­Կազ­մա­կեր­պու­թեան հայ կա­թո­ղի­կէ ժո­ղովր­դա­պե­տու­թեան, Եր­կու­շաբ­թի, 16 ­Փետ­րո­ւար 2026-ի ե­րե­կո­յեան, ­Ֆիք­սի հայ կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ նշո­ւե­ցաւ ­Վար­դա­նանց հե­րո­սա­մար­տը հրա­պա­րա­կա­յին ձեռ­նար­կով, ո­րուն յայ­տա­գի­րը կը պա­րու­նա­կէր բա­նա­խօ­սու­թիւն եւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան բա­ժին։ Ե­լոյ­թը կը վա­յե­լէր հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը հայ կա­թո­ղի­կէ վի­ճա­կա­ւոր Տ. ­Մի­քա­յէլ վրդ. ­Պա­սա­լէի։ ­Ներ­կայ էին Կ­րե­տէի հո­գե­ւոր տե­սուչ Տ. Եզ­նիկ արք. ­Պետ­րո­սեան, ­Նէոս ­Գոզ­մո­սի հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. ­Նա­րեկ քհնյ. ­Շա­հի­նեան, միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ կո­կիկ թի­ւով հայ­րե­նա­կից­ներ։ Ե­լոյ­թի բա­ցու­մը կա­տա­րեց Սարին Մանոյեան, որ ող­ջու­նեց հիւ­րե­րու եւ ժո­ղո­վուր­դի ներ­կա­յու­թիւ­նը եւ հա­կիրճ անդ­րադ­րա­ձաւ ­Վար­դա­նանց տօ­նի ի­մաս­տին։
­Յա­ջոր­դա­բար, բեմ հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ Եզ­նիկ սրբա­զա­նը, որ մղո­ւած օ­րո­ւան բա­նա­խօ­սու­թեան ներ­կա­յա­ցու­մէն, իր անձ­նա­կան ապ­րում­նե­րը ար­տա­յայ­տեց ­Յա­կոբ ­Ճէ­լա­լեա­նի մա­սին, որ­պէս մտա­ւո­րա­կան եւ բա­նա­սէր անձ, որ կա­րե­ւոր ներդ­րում ու­նե­ցաւ հայ գի­րին ու հայ ազ­գագ­րա­կան գան­ձա­րա­նին վրայ։
Օ­րո­ւան խօ­սողն էր Ար­տա ­Ճէ­լա­լեան, ներ­կա­յաց­նե­լով իր հօր՝ ­Յա­կոբ ­Ճէ­լա­լեա­նի աշ­խա­տու­թիւ­նը ­Վար­դա­նանց հե­րո­սա­պա­տու­մին մա­սին։
Ան իր խօս­քի յա­ռա­ջա­բա­նին ընտ­րե­լով «Վար­դա­նանց՝ սկզբնաղ­բիւր մեր բո­լոր պայ­քար­նե­րուն» խօս­քը, նշեց. «­Հայ ժո­ղո­վուր­դը ազ­գա­յին գի­տակ­ցու­թիւն ու­նե­ցած օ­րէն՝ պայ­քա­րի մէջ է: Ու այդ պայ­քա­րի յա­ջող ել­քին հա­մար լա­րած է իր բնա­կան եւ հո­գե­կան ու­ժե­րը: ­Հայ­կի ընդ­դէմ ­Բէ­լի պայ­քա­րին մէջ ա­ղե­տի ու նե­տի կող­քին, եր­կուն­քի մէջ էր նաեւ եր­կինք ու եր­կիր,­Վա­հագն՝ ­Զէու­սի հա­մա­զօ­րը, ար­քայ էր եւ աս­տո­ւա­ծու­թիւն, ու­րար­տա­կան շրջա­նի Ար­գիշ­տին ծուա­րած էր աս­տո­ւա­ծու­թիւն խորհր­դան­շող Ու­րար­տու լե­րան փե­շե­րուն, իսկ ­Հայ ազ­գի կազ­մու­թեան ար­շա­լոյ­սին ­Մես­րոպ – ­հա­յու­թեան այդ հիմ­նա­քա­րը – ­զի­նո­ւո­րա­կան էր ու միա­ժա­մա­նակ՝ հո­գե­ւո­րա­կան:
Ա­հա՛, այդ օ­րէն է որ կողք կող­քի ըն­թա­ցան ­Սուրն ու ­Խա­չը: Եւ ինչ­պէս բո­լոր ազ­գե­րուն հա­մար՝ հա­յու­թեան հա­մար եւս տրո­ւած էր ծննդեան հաս­տա­տագ­րին հետ, պայ­քա­րի ազ­դան­շա­նը: ­Միայն թէ, ո­րոշ ազ­գե­րու հա­մար այդ պայ­քա­րը ա­ւե­լի սուր է եւ առն­չո­ւած իր լի­նե­լիու­թեան հետ: ­Պայ­քա­րը հա­յուն հա­մար սո­վո­րոյթ է, մտայ­նու­թիւն ու մասն իր կեան­քի՝ ո­րուն հետ հաշ­տուած է: ­Տե­ւա­կան պա­տե­րազմ մըն է այն, բաժ­նո­ւած ան­թիւ կռիւ­նե­րու, ո­րոնք –­ ըստ ի­րենց կա­րե­ւո­րու­թեան – ­կո­չած ենք ճա­կա­տա­մարտ, դիւ­ցազ­նա­մարտ, մա­հու — կե­նաց գու­պար՝ գո­յա­մարտ»:
­Խօսո­ղը ու­րո­ւագ­ծեց հե­րո­սա­մար­տի պատ­մա­կան տո­ւեալ­նե­րը, տա­լով ա­նոր յա­ջոր­դած պատ­մա­քա­ղա­քա­կան հո­լո­վոյթ­նե­րը։ ­Շա­րու­նա­կե­լով, զու­գա­հեր գի­ծեր քա­շեց հայ ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի եւ ­Մա­յի­սեան ան­կա­խու­թեան սխրա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն հետ, հաս­նե­լով մին­չեւ մե­րօ­րեայ ա­զա­տագ­րա­կան պա­տում­նե­րը եւ դրո­ւա­տեց հայ ժո­ղո­վուր­դի պայ­քա­րե­լու ան­թուլ կամ­քը։
Ե­րե­կո­յի գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տա­գի­րը հայ­կա­կան ժո­ղովր­դա­յին եւ ա­շու­ղա­կան ե­րաժշ­տու­թեան փունջ մըն էր, հրամ­ցուած ­Վա­հան ­Գալս­տեա­նի կող­մէ տու­տու­կի վրայ եւ ­Լեւ­թե­րիս ­Խա­վու­ծա­սի կող­մէ կի­թա­ռի վրայ։ Եր­կու ա­րո­ւես­տա­գէտ­նե­րը մեկ­նա­բա­նե­ցին ­Սա­յաթ ­Նո­վա­յի եւ ­Կո­մի­տա­սի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներ, գո­հաց­նե­լով ներ­կա­նե­րու ճա­շա­կը։
Ե­լոյ­թի ա­ւար­տին յա­ջոր­դեց հիւ­րա­սի­րու­թիւն եւ մտեր­միկ զրոյց։

ԹՂԹԱԿԻՑ