Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի տաճար ընծայման տօնին՝ Տեառնընդառաջի առթիւ նախատօնակի արարողութիւնը պիտի կատարուի՝
— Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եւ Նէոս Գոզմոսի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցիներուն մէջ Ուրբաթ, 13 Փետրուար 2026-ի երեկոյեան ժամը 6-ին։
— Աթէնքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, նախատօնակի արարողութիւնը պիտի կատարուի Ուրբաթ, 13 Փետրուար 2026-ի երեկոյեան ժամը 7-ին։
- Ալեքսանտրուբոլիի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ նախատօնակի արարողութիւնը պիտի կատարուի Ուրբաթ, 13 Փետրուար 2026-ի երեկոյեան ժամը 4-ին։
- Գոմոթինիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, նախատօնակի արարողութիւնը պիտի կատարուի Ուրբաթ, 13 Փետրուար 2026-ի երեկոյեան ժամը 6-ին։
— Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, նախատօնակի արարողութիւնը պիտի կատարուի Շաբաթ, 14 Փետրուար 2026-ի երեկոյեան ժամը 7-ին։
Արարողութեան աւարտին, պահելով հայ ժողովուրդի դարաւոր աւանդութիւնը պիտի վառուի նաեւ խարոյկը։
Ուստի կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը, ներկայ գտնուելու Տեառնընդառաջի արարողութեան: Ինչպէս նաեւ կը քաջալերենք ծնողները, որպէսզի իրենց մանուկ զաւակները բերեն եկեղեցի, ընծայաբերելու համար Ս. Խորանին:
Կրօնական Ժողով










