Հ.Կ.Խաչի ազգային վարժարաններու 2026-2027 դպրոցական տարեշրջանի արձանագրութիւնները սկսած են։
Հետաքրքրուող ծնողներէն կը խնդրուի կապ պահել տնօրէնութեանց հետ.-
«Զաւարեան» նախակրթարանին եւ «Ուշագլեան» մանկապարտէզին համար՝ 2104906305 հեռաձայնի թիւին:
«Լ. եւ Ս. Յակոբեան» նախակրթարանին եւ «Գալուստեան» մանկապարտէզին համար՝ 2109313226 հեռաձայնի թիւին:
«Ա. եւ Ժ. Ճէնազեան» միջնակարգ վարժարանին համար՝ 2109349537 հեռաձայնի թիւին:
Կը խնդրուի ծնողներէն, որոնք կը փափաքին 2026-2027 տարեշրջանին
համար դպրոցական ինքնաշարժին տեղ ապահովել, դիմել մինչեւ Մայիս
ամսուան վերջաւորութեան, որպէսզի ծրագրուի շրջագայութիւնը:
Հ.Կ.ԽԱՉԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ
ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ










