2025-ի առաջին Սուրբ Պատարագ եւ տարեմուտի գաթայի կտրում Նէոս Գոզմոս(Ֆիքսի)ի Ս. Յովհ. Կարապետ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, Թաղային խորհուրդն ու Տիկնանց մարմինը սիրով եւ ուրախութեամբ կը հրաւիրեն ձեզ Չորեքշաբթի, 1 Յունուար 2025-ի առաւօտեան ժամը 11:00-ին, միասնաբար մեր սրբազան հայրերու աղօթքներով եւ հաւատքով, Նոր Տարուան առաջին Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին մասնակցելու, ապա աւանդական տարեմուտի հացը-գաթան կտրելու եկեղեցւոյս ներքնասրահին մէջ:
Եկէ՛ք բոլորս միասին բարի մաղթանքներով,
սիրոյ ու ջերմ տրամադրութիւններով դիմաւորենք Նոր Տարին:









