«Հայութեան ճակատագիրը նախազգուշացում է
ողջ մարդկութեան համար»
Ֆրանց Վերֆել
Միջազգայնօրէն անուրանալի դարձած հայոց ցեղասպանութիւնը 110 տարիներու վրայ երկարող ապրումներու, յիշողութիւններու, ցասումներու, պայքարի, օտարութեան, պահանջատիրութեան եւ բազմաթիւ այլ զգացումներու անքակտելի շղթայ դարձած է։ Այս շղթան, յիրաւի, ցեղասպանուած ժողովուրդի մը պայքարի, արդարութեան եւ գոյատեւման պատմութիւնն է։ Հայոց ցեղասպանութիւնը կ՚անդրացնի անձնական եւ օրակարգային բոլոր մօտեցումները, մանաւանդ երբ կը բացակային ճանաչումը, պատասխանատուութիւնը եւ հատուցումը։
«Մուսա Լերան 40 օրեր» գիրքին հեղինակ` Վերֆել ապրելով եւ զգալով ցեղասպանութեան արհաւիրքը, կը վկայէ, թէ «Հայութեան ճակատագիրը նախազգուշացում է ողջ մարդկութեան համար»։ Արդարեւ, հայութեան հանդէպ կատարուած ցեղասպանութիւնը մարդկութեան դէմ կատարուած ոճիր է եւ անոր անտեսումը կամ ուրացումը յղի` նոր արհաւիրքներով։
Այսօր երբ կը ոգեկոչուի Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակը միջազգային հանրութիւնը եւ մանաւանդ հայութիւնը պէտք չէ զանցառէ անոր անտեսման եւ ուրացման վտանգները։
Ցեղասպանութեան անտեսումը կամ ուրացումը մեզ կը տանի համամարդկային, ազգային եւ միջազգային խնդիրներու։ Որովհետեւ ազգի մը բնաջնջումը աւելին է քան ոճիր մը, եւ անկէ եկող հետեւանքները կը խախտեն մարդկային բոլոր իրաւունքները։ Հետեւաբար ցեղասպանութեան ուրացումը կը ծնի անդառնալի եւ վտանգաւոր իրականութիւններ։
ա.- Ցեղասպանութիւն կրկնելու սպառնալիք։ Սպանացի փիլիսոփայ եւ գրող Ճորճ Սանթաեանա իր նշանաւոր խօսքին մէջ կ՚ըսէ «Ան որ չի յիշեր անցեալը, դատապարտուած է զայն կրկնել»։ Արցախի շրջափակումը եւ հայաթափումը խօսուն օրինակ է 110 տարիներու ուրացման եւ կրկնուող ցեղասպանութեան։
Այս դրութեան մէջ առաւել վտանգաւոր է, երբ հայերս սկսինք անտեսել եւ մոռացութեան մատնել ցեղասպանութեան իրականութիւնը։
բ.- Բարոյական արժէքներու մաշում։ Ցեղասպանութեան ուրացումը ոչ միայն անցեալը մոռնալ, այլ ներկայ արժէքները աղաւաղել կը նշանակէ։ Մոռնալ հաւաքական ցաւը, ողբեգութիւնը, անարդարութիւնը, նուաստացումը եւ բնաջնջման իրականութիւնը, կը նշանակէ կորսնցնել ազգի մը, հաւաքականութեան եւ մարդու բարոյական արժէքներու իտէալը։
գ.- Ինքնութեան աղաւաղում։ Բնականաբար ցեղասպանութեան ուրացումը եւ մոռացութիւնը կ՚աղաւաղէ մեր հաւաքական ինքնութեան իրականութիւնը։ Իւրաքանչիւր ազգ կամ հաւաքականութիւն կը միաւորուի եւ իր ինքնութիւնը կ՛արժեւորէ միեւնոյն արժէքներու փորձութիւններու մասնակցութեամբ. մշակոյթ, կրօնք, պատմութիւն, ողբերգութիւն, ուրախութիւն կամ յաջողութիւն։ Իւրաքանչիւրի ուրացումը կը մոռացութիւնը կ՚աղաւաղէ ինքնութիւնը։ Ազգ մը երբ կը սկսի մոռնալ իր կրօնքը, իր մշակոյթը, իր պատմութիւնը, կը կորսնցնէ իր ինքնութիւնը եւ կը դատապարտուի աշխարհի հոսանքէն տարուելով սպառնալ իր գոյութեան։
դ.- Պայքարի ոգիի աղճատում։ Ինքնութեան աղաւաղման կը յաջորդէ պայքարի ոգիի աղճատումը։ Երբ ազգի մը կամ հաւաքականութեան մը բարոյական արժէքները կը մաշին եւ անոր ինքնութիւնը կ՚աղաւաղուի եւ ազգային ոգին կը պարպուի, ան կը կորսնցնէ պայքարի ոգին, իմաստը եւ անհրաժեշտութիւնը։ Պէտք է հասկնալ, որ պայքարը ինքնանպատակ չէ։ Պայքարը արժէք է, ինքնութիւն է, պատմութիւն է, հաւատք է, մշակոյթ է։ «Պատերազմի արուեստը» գիրքին հեղինակ Սուն Ցուն, խօսելով պատերազմի կարեւորագոյն յաջողութեան մասին, կ՛ըսէ. «գերագոյն գերազանցութիւնը թշնամիին պայքարի ոգին կոտրելն է»։ Իւրաքանչիւր մարդ անհատ, ընտանիք, ազգ եւ հաւաքականութիւն կը շարունակէ ապրիլ, յաջողիլ եւ գոյատեւել պայքարի շնորհիւ։
ե.- Անտաբերութիւն։ Ուրացման մեծագոյն վտանգներէն մէկը նաեւ անտարբերութեան առաջացումն է։ Ինչպէս միջազգային հանրութիւնը նոյնպէս եւ իւրաքանչիւր հայ, ցեղասպանութեան ուրացման կամ մոռացութեան պարագային անտարբերութեամբ կը լեցուի, վտանգելով ոչ միայն ազգի մը իրաւունքը այլ նաեւ միջազգային մարդկային իրաւունքները։ Անտարբերութիւն կը վտանգէ նաեւ նոր սերունդին մօտեցումը եւ հասկացողութիւնը, ոչ միայն ցեղասպանութեան, այլ նաեւ ազգային այլ արժէքներու վերաբերեալ։ Երիտասարդութիւնը մեր ներկան է, եւ եթէ ներկան լեցուի անտարբերութեամբ եւ արժէքներու մաշումով, մենք չենք ունենար ապագայ։
Մեր նահատակներուն կանչը դեռ կ՚արձագանգէ եւ Արցախի մեր ժողովուրդին հայեացքին մէջ դեռ կը տեսնենք Գանձասարը, Շուշին, Ստեփանակերտը, Դադիվանքը, Արցախի լեռներն ու սրբավայրերը։
Սիրելիներ,
Ցեղասպանութեան 110-ամեակի ոգեկոչումը մեզի համար պէտք չէ սոսկ օղակ ըլլայ ցեղասպանութեան ոգեկոչման շղթային վրայ։ 110-ամեակի ոգեկոչումը պէտք է ըլլայ ցեղասպանութեան յիշեցման ամեակ, բարոյական արժէքներու վերահաստատման եւ պայքարի ամեակ, ինքնութեան բիւրեղացման եւ արժեւորման ամեակ, եւ վերջապէս երիտասարդներու գիտակցութեան եւ ոգեւորման ամեակ։
ՍԱՀԱԿ ԵՊՍ. ԵՄԻՇԵԱՆ
Առաջնորդ Յունաստանի Հայոց Թեմի









