիւն է, թէ ըն­տա­նիք-դպրոց-գա­ղութ ե­ռա­կողմ կա­պը այն յատ­կան­շա­կան ուժն է, որ ա­մուր հի­մե­րու վրայ կը զար­գաց­նէ հայ նոր սե­րուն­դին ազ­գա­յին գի­տակ­ցու­թիւ­նը։
­Հայ դպրո­ցի կեն­սու­նա­կու­թիւ­նը կը պայ­մա­նա­ւո­րո­ւի եր­կու ա­ռաջ­նա­յին գոր­ծօն­նե­րով՝ գա­ղու­թի կա­ռոյց­նե­րու կազ­մա­կեր­պո­ւած ու հե­տե­ւո­ղա­կան գոր­ծու­նէու­թեամբ եւ իւ­րա­քան­չիւր հայ ան­հա­տի անձ­նա­կան նուի­րու­մով։ Ա­ռա­ջի­նին մի­ջո­ցով կը ստեղ­ծո­ւին եր­կա­րա­ժամ­կէտ ծրա­գիր­ներ եւ հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու տնտե­սա­կան ա­պա­հո­վու­թիւ­նը, իսկ երկ­րոր­դը կու տայ անհ­րա­ժեշտ ջեր­մու­թիւ­նը՝ ամ­րապն­դե­լու հա­մար դպրոց-ըն­տա­նիք կա­պը եւ ա­մուր պա­տո­ւան­դա­նի վրայ դնե­լու ա­շա­կերտ­նե­րու հո­գեմ­տա­յին զար­գա­ցու­մը։
­Շա­բաթ մը ա­ռաջ, գու­մա­րո­ւե­ցաւ ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց 45-րդ ­Թե­մա­կան ե­րես­փո­խա­նա­կան ժո­ղո­վը, ուր հոն՝ հրա­մա­յա­կան շեշ­տով, հա­յակր­թու­թեան օ­րա­կար­գը դառ­ձաւ ա­ռաջ­նա­կարգ մտա­հո­գու­թեան ա­ռար­կայ, ա­պա հայ դպրո­ցը զօ­րաց­նե­լու եւ յու­նա­հայ սե­րունդ­նե­րը յա­ջո­ղա­պէս հա­յակր­թե­լու ան­յե­տաձ­գե­լի պա­հանջ­նե­րուն մա­սին պատ­շաճ քննար­կում­ներ ու ա­ռա­ջարկ­ներ մէջ­տեղ ե­կան։
Այս ա­ռա­քե­լու­թեան ամ­րապնդ­ման հա­մար անհրա­ժեշտ են նաեւ հաս­տա­տուն տնտե­սա­կան հիմ­քեր։ Կրթա­կան կտակ­նե­րու եւ ֆոն­տե­րու ստեղ­ծու­մը կրնայ դառ­նալ հա­յա­գի­տա­կան ուս­ման եւ ա­պա­գա­յի ա­պա­հով ե­րաշ­խիք։ Ա­ռա­ւել, հա­կա­ռակ իր ար­ժէ­քին ու վաս­տա­կին, հայ դպրո­ցը չի կրնար կանգ առ­նել գո­յու­թիւն ու­նե­ցող մի­ջոց­նե­րուն առ­ջեւ։ ­Ժա­մա­նա­կա­կից ա­շա­կեր­տը հա­սակ կը նե­տէ ա­րագ զար­գա­ցող թո­ւա­յին ար­հես­տա­գի­տու­թեան, հա­մա­ցան­ցի եւ ար­հես­տա­կան բա­նա­կա­նու­թեան պայ­ման­նե­րուն մէջ։ ­Մեր կրթա­կան հա­մա­կար­գը եւս կը գտնո­ւի նո­րա­րար ման­կա­վար­ժա­կան գոր­ծի­քա­կազ­մե­րու եւ ար­դիա­կան մի­ջոց­նե­րու որ­դեգր­ման խաչ­մե­րու­կին, միշտ պահ­պա­նե­լով հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թեան հիմ­նա­կան ու­ղե­նի­շե­րը։
­Վեր­ջին տաս­նա­մեակ­նե­րուն, շնոր­հիւ գա­ղու­թա­յին կա­ռոյց­նե­րուն եւ նո­ւի­րեալ ու­սու­ցիչ­նե­րու հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տան­քին, մեր վար­ժա­րան­նե­րը յա­ջո­ղած են պահ­պա­նել ոչ միայն գո­յա­տեւ­ման, այ­լեւ զար­գա­ցու­մի ու­ղին։ Ի­րենց որ­դեգ­րած նո­րա­ձե­ւու­թիւն­նե­րով, ման­կա­վար­ժա­կան ար­դի մի­ջոց­նե­րու կի­րար­կու­մով, ու­սու­ցիչ­նե­րու վե­րա­պատ­րաստ­ման հե­տե­ւո­ղա­կան ծրա­գիր­նե­րով, Հ.Կ.­Խա­չի ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րու ստա­ցած պե­տա­կան բարձր գնա­հա­տու­մը կը փաս­տէ եր­կա­րա­մեայ ծրագ­րո­ւած աշ­խա­տան­քին ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թիւ­նը եւ նո­ւա­ճո­ղա­կան յա­ջո­ղու­թիւ­նը։ Այս ձեռք­բե­րում­նե­րը պէտք չէ ըն­կա­լո­ւին իբ­րեւ վախ­ճա­նա­կան հանգ­րո­ւան, այլ որ­պէս նոր եւ ա­ւե­լի մեծ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան հիմ­նա­կէտ։
Այս ա­ռու­մով, անհ­րա­ժեշտ է հան­րա­յին մշտա­կան ի­րա­զե­կու­մը, մա­նա­ւանդ նոր ծնող­նե­րու հաս­ցէին։ ­Յա­ճախ կը պա­տա­հի, որ օ­տար դպրոց­նե­րու փայլքն ու համ­բա­ւը կը հրա­պու­րեն ըն­տա­նիք­նե­րը, ո­րոնք եր­բեմն կը թե­րագ­նա­հա­տեն հայ վար­ժա­րա­նի խոր­քա­յին նպաս­տը։ ­Հարկ է հայ ըն­տա­նիք­նե­րու գի­տակ­ցու­թեան մէջ զար­գաց­նել այն հաս­տատ հա­մո­զու­մը, թէ հայ դպրո­ցը՝ ժա­մա­նա­կա­կից գի­տե­լիք­նե­րու փո­խանց­ման զու­գա­հեռ, կը սեր­մա­նէ ա­մէ­նէն հիմ­նա­կա­նը՝ պատ­կա­նե­լիու­թեան գի­տակ­ցու­թիւ­նը։ ­Հայ կրթա­րան­նե­րը ա­շա­կեր­տին մէջ կ­՚ար­մա­տա­ւո­րեն հայ ինք­նու­թեան հան­դէպ հա­ւա­տար­մու­թեան ու պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան յանձ­նա­ռու­թիւ­նը։
Այս բո­լո­րին յա­ջո­ղու­թիւ­նը կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ ա­ւե­լի ամ­րագ­րել երբ յու­նա­հայ ընդգր­կուն հա­ւա­քա­կա­նու­թիւ­նը կա­րո­ղա­նայ ամ­բող­ջա­պէս տէր կանգ­նիլ իր պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան։ ­Հայ դպրո­ցը տաս­նա­մեակ­նե­րու վրայ ծաղ­կած հա­ւա­քա­կան ժա­ռան­գու­թիւն մըն է, ո­րուն գո­յա­տե­ւու­մը չի սահ­մա­նա­փա­կո­ւիր միայն գա­ղու­թա­յին գոր­ծօն­նե­րուն, նո­ւի­րեալ ու­սու­ցիչ­նե­րուն կամ ծնո­ղա­կան շրջա­նա­կին մէջ։ Ան մեր բո­լո­րին սե­փա­կա­նու­թիւնն է ու բա­րո­յա­կան կտա­կի մը պահ­պան­ման պար­տա­կա­նու­թիւ­նը։
Այս օ­րե­րուն, երբ դպրո­ցա­կան նոր տա­րեշր­ջա­նը կը մեկ­նար­կէ, ջերմ մաղ­թանք­ներ կ­՚ուղ­ղո­ւին ա­շա­կերտ­նե­րուն եւ ծնող­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ ու­սու­ցիչ­նե­րու նուի­րեալ փա­ղան­գին, ո­րոնք ե­ռան­դով կը ծա­ռա­յեն նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րու ա­պա­գա­յի կեր­տու­մին։ ­Նոր տա­րեշրջա­նը պէտք է տես­նել ոչ միայն իբ­րեւ կրթա­կան ըն­թաց­քի սկիզբ, այլ նաեւ ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րու խո­րաց­ման եւ հայ կեան­քի կեն­սու­նա­կու­թեան մտա­սե­ւե­ռում։
­Հայ վար­ժա­րա­նը հո­գի կը կեր­տէ։ Ան պի­տի մնայ մեր աչ­քին լոյ­սը. այն­տեղ է ուր կը ձե­ւա­ւո­րո­ւի հայ մար­դը՝ իր ամ­բող­ջա­կան հա­ւա­տար­մու­թեամբ ու յանձ­նա­ռու­թեամբ։