Ի գիտութիւն կը հաղորդենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, որ Սրբոց Վարդանանց Զօրավարացն Մերոց եւ 1036 Վկայիցն ազգային եւ եկեղեցական տօնին առիթով, պիտի մատուցուի Ս. պատարագ Գոքինիոյ ու Նէոս Գոզմոսի եկեղեցիներէն ներս, առաւօտեան ժամը 8։30-ին:
Հինգշաբթի, 12 Փետրուար 2026-ին, Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ պիտի պատարագէ արժ. Տ. Պարէտ քհնյ. Խաչերեան: Ներկայ պիտի գտնուի Հայ Կապոյտ Խաչի «Զաւարեան» ազգ. վարժարանի աշակերտութիւնը:
Հինգշաբթի, 12 Փետրուար 2026-ին, Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ պիտի պատարագէ արժ. Տ. Նարեկ քհնյ. Շահինեան։ Ներկայ պիտի գտնուին Հայ Կապոյտ Խաչի «Լ. եւ Ս. Յակոբեան» ազգ. վարժարանի, ինչպէս նաեւ «Ա. եւ Ժ. Ճէնազեան» միջնակարգի աշակերտութիւնը:
Եկէ՛ք մասնակից դառնանք Ս. Վարդանանց տօնի սրբազան արարողութեան եւ գօտեպնդուինք օրուան խորհուրդով ու պատգամով:
Կրօնական Ժողով










