Յունական ազդեցիկ «Քաթիմերինի» օրաթերթը, իր 15 Փետրուարի կիրակնօրեայ թիւին մէջ լայն անդրադարձ կատարած է Յունաստանի մէջ լոյս տեսնող օտարալեզու թերթերուն մասին։ Թերթի լրագրող Իլիանա Մաղրայի ստորագրութեամբ, յօդուածը կը կրէ «Բաբելոնի մամուլը» գլխաւոր խորագիրը եւ կը խօսի օտարազգի զանազան համայնքներու մամուլին մասին, յատուկ տեղ ընծայելով «Ազատ Օր»-ին։ Լման էջի մը ծաւալով տրուած գրութեան կեդրոնական նկարը ցոյց կու տայ թերթիս խմբագրատունը եւ աշխատակազմը։
Ստորեւ, թարգմանաբար կու տանք գրութեան բաժինը, որ կապուած է «Ազատ Օր»-ի ներկայացման հետ։
* * *
Քալիթէայի շրջանի շէնքի մը հինգերորդ յարկին վրայ, Մայք Չիլինկիրեան գրեթէ առանձին կը հրատարակէ օրաթերթ մը, որ կը հաշուէ 103 տարուան տպագիր կեանք։ Ան կը կատարէ նիւթերու ընտրութիւնն ու էջադրումը։ Վարչական գործերով ալ կը զբաղի։ Կը խմբագրէ նիւթեր յունարէն լեզուով – հայերէնի իր գիտութիւնը չի հասնիր հրատարակութեան աստիճանին։ Ան կը նկատուի գաղթականներու երրորդ սերունդի զաւակ եւ վերջին 11 տարիները կ՚աշխատի որպէս Յունաստանի մէջ հայալեզու միակ օրաթերթի տնօրէն։
Թերթը առաջին անգամ լոյս տեսաւ 1923-ին, — Փոքր Ասիոյ հայ գաղթականներու ժամանումէն քանի մը ամիս ետք, — «Նոր Օր» անունով։ Օրաթերթին անունը փոխուեցաւ պատերազմէն անմիջապէս ետք եւ ան վերակոչուեցաւ «Ազատ Օր»։
Մինչեւ մէկուկէս տարի առաջ, թերթի տպագիր թիւը լոյս կը տեսնէր ամէնօրեայ դրութեամբ, կը յայտնէ Մայք Չիլինկիրեան։ Բնականաբար, իր ամէնօրեայ հրատարակութիւնը կանգ չէ առած, սակայն օրական դրութեամբ կ՚առաքուի ելեկտրոնային pdf ձեւով, իսկ միայն Ուրբաթ օրերը լոյս կը տեսնէ տպագիր թիւը։
«Բազմաթիւ տնտեսական դժուարութիւններ գոյութիւն ունին, բայց նպատակ չունինք թողելու անոր հրատարակութեան ընթացքը»։
«Ազատ Օր»-ը լոյս կը տեսնէ որպէս Հ.Յ.Դաշնակցութեան թերթ եւ մինչեւ այսօր կը պահէ այդ կապը, կը յայտնէ պ. Չիլինկիրեան։ «Միշտ կը ջանանք աւելի մեղմ պահել կուսակցական ուղղութիւնը», կ՚աւելցնէ ան։
Հայերէն լեզուի գործակից խմբագիրի մը մասնակցութեամբ, թերթը կը պատրաստէ նիւթեր Հայաստանի, հայկական Սփիւռքի ու Հայոց ցեղասպանութեան մասին։ «Յունաստանի մէջ ապրող հայերը յունախօս են», կը շեշտէ ան, այսպէս՝ Յունաստանի լուրերը կարդալու համար հայալեզու միջոցի մը կարիքը չունին։
Օրաթերթի գլխաւոր նպատակը գոյութենական է, — «հայ լեզուի պահպանումը։ Մեզի համար շատ կարեւոր է համայնքի օճախներուն մէջ պահել հայկական թերթը»։
Հայկական «Ազատ Օր» թերթը, որ կը հրատարակուի 8-էն մինչեւ 12 էջ, կարելի է ստանալ տարեկան 120 եւրոյի բաժանորդագրութեամբ։ Կարգ մը հաստատութիւններու թերթը կը ղրկուի անվճար։ Մայք Չիլինկիրեան կը յայտնէ, թէ բացի կայքէջէն, օրաթերթը ունի մօտաւորապէս 800 ընթերցող։
Ք.Է.










