ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՎՐԴ. ՓԱՇԱՅԵԱՆ
­Հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Թե­սաո­նի­կէի

­Նախ­նա­կան ե­կե­ղե­ցին, ինչ­պէս գի­տենք, մեր ­Տի­րոջ՝ ­Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի ­Համ­բար­ձու­մէն եւ ­Հո­գե­գա­լուս­տէն ետք շա­րու­նա­կեց իր գո­յու­թիւ­նը։ ­Հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը ա­մէն ան­գամ հա­մախմ­բո­ւե­լով ա­շա­կերտ­նե­րուն մօտ, միա­սին կ’ա­ղօ­թէին, սաղ­մոս­ներ կ’եր­գէին, կը ճա­շէին, Աս­տու­ծոյ ա­նու­նը կը փա­ռա­ւո­րէին եւ ողջ ժո­ղո­վուր­դին մէջ յար­գանք կը վա­յե­լէին։ Այս­պի­սով, ա­նոնք ա­ռա­քեալ­նե­րու ու­սուց­ման՝ Ս. ­Հա­ղոր­դու­թեան, հա­ցի բեկ­ման ու ա­ղօթք­նե­րուն մէջ կը յա­րա­տե­ւէին (Հմմտ Գրծ 2.42-47)։
Այդ օ­րե­րուն տաս­ներ­կու ա­ռա­քեալ­նե­րը երբ տե­սան, որ ի­րենք այ­լեւս չեն կրնար ի­րենց ծա­ռա­յու­թիւ­նը բե­րել հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու բազ­մու­թեան, կան­չե­ցին ա­շա­կերտ­նե­րուն ը­սին. «­Մենք չենք ու­զեր Աս­տու­ծոյ խօս­քին քա­րո­զու­թիւ­նը ձգել եւ ու­տե­լիք մա­տա­կա­րա­րե­լով զբա­ղիլ։ ­Հե­տե­ւա­բար, եղ­բայր­նե՛ր, ձեր կող­մէ վկա­յո­ւած եօ­թը հո­գի ընտ­րե­ցէք, ո­րոնք ­Սուրբ ­Հո­գիով եւ ի­մաս­տու­թեամբ լե­ցուն ըլ­լան։ ­Զա­նոնք այս անհ­րա­ժեշտ գոր­ծին հա­մար կար­գենք, իսկ մենք ա­ղօթ­քի եւ Աս­տու­ծոյ խօս­քին մա­տա­կա­րար­ման նո­ւի­րո­ւինք» (Գրծ 6.2-4)։
­Հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը եօ­թը հո­գի­նե­րէն ընտ­րե­ցին Ս­տե­փա­նո­սը, որ հա­ւատ­քով ու ­Սուրբ ­Հո­գիով լե­ցուն մարդ մըն էր, ինչ­պէս նաեւ ­Փի­լիպ­պո­սը, Պ­րո­քո­րո­նը, ­Նի­կա­նո­րը, ­Տի­մո­նը, ­Պար­մե­նասն ու ­Նի­կո­ղա­յո­սը։ Ա­նոնց ա­ռա­քեալ­նե­րուն առ­ջեւ կանգ­նե­ցու­ցին եւ ա­ղօթք ը­նե­լով՝ ի­րենց ձեռ­քե­րը դրին ա­նոնց վրայ (Հմմտ Գրծ 6.5-6)։ ­Փաս­տօ­րէն, այս մէ­կը ­Սար­կա­ւա­գու­թեան ձեռ­նադ­րու­թեան ա­ռա­ջին օ­րի­նակն էր։
Ք­րիս­տո­սի Ե­կե­ղե­ցին կազ­մո­ւե­ցաւ եւ ամ­րապնդո­ւե­ցաւ եր­կու հիմ­նա­րար պատ­ճառ­նե­րով.- մկրտու­թեամբ եւ մար­տի­րո­սու­թեամբ։ ­Մեր ­Տի­րոջ՝ ­Յի­սուս Ք­րիս­տո­սէն ետք, Ս. Ս­տե­փա­նոս ա­ռա­ջի­նը ե­ղաւ մար­դոց մէ­ջէն, որ Ք­րիս­տո­սի նման, սե­փա­կան ան­ձով օ­րի­նակ ե­ղաւ բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րու քրիս­տո­նեա­նե­րուն՝ իր հո­գե­ւոր կոչ­ման նկատ­մամբ պար­տա­ճա­նա­չու­թեամբ եւ ապ­րու­մի խոր գի­տակ­ցու­մով։ Իս­կա­պէս, Ս. Ս­տե­փա­նոս նա­խա­սար­կա­ւագ իր մէջ կը բիւ­րե­ղաց­նէ թէ՛ ան­սա­կարկ հայ­րե­նա­սի­րու­թեան, թէ՛ ե­կե­ղե­ցա­սի­րու­թեան եւ թէ նա­խան­ձախն­դիր ու խոր հա­ւատ­քով ապ­րե­լու խոր­հուր­դը։ ­Պէտք է ապ­րիլ ազ­նիւ եւ կեն­դա­նի հա­ւատ­քով, այ­լա­պէս դա­տարկ է մեր հա­ւատ­քը, ի զուր է խա­չե­լու­թիւ­նը ու սին է փրկու­թեան յոյ­սը։ Ա­հա այս է այ­սօր ե­կե­ղեց­ւոյ պատ­գա­մը մեզ­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րին Ս. Ս­տե­փա­նո­սի անձ­նա­կան օ­րի­նա­կին ընդ­մէ­ջէն։
Ս. Ս­տե­փա­նո­սը մեր մէջ այն­քան սի­րո­ւած ու գնա­հա­տո­ւած ա­նուն ե­ղած է։ Ա­նոր նո­ւի­րո­ւած «­Տաղ Սր­բոյն Ս­տե­փա­նո­սի» եր­գը գրո­ւած է, ուր Ք­րիս­տո­սի ճշմա­րիտ եւ ան­յաղթ Վ­կան կը հա­մե­մա­տո­ւի վար­դի ու մա­նու­շա­կի հետ, որ թէեւ մար­մին ու­նի, սա­կայն հրեշ­տակ է։ Ա­հա­ւա­սիկ մեր ­Տի­րոջ՝ ­Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի քաջ նա­հա­տա­կին ու ա­ռա­ջին ­Սար­կա­ւա­գին կեան­քը։ Ս. Ս­տե­փա­նոս բո­լո­րա­նո­ւէր կեր­պով ծա­ռա­յեց Ք­րիս­տո­նէու­թեան ու հա­ւատ­քի զօ­րագ­լու­խը ե­ղող Ք­րիս­տո­սին՝ իս­կա­պէս դառ­նա­լով ­Տի­րոջ Ս­պա­սա­ւո­րը, ­Մար­տի­րոսն ու ­Նա­խավ­կան։ Ան անմ­նա­ցորդ իր ան­ձը ծա­ռա­յե­ցուց Ք­րիս­տո­սի՝ ի շի­նու­թիւն ե­կե­ղեց­ւոյ եւ ի պայ­ծա­ռու­թիւն հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն։
Ե­կե­ղեց­ւոյ ­Հայ­րե­րը Ս. Ս­տե­փա­նո­սին ա­նո­ւա­նած են «Ա­րե­ւե­լեան Ա­րե­գա­կի ­Ճա­ռա­գայթ» (Ս. ­Մեծն ­Ներ­սէս), «Անդ­րա­նիկ Որ­դի» (Ս. Գ­րի­գոր ­Նա­րե­կա­ցի), «­Վա­յել­չու­թեան Պ­սակ եւ Աս­տու­ծոյ ձեռ­քին Ար­քա­յա­կան ­Թագ» (Ս. ­Բար­սեղ), «­Պան­ծա­լի եւ Ան­յաղթ Վ­կայ» (Ս. Ա­թա­նաս) եւ «Վ­կա­նե­րու Գ­լուխ» (Ս. Եւ­սե­բիոս), ե­ւայլն…։
­Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ս. Ե­կե­ղե­ցին, պա­հե­լու հա­մար Ս. Ս­տե­փա­նո­սի ան­մահ յի­շա­տա­կը եւ ի յար­գանք ­Սուր­բին, տօն սահ­մա­նած է։ Ս. Ս­տե­փա­նո­սի տօ­նը կը հա­մա­րո­ւի նաեւ ­Սար­կա­ւագ­նե­րու տօն։ Ս. Ս­տե­փա­նոս մեր հա­մար նո­ւի­րա­կան ա­նուն է, մեր Ե­կե­ղեց­ւոյ չորս գլխա­ւոր բա­րե­խօս­նե­րէն մէ­կը, որ իր վար­քով եւ նկա­րագրով որ­պէս Ք­րիս­տո­նեայ ­Նա­հա­տակ, ան­ցած է Ընդ­հան­րա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ սուր­բե­րուն կար­գը։
Ե­կե­ղե­ցին կը գոր­ծէ զինք խնա­մող ընտ­րեալ­նե­րու մի­ջո­ցաւ։ Այդ ընտ­րեալ­նե­րու շար­քին կը պատ­կա­նին նաեւ ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ւե­լի խո­նարհ կար­գի սպա­սար­կու­նե­րը, ո­րոնք կը կո­չո­ւին ­Սար­կա­ւագ­ներ։ ­Գի­տենք որ կեան­քը շատ ծանր պայ­ման­ներ կը դնէ իւ­րա­քան­չիւ­րիս դի­մաց։ ­Սա­կայն, այդ ա­մէ­նը կը նպաս­տեն ո՛չ միայն սե­փա­կան ան­ձի բարձ­րա­ցու­մին ու ամ­րապն­դու­մին, այլ նաեւ մեր բարձ­րա­ցու­մով ու տո­կու­նու­թեամբ մենք օ­րի­նակ պէտք է հան­դի­սա­նանք ու­րիշ­նե­րուն, ո­րոնք տես­նե­լով մեր կրած դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը եւ ա­նոնց դէմ մղած մեր պայ­քա­րը կը քա­ջա­լե­րո­ւին եւ ի­րենք եւս կը դի­մեն նոյն քայ­լին, տես­նե­լով որ ա­նոր մէջ կայ ընդ­հա­նու­րին շահն ու եր­ջան­կու­թիւ­նը։
­Սար­կա­ւագ­ներ կո­չո­ւած են ա­ռա­քե­լու­թեան մը, որ կը պա­հան­ջէ ա­նա­չառ նո­ւի­րում եւ աշ­խա­տանք, ո­րոնց միակ նպա­տա­կը ամ­բողջ ազ­գի ա­պա­հո­վագ­րումն է այս աշ­խար­հի յո­ռի բար­քե­րուն դէմ եւ փրկու­թեան յոյ­սի ներշն­չու­մը հա­ւատ­քի գետ­նին վրայ։ ­Չի՛ բա­ւեր սքե­մը հագ­նիլ ու պար­ծե­նալ ա­նոր փայլ­քով, այլ՝ հարկ է որ ա­նոր փայլ­քը շո­ղաց­նէ այ­գի խա­ւա­րած դա­սին վրայ։ Այ­լա­պէս ի՞նչ կ’ար­ժէ սքե­մը կամ զայն կրո­ղը, ե­թէ ա­նոր մէջ կը պակ­սին գի­տակ­ցու­թիւ­նը, նո­ւի­րու­մը, նպա­տա­կի հե­տապն­դումն ու կա­տա­րեալ խո­հե­մու­թիւ­նը։
Ի վեր­ջոյ, կ’ու­զեմ խօսքս ա­ւար­տել, մէջ­բե­րով ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան Ար­ժա­նըն­տիր եւ Ազ­գըն­տիր ­Գա­հա­կալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տի ծա­ռա­յու­թեան վե­րա­բե­րեալ ­Հայ­րա­կան մտա­ծու­մը.- «Ին­ծի հա­մար ար­ժէք է ա՛յն մար­դը, որ կը ծա­ռա­յէ։ ­Մար­դու ար­ժէ­չա­փը իր ծա­ռա­յու­թեան մէջն է եւ ո՛չ թէ իր ու­նե­ցա­ծին մէջ։ ­Մեր ու­նե­ցած մտքի պա­շա­րը կամ հո­գե­կան հարս­տու­թիւ­նը եւ կամ նիւ­թա­կան ա­ռա­ւե­լու­թիւ­նը մե­րը միայն կը մնայ, մեր ան­ձի նեղ պա­րու­նա­կին մէջ կը պար­փա­կո­ւի, երբ չբա­ցո­ւի ու­րի­շին եւ չեր­թայ ու­րի­շին։ ­Հո՛ս է ծա­ռա­յու­թեան ի­մաստն ու ար­ժէ­քը՝ մեր ու­նե­ցա­ծը մե­զի չպա­հել, այլ՝ զայն բաժ­նել ու­րի­շին։ ­Հո՛ս է ար­ժէ­քը կեան­քին։ ­Ջու­րը ար­ժէք կը դառ­նայ, երբ հո­սի, այ­լա­պէս կը ճահ­ճա­նայ»։ ­Թող Ա­մե­նա­կա­րողն ու Ա­մե­նա­բա­րին Աս­տո­ւած հա­րիւ­րա­պա­տիկ եւ հա­զա­րա­պա­տիկ շնորհք­նե­րով ա­ւելց­նէ մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն հա­ւատ­քը։ ­Թող Աս­տո­ւած մեր ­Սար­կա­ւագ եղ­բայր­նե­րու հո­գի­նե­րուն մէջ մշտա­պէս ան­սա­սան պա­հէ Ս. Ս­տե­փա­նոս ­Նա­խա­սար­կա­ւա­գի ան­կոտ­րում ո­գին եւ ան­կորն­չե­լի պատ­գա­մը, որ­պէս­զի յանձ­նա­ռու­թեան եւ ծա­ռա­յու­թեան ո­գին, Ս. Ս­տե­փա­նո­սի ան­շա­հախն­դիր հա­ւատ­քի լոյսն ու կեան­քը ան­դադ­րում հե­տե­ւո­ղա­կա­նու­թեամբ ա­ռաջ­նոր­դեն մեր ­Սար­կա­ւագ­նե­րուն դէ­պի ծա­ռա­յու­թիւն, դէ­պի ժո­ղո­վուրդ, դէ­պի Ս. ­Սե­ղան, ուր­կէ ա­մէն ան­գամ օ­ծեալ հո­գե­ւո­րա­կա­նի շրթնե­րով մեզ հետ կը հա­ղոր­դակ­ցի մեր ­Տէ­րը՝ ­Յի­սուս Ք­րիս­տոս եւ ա­մէն ան­գամ Ս. Ս­տե­փա­նո­սի շունչն ու հո­գին կը տես­նենք, կը վա­յե­լենք, կ’ապ­րինք ու կ’ապ­րեց­նենք մեր ժո­ղո­վուր­դի կեան­քը ա­ռա­ւել եւս հո­գե­ւո­րա­պէս հրա­պու­րե­լու մա­տա­կա­րա­րու­մով։