Լիզպոնի հինգ անձնազոհ մարտիկներու յիշատակի միջոցառումը տեղը ունեցաւ Կիրակի, 27 Յուլիս 2025-ի առաւօտուն։ Հերոսական պատումին 42-ամեակը յարգելու նպատակով մեծաթիւ հայրենակիցներ մասնակցեցան ս. պատարագին եւ հոգեհանգստեան արարողութեան, որ ամէն տարուան նման կազմակերպուած էր Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտ. միութեան Կեդրոնական վարչութեան կողմէ։
Նէոս Գոզմոսի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Սահակ եպս. Եմիշեան, իսկ պատարագը մատուցեց շրջանի հոգեւոր հովիւ Տ. Նարեկ քհնյ. Շահինեան։
Ներկայ եղան Ազգային վարչութիւնը, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական կոմիտէի եւ շրջաններու կոմիտէներու անդամները, բազմաթիւ ընկերներ եւ հայրենակիցներ։ Յատկանշական էր Երիտասարդականի անդամներու ներկայութիւնը, որոնք իւրաքանչիւր տարի, գիտակից ըմբռնումով եւ յարգանքով, կը պատուեն յիշատակը երիտասարդ քաջամարտիկներու զոհաբերումին Հայ դատի բագինին վրայ։ Իրենց նախաձեռնութիւնը եւ ներկայութիւնը յիշատակի օրուան նուազագոյն արտայայտութիւնը կը դառնայ Հինգ տղոց հերոսութեան հանդէպ, որ այլեւս մաս կը կազմէ հայ ազատագրական պայքարի էջերուն եւ կը ներշնչէ գաղափարական կազմաւորում ստացող երիտասարդ խաւերու հոգեմտային աշխարհը։
Իր քարոզին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան հայրը անդրադարձ կատարեց Լիզպոնի սխրագործութեան արարքին, նշելով հայրենիքի իտէալին հանդէպ հաւատարմութեան գիտակցութիւնը։ Ան նշեց, որ ազատութեան եւ անկախ ապրելու գիտակից ըմբռնումները պատեցին Հինգ հերոսներու աշխարհայեացքը, որոնք իրենց զոհաբերութեան մէջէն ամէնուր տարածեցին զարթնումի ուղերձը եւ հայ ժողովուրդի դիմադրողականութեան ուժը։ Ան կոչ ուղղեց ներշնչուիլ անձնազոհ մարտիկներու գիտակից զոհաբերութենէն եւ բոլորանուէր կամքով լծուիլ հայրենիքի ծառայութեան վսեմ նպատակին։
Պատարագի աւարտին, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական միութեան կողմէ ուղերձ արտասանեց ընկ. Օննիկ Պետրոսեան, որ յայտնեց հետեւեալները։
«Լիզպոն, 27 Յուլիս 2025։ 42 տարի յետոյ՝ լոյսը չէ մարած։ Այսօր կանգնած ենք նոր ժամանակի առջեւ։ Բայց նաեւ՝ յիշողութեան առջեւ։
Լիզպոնի հինգ երիտասարդներուն գործը պատահական միջադէպ մը չէր։ 42 տարիներ անցած են Լիզպոնի մէջ թրքական դեսպանատան պայթումէն, ուր զոհուեցան հինգ հայ հաւատաւոր երիտասարդները: Քաջ արարք մը, որ նոր «զէնքեր» տուաւ հայութեան, ու աշխարհին պարտադրեց
արդարութեան համար մղած ամբողջ մեր ժողովուրդի պայքարը:
Այդ պահը ճակատագրական էր, երբ հինգ երիտասարդները վերածուեցան խորհրդանիշի։ Արա Քրճլեան, Սեդրակ Աճէմեան, Սարգիս Աբրահամեան, Վաչէ Տաղլեան եւ Սիմոն Եահնըեան՝ հինգ երիտասարդներ, մեր հասակակիցները,
որոնք դժուարագոյն որոշումը առին ո՛չ թէ մահանալու, այլ՝պայքարի մէջ ապրելու, այնքան խորհրդանշական ձեւով, որ զոհաբերութիւնը դարձաւ խօսք՝ ուղղուած աշխարհին։
42 տարիներ ետք, ներկայ աշխարհի աղմուկին մէջ, այդ ձայնը դեռ կը լսուի՝ խուլ, բայց մշտական։ Հայ երիտասարդութիւնը կը լսէ պատգամը, որ ուղղակիօրէն իրեն կ՚ուղղուի Լիզպոնի արարքէն: Մնալ քաջ, մնալ գիտակից, մնալ պահանջատէր եւ սկզբունքային: Երբեք չզիջիլ ճնշումներուն կամ պայմաններուն բերումով:
Մենք գիտենք, որ մեր զէնքն են մեր պատմութիւնը, մեր ազգային արժէքները, գիտութիւնը, ուսումը, փորձառութիւնները, հեռատեսութիւնը, որ մեր խիղճը եւ կամքը ամուր պիտի պահեն:
Մենք գիտենք, որ Հայ դատի պայքարը արդար պայքար է. ամբողջ ազգի մը համար արժանապատուութեան եւ արդարութեան համար մղուած պայքար է: Պայքարը փոխած է ձեւը։ Բայց ո՛չ նպատակը։ Մենք գիտենք, որ մեր զէնքն են մեր բառերը, մեր գրիչը, մեր ջիղը, մեր դիմադրութիւնը՝ համաշխարհային անտարբերութեան դէմ։
Մենք կ՚ըսենք՝ պիտի չմոռնանք։ Պիտի չընկրկինք։
Որովհետեւ իրենց գործը ժառանգութիւն ձգեց մեզի, որ հպարտութիւն բայց նաեւ պարտաւորութիւն է մեզի համար։
Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութիւնը երբեք պիտի չմոռնայ անոնց կատարած քաջարի արարքը ու պիտի շարունակէ պայքարիլ Արայի, Սեդրակի, Սարգիսի, Վաչէի եւ Սիմոնի երազած իրականութեան համար»։








