97 տա­րե­կա­նին, այսօր կեան­քէն հե­ռա­ցաւ հա­մաշ­խար­հա­յին համ­բա­ւի տէր, ե­րա­ժիշտ, յօ­րի­նող եւ խմբա­վար ­Մի­քիս ­Թէո­տո­րա­քիս։ ­Յու­նաս­տա­նի ար­դի պատ­մու­թիւ­նը ու յատ­կա­պէս ա­նոր մշա­կու­թա­յին գան­ձա­րա­նը հարս­տա­ցած է ­Թէո­տո­րա­քի­սի յօ­րի­նում­նե­րով, ա­մէն շրթնե­րէ եր­գո­ւած եր­գե­րով, սիմ­ֆո­նիք ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րով, յու­նա­կան եւ մի­ջազ­գա­յին շար­ժա­պատ­կե­րին հա­մար գրո­ւած բա­ցա­ռիկ կտոր­նե­րով, յոյն ժո­ղովր­դա­յին եր­գի ազ­նո­ւա­կա­նա­ցու­մով ու տա­կա­ւին՝ տար­բեր տե­սա­կի ու ո­ճի եր­գա­րո­ւես­տի նմուշ­նե­րով, ո­րոնք յատ­կան­շե­ցին յոյն ժո­ղո­վուր­դի պատ­մա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը եւ զգա­յուն ժա­մա­նակ­նե­րը։
Ծ­նած էր 1925-ին ­Խիոս կղզիի մէջ եւ իր ա­ռա­ջին ե­րաժշ­տա­կան ծլար­ձա­կում­նե­րը կա­տա­րած էր հո­գե­ւոր ե­րաժշ­տու­թեան վրայ։ 17 տա­րե­կա­նին ի­րա­գոր­ծեց իր ա­ռա­ջին հա­մեր­գը։
Այ­նու­հե­տեւ, ու­սա­նե­ցաւ Ա­թէն­քի մէջ եւ սկսաւ մէջ­տեղ բե­րել իր ե­րաժշ­տա­կան հմտու­թիւ­նը յօ­րի­նե­լով դա­սա­կան կտոր­ներ։ ­Կա­նու­խէն ծա­ւա­լեց նաեւ քա­ղա­քա­կան գոր­ծու­նէու­թիւն եւ աք­սո­րի ճամ­բան ա­ռաւ, մաս­նա­ւո­րա­պէս Բ. ­Հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մէն յե­տոյ ­Յու­նաս­տա­նի ճա­շա­կած խլրտում­նե­րու ի­րա­կա­նու­թեան տակ։ 50-ա­կան թո­ւա­կան­նե­րուն ու­սա­նե­ցաւ ­Փա­րի­զի մէջ, ուր աչ­քի զար­կաւ եւ ա­ռաջ­նու­թիւն­ներ նո­ւա­ճեց իր դա­սա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րով։ Յու­նաս­տան հաս­տա­տո­ւե­լէն ետք ո­րո­նեց նոր ե­րաժշ­տա­կան ճամ­բա­ներ, իր ամ­բողջ տա­ղան­դը ներդ­նե­լով յու­նա­կան ժո­ղովր­դա­յին մե­ղե­դի­նե­րուն վրայ, միա­ժա­մա­նակ զարկ տո­ւաւ դա­սա­կան ե­րաժշ­տու­թեան տա­րա­ծու­մին։
­Յու­նաս­տա­նի բռնա­տի­րա­կան վար­չա­կար­գի տա­պա­լու­մէն ետք, տո­ւաւ ան­թիւ հա­մերգ­ներ, ա­մէ­նուր ոտ­քի հա­նե­լով յոյն հա­սա­րա­կու­թիւ­նը եւ ներ­կա­յաց­նե­լով իր բա­ցա­ռիկ յօ­րի­նում­նե­րը, ո­րոնք ար­դէն դար­ձան հա­մաշ­խար­հա­յին ե­րաժշ­տու­թեան գո­հար­ներ եւ հրամ­ցո­ւե­ցան աշխարհի բոլոր  եր­կիր­նե­րուն մէջ։
­Մի­քիս ­Թէո­տո­րա­քիս շա­րու­նա­կեց նաեւ իր քա­ղա­քա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը եւ դար­ձաւ նա­խա­րար։ ­Նոյ­նիսկ յա­ռա­ջա­ցած տա­րի­քին, յա­ճախ ազ­գա­յին խնդիր­նե­րու շուրջ յոր­դոր­նե­րով եւ ար­տա­յայ­տած տե­սա­կէտ­նե­րով, իր ներ­կա­յու­թիւ­նը զգա­լի դար­ձուց քա­ղա­քա­կան ի­րա­կա­նու­թեան մէջ։
­Տի­րա­ցաւ բազ­մա­թիւ յու­նա­կան եւ հա­մաշ­խար­հա­յին գնա­հա­տան­քի գի­րե­րու, շքան­շան­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ հե­ղի­նակն էր մեծ թի­ւով քա­ղա­քա­կան պա­րու­նա­կու­թեամբ գիր­քե­րու, վէ­պե­րու, բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րու եւ վեր­լու­ծում­նե­րու։
Ն­շենք, որ տա­րի­ներ ա­ռաջ, ­Հա­յաս­տա­նի ­Ֆի­լար­մո­նիք նո­ւա­գա­խում­բը, ղե­կա­վա­րու­թեամբ ­Լո­րիս Ճգ­նա­ւո­րեա­նի, Ա­թէն­քի հա­մեր­գաս­րա­հին մէջ ներ­կա­յա­ցուց ­Մի­քիս ­Թէո­տո­րա­քի­սի դա­սա­կան յօ­րի­նում­նե­րէն նմուշ մը, իր իսկ ներ­կա­յու­թեան, ար­ժա­նա­նա­լով մեծ ե­րա­ժիշ­տի բարձր գնա­հա­տան­քին ու ե­րախ­տա­գի­տու­թեան։