Երեքշաբթի, 17 Փետրուարին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան պաշտօնական այցելութեամբ պիտի գտնուի Յունաստան՝ հանդիպումներ ունենալու համար երկրի նախագահին եւ պետական բարձրագոյն ներկայացուցիչներուն հետ։ Ժամանակագրական առումով, այցելութիւնը կը համընկնի տարածաշրջանային լուրջ վերափոխումներու, ուժային հաւասարակշռութիւններու վերաձեւաւորման եւ միջազգային յարաբերութիւններու սրացման փուլին, ինչ որ անոր կը հաղորդէ քաղաքական իմաստ, բայց նա՛եւ պատասխանատուութիւն։
Հայ եւ յոյն ժողովուրդներու յարաբերութիւնները արմատաւորուած են պատմութեան խորքերուն մէջ։ Երկու քաղաքակրթութիւններուն միջեւ գոյացած քաղաքական, պատմամշակութային, կրօնական եւ տնտեսական շփումները դարեր շարունակ ստեղծած են վստահութեան եւ փոխըմբռնումի հենք մը, որուն վրայ կարելի է ընդլայնել ժամանակակից ռազմավարական գործակցութիւնը։ Երկու պետութիւններու բարեկամութիւնը պարտի վերածուիլ լայն եւ խորքային գործընկերութեան՝ ընդգրկելով անվտանգային, դիւանագիտական, տնտեսական եւ տարածաշրջանային գործակցութեան ոլորտներու առաւել հզօրացումը։
Վերջին 35 տարիներուն, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահներու այցելութիւնները Յունաստան եւ յոյն պետական ղեկավարներու փոխադարձ այցելութիւնները Հայաստան հանդիսացած են երկկողմանի յարաբերութիւններու շարունակական զարգացման կարեւոր հանգրուաններ։ Այս հանդիպումները ամրապնդած են քաղաքական երկխօսութիւնը, շեշտաւորած են փոխադարձ աջակցութիւնը միջազգային հարթակներու վրայ եւ ստեղծած են գործակցութեան նոր ուղիներ։
Ներկայ այցելութիւնը պէտք է ընկալել որպէս անցեալէն հաստատուած շղթայի մը ուղենշային եւ տրամաբանական շարունակութիւն։ Միաժամանակ՝առիթ մըն է վերարժեւորելու մինչեւ այժմ արձանագրուած ձեռքբերումները, սահմանելով ապագայ ռազմավարական առաջնահերթութիւնները։
Այցելութեան օրակարգին մէջ առանձնայատուկ տեղ պարտի գրաւել Արցախի հիմնահարցը։ Կ՚ակընկալենք, որ Հայաստանի նախագահը յոյն քաղաքական ղեկավարութեան առջեւ անյապաղ եւ յստակ շեշտով պիտի ներկայացնէ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի ժողովուրդին դէմ իրականացուած զանգուածային բռնարարքները, արցախահայութեան ամբողջական վտարումը իր բնիկ հայրենիքէն, պատմամշակութային կոթողներու հետեւողական ոչնչացումը եւ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ապօրինի դատավարութիւնն ու վճիռները։ Այս հարցերը կը վերաբերին միջազգային իրաւունքի հիմնարար սկզբունքներուն եւ չեն կրնար դիտուիլ որպէս «փակուած էջեր» պաշտօնական Հայաստանի ու իր դաշնակիցներուն կողմէ։
Առաւել հրատապ է Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ու մնացեալ հայ գերիներու ազատ արձակման հարցը։ Յունաստան, որպէս միջազգային իրաւունքի եւ ժողովրդավարական արժէքներու պաշտպան երկիր, պարտի այս հարցերը արծարծել Եւրոպական Միութեան եւ միջազգային ատեաններուն մէջ։ Հայաստանի դիւանագիտութեան խնդիրն է՝ այս ուղղութեամբ ձեւաւորել համակարգուած աշխատանք եւ ընդլայնել դաշնակիցներու շրջանակը՝ հիմնուելով փաստերու, իրաւական փաստարկներու եւ միջազգային պարտաւորութիւններու վրայ, որպէսզի վերականգնի արցախահայութեան վերադարձի հիմնարար իրաւունքը։
Խաղաղութեան օրակարգը Հարաւային Կովկասի մէջ կը մնայ արդիական, սակայն անոր իրական բովանդակութիւնը չի կրնար դիտարկուիլ Ատրպէյճանի վտանգաւոր եւ շարունակական պահանջներուն դիմաց քաղաքական, տնտեսական ու անվտանգային զիջումներով, ոչ ալ Պաքուի բռնապետին ուղղուած «հանրային շնորհակալութիւններու» շռայլախօս արտայայտութիւններով։
Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան հաստատումը հնարաւոր կը դառնայ միայն այն պարագային, երբ ան ամբողջութեամբ յարգէ իր միջազգային պարտաւորութիւնները Արցախի հանդէպ, դադրեցնէ Արցախի ժողովուրդին դէմ գործադրուած ցեղասպանական քաղաքականութիւնը, ապահովէ գերիներու ազատ արձակումը, վերջ տրուի Պաքուի իշխանաւորներու շարունակական հայատեացութեան, միաժամանակ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը անյապաղ դուրս գան Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներէն՝ յարգելով Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը։
Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը կանգնած է բարդ ընտրութիւններու առջեւ։ Անոնք կը պահանջեն բծախնդիր գնահատում, սկզբունքային դիրքորոշում եւ դաշնակիցներու հետ համակարգուած գործակցութիւն։ Այս իմաստով, Յունաստանի հետ յարաբերութիւնները ունին առանձնայատուկ նշանակութիւն, քանի որ երկու երկիրներն ալ նոյ՛ն տարածաշրջանէն ներս կը բախին անվտանգային մարտահրաւէրներու, կը դիմագրաւեն հասարակաց վտանգներ՝ միջազգային իրաւունքի խախտումներու եւ տարածաշրջանային անորոշութիւններու սպառնալիքներուն դիմաց։
Վահագն Խաչատուրեանի այցելութիւնը Աթէնք կրնայ իմաստաւորուիլ որպէս քաղաքական երկխօսութեան ու գործակցութեան հնարաւորութիւն, եթէ ան ուղեկցուի յստակ ուղերձներով, սկզբունքային պահանջներով եւ երկարաժամկէտ տեսլականով։
Հայ-յոյն աւանդական բարեկամութիւնը ունի ներուժ՝ վերածուելու ռազմավարական գործընկերութեան, որ պիտի ծառայէ երկու ժողովուրդներու անվտանգութեան, կայունութեան եւ արդիւնաւէտ գործակցութեան նպատակներուն։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ Վահագն Խաչատուրեանի այցելութիւնը Աթէնք եւ պետական պարտաւորութիւնը Արցախի հիմնահարցով










