­Տա­րե­մու­տի այս ա­ռա­ջին հանգ­րո­ւա­նին, երբ անհ­րա­ժեշտ կը դառ­նայ ազ­գա­յին եւ հա­ւա­քա­կան կեան­քի վե­րար­ժե­ւո­րու­մը, վե­րա­դա­սա­ւո­րո­ւած թի­րախ­նե­րու յստակ ճշդու­մը եւ հա­ւա­քա­կան սպա­սում­նե­րու վե­րա­նայ­ման կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը, ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն ա­ռաջ­նա­հերթ կը դառ­նան նաեւ հայ մա­մու­լի դե­րին շուրջ խոր­քա­յին մտո­րում­նե­րը։ Իւ­րա­քան­չիւր տա­րո­ւան սկիզ­բը ժա­մա­նա­կագ­րա­կան սահ­մա­նա­գիծ ըլ­լա­լէ ան­դին, նաեւ հա­ւա­քա­կան վե­րաքն­նու­թեան եւ ինք­նաքն­նու­թեան ա­ռիթ է՝ վե­րա­նա­յե­լու ան­ցած ու­ղին եւ վե­րաի­մաս­տա­ւո­րե­լու գա­լիք պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։
­Հայ մա­մու­լը, իր էու­թեամբ, եր­բեք չէ ե­ղած սոսկ լու­րե­րու փո­խանց­ման մի­ջոց։ Ան ազ­գա­յին գի­տակ­ցու­թեան ձե­ւա­ւոր­ման գոր­ծօն է, հա­սա­րա­կա­կան միտ­քի հա­յե­լին եւ քա­ղա­քա­կան ու ըն­կե­րա­յին գոր­ծըն­թաց­նե­րու քննարկ­ման վա­ւե­րա­կան հար­թա­կը։ Իր ա­ռա­քե­լու­թեան հա­ւա­տա­րիմ մնա­լու նա­խան­ձախնդ­րու­թեան մէջ, մա­մու­լը կը դառ­նայ ժո­ղո­վուր­դի խիղ­ճը՝ հար­ցադ­րող, մտա­հո­գող եւ ուղ­ղու­թիւն մատ­նան­շող։ Այս գի­տակ­ցու­թեամբ է, որ տա­րե­մու­տը մեզ կը մղէ վե­րար­ժե­ւո­րե­լու «Ա­զատ Օր»-ի ներ­կայ դերն ու ա­նոր ա­պա­գայ ու­ղե­գի­ծը։
­Յու­նա­հայ գա­ղու­թի ի­րա­կա­նու­թեան ներ­քոյ, ուր ազ­գա­յին կեան­քը կը գո­յա­տե­ւէ բազ­մա­շերտ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու դի­մաց՝ ձու­լու­մի, սե­րունդ­նե­րու լե­զո­ւա­կան հե­ռաց­ման, հա­ւա­քա­կան մտա­ծո­ղու­թեան նա­հան­ջին, ժա­մա­նա­կի ա­րա­գըն­թաց փո­փո­խու­թիւն­նե­րու պայ­ման­նե­րուն մէջ, հայ մա­մու­լի դե­րը կը դառ­նայ ա­ւե­լի զգա­յուն եւ պա­տաս­խա­նա­տու։ Այս­տեղ, մա­մու­լը տե­ղե­կա­տո­ւա­կան հար­թակ ըլ­լա­լու հան­գա­ման­քին ա­ռըն­թեր, հա­ւա­քա­կան ինք­նու­թեան պահ­պան­ման հիմ­նա­կան ազ­դակ­նե­րէն մէկն է։
«Ա­զատ Օր» օ­րա­թեր­թը, հա­ւա­տա­րիմ իր ա­ւե­լի քան 80-ա­մեայ վաս­տա­կին, այս ի­րա­կա­նու­թեան մէջ ստանձ­նած է ա­ռանձ­նա­յա­տուկ դե­րա­կա­տա­րու­թիւն՝ որ­պէս ազ­գա­յին, քա­ղա­քա­կան եւ հա­մայ­նա­կան կեան­քը հա­մադ­րող ու մեկ­նա­բա­նող ան­վի­ճե­լի ներ­կա­յու­թիւն։
«Ա­զատ Օր»-ը տա­րի­ներ շա­րու­նակ ե­ղած է ոչ միայն ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու ար­ձա­նագ­րո­ղը, այլ նաեւ հա­ւա­քա­կան մտա­ծո­ղու­թիւն ձե­ւա­ւո­րո­ղը։ ­Թեր­թը իր ըն­թեր­ցող­նե­րու գի­տակ­ցու­թեան եւ ըն­կա­լում­նե­րուն նե­րաշ­խար­հին մէջ հաս­տա­տուած հար­թակ է, ուր ազ­գա­յին հիմ­նախն­դիր­նե­րը կը քննար­կո­ւին պա­տաս­խա­նա­տու մօ­տե­ցու­մով, քա­ղա­քա­կան զար­գա­ցում­նե­րը կը մեկ­նա­բա­նուին փաս­տար­կո­ւած կեր­պով, իսկ հա­մայ­նա­կան խնդիր­նե­րը կը դի­տար­կո­ւին գա­ղու­թի ներ­քին կա­րիք­նե­րուն եւ հե­ռան­կար­նե­րուն լոյ­սին տակ։ Այս ի­մաս­տով, մեր օ­րա­թեր­թը կո­չո­ւած է գո­յա­տե­ւել որ­պէս ար­տա­յայ­տու­թեան մի­ջոց, բայց նաեւ մտա­ծու­մի ձայն՝ տե­ւա­բար խո­րաց­նող, հար­ցադրող եւ եր­բեմն ալ ան­հանգս­տաց­նող։
­Հայ մա­մու­լի հիմ­նա­րար ա­ռա­քե­լու­թիւն­նե­րէն մէ­կը կը դրսե­ւո­րո­ւի նաեւ լե­զո­ւա­կան դաշ­տին մէջ։ ­Հա­յե­րէ­նի պահ­պա­նու­մը եւ զար­գա­ցու­մը պէտք չէ դի­տար­կել որ­պէս երկ­րոր­դա­կան խնդիր, այլ գո­յու­թե­նա­կան հրա­մա­յա­կան։ ­Լե­զուն ազ­գի հո­գե­ւոր եւ ի­մա­ցա­կան կա­ռոյցն է, իսկ մա­մու­լը՝ ա­նոր կեն­դա­նի հոս­քը։ Ութ տաս­նա­մեակ­նե­րէ ի վեր, «Ա­զատ Օր»-ը այս պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը կը կրէ կրկնա­կի ծան­րու­թեամբ՝ սա­տա­րե­լով ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի պահ­պան­ման եւ միա­ժա­մա­նակ զայն գոր­ծա­ծե­լով հա­յու­թեան քա­ղա­քա­կան, ըն­կե­րա­յին եւ հո­գեմ­տա­ւոր խնդիր­նե­րու ար­տա­յայտ­ման հա­մար։ ­Հա­կա­ռակ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի ա­րա­գա­շարժ նա­հան­ջին, հա­յե­րէն լե­զուն պէտք է ապ­րի, զար­գա­նայ եւ ար­ձա­գան­գէ ժա­մա­նա­կի պա­հանջ­նե­րուն, դառ­նա­լով նաեւ նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րու ո­գեշն­չող աղ­բիւ­րը իբ­րեւ անգ­նա­հա­տե­լի գոր­ծօն մեր պատ­մամ­շա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան պահ­պան­ման։
­Մա­մու­լի դե­րը պէտք է դի­տար­կել նաեւ կամրջող ըլ­լա­լու պա­տաս­խա­նա­տու­թեան մէջ։ ­Հայ­րե­նի եւ սփիւռ­քեան հա­յաշ­խար­հի ի­րա­զե­կու­մը եւ հա­մընդ­հա­նուր ճա­կա­տագ­րի գի­տակ­ցու­թեան ամ­րապն­դու­մը հայ մա­մու­լի ան­փո­խա­րի­նե­լի ա­ռա­քե­լու­թիւն­նե­րէն են։ ­Հա­յաս­տա­նի աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը չեն կրնար սփիւռ­քեան ըն­թեր­ցո­ղին ներ­կա­յա­ցո­ւիլ լոկ մա­կե­րե­սա­յին տե­ղե­կա­տո­ւու­թեամբ։ Ա­նոնք կը պա­հան­ջեն բա­ցատ­րու­թիւն, պատ­մա­կան եւ ռազ­մա­վա­րա­կան լայն շրջա­գի­ծի մը մէջ դի­տար­կում, ինչ­պէս նաեւ բազ­մա­զան տե­սա­կէտ­նե­րու հա­մադ­րում ու վեր­լու­ծա­կան կա­րե­լիու­թիւն։ Ա­ռանց այս աշ­խա­տան­քին, տե­ղե­կա­տո­ւու­թիւ­նը կը վե­րա­ծո­ւի պար­զու­նակ հոս­քի ու կը կորսնց­նէ իր ի­մաս­տը։
Այս կէ­տին վրայ «Ա­զատ Օր»-ի ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը կը ստա­նայ նոր խորք։ Օ­րա­թեր­թը կո­չո­ւած է զար­գաց­նել վեր­լու­ծա­կան բե­մը, ուր ­Հա­յաս­տա­նի եւ ընդ­հան­րա­պէս հա­յու­թեան առ­ջեւ կանգ­նած մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը պէտք է քննար­կո­ւին վեր­լու­ծա­կան հա­յեաց­քով, ա­ռանց զգա­ցա­կան ծայ­րա­յե­ղու­թիւն­նե­րու եւ քա­ղա­քա­կան պար­զե­ցում­նե­րու։ Ն­ման բե­մի գո­յու­թիւնն ու ամ­րապն­դու­մը անհ­րա­ժեշտ է ա­ռողջ հան­րա­յին կար­ծիք ձե­ւա­ւո­րե­լու եւ պա­տաս­խա­նա­տու քա­ղա­քա­կան դիր­քո­րո­շում մշա­կե­լու հա­մար։ ­Մա­մու­լը պէտք է ըն­թեր­ցո­ղը դրդէ մտա­ծե­լու եւ կար­ծիք ձե­ւա­ւո­րե­լու, եւ ոչ միայն մնա­լու ար­ձա­գան­գո­ղի դե­րին մէջ, վե­րա­փո­խե­լով նաեւ սփիւռ­քեան պայ­ման­նե­րուն մէջ ձե­ւա­ւո­րո­ւող մտայ­նու­թիւ­նը, ուր հայ մար­դը սկսած է դառ­նալ միայն ըն­կա­լող ու կրա­ւո­րա­կան դի­տորդ։
­Տա­րե­մու­տը նաեւ ինք­նաքն­նու­թեան եւ վե­րա­նո­րոգ­ման պահ է։ «Ա­զատ Օր»-ը, իր ան­ցած ու­ղին ար­ժե­ւո­րե­լով, կանգ­նած է նո­րա­նոր պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րու առ­ջեւ։ ­Տե­ղե­կա­տո­ւա­կան դաշ­տի փո­փո­խու­թիւ­նը, թո­ւա­յին մի­ջա­վայ­րի ազ­դե­ցու­թիւ­նը եւ ըն­թեր­ցո­ղի պա­հանջ­նե­րու փո­փո­խու­թիւ­նը կը պար­տադ­րեն նոր ձե­ւա­չա­փեր եւ նոր մօ­տե­ցում­ներ։ ­Սա­կայն, այս բո­լո­րը չեն կրնար փո­խա­րի­նել թեր­թի հիմ­նա­կան սկզբունք­նե­րը՝ հա­մո­զիչ միտ­քի ար­տա­յայ­տու­թիւն, գա­ղա­փա­րա­կան եւ ազ­գա­յին պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն, գա­ղու­թա­յին ծա­ռա­յու­թիւն։
Ի վեր­ջոյ, հայ մա­մու­լը եւ մաս­նա­ւո­րա­բար «Ազատ Օր»-ը կո­չո­ւած են ըլ­լալ հա­յաշ­խար­հի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու տե­ւա­կան ար­ձա­նագ­րո­ղը, բայց մաս­նա­ւո­րա­պէս ուղ­ղու­թիւն տո­ւող ու­ժը։ Ս­թա­փեց­նող խօս­քը, խո­րազ­նին վեր­լու­ծու­թիւ­նը եւ սկզբուն­քա­յին դիր­քո­րո­շու­մը այն ու­ղի­ներն են, ո­րոնց մի­ջո­ցով թեր­թը պի­տի կա­րո­ղա­նայ զար­գաց­նել ըն­թեր­ցո­ղի ի­մա­ցա­կան աշ­խար­հը եւ զայն սեր­տօ­րէն կա­պել իր ազ­գա­յին ու հա­մայն­քա­յին ա­ռա­քե­լու­թեան։
Այս գի­տակ­ցու­թեամբ է, որ տա­րե­մու­տի ներ­կայ հանգ­րո­ւա­նին «Ա­զատ Օր» կը վե­րա­հաս­տա­տէ իր կո­չու­մը՝ շա­րու­նա­կե­լու մնալ ար­տա­յայ­տու­թեան վա­ւե­րա­կան մի­ջոց, մտա­ծու­մի ձայն եւ յու­նա­հայ գա­ղու­թի մտա­ւոր խիղ­ճը։ «Ա­զատ Օր»-ի կո­չումն է՝ հա­կա­ռակ մա­մու­լի տագ­նապ­նե­րուն, պա­հել այդ գի­տակ­ցու­թիւ­նը ար­թուն եւ պա­տաս­խա­նա­տու։