Կիրակի 18 Յունուար 2026-ի առաւօտեան, Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ պատարագի աւարտին, Թաղային խորհուրդի ու Տիկնանց մարմնոյ կազմակերպութեամբ, եկեղեցւոյ սրահին մէջ կատարուեցաւ ամանորի գաթայի կտրումը։ Ընդառաջելով հրաւէրներուն, ձեռնարկին ներկայ էին եկեղեցւոյ դպրապետը, սարկաւագները, դպիրներն ու երգչախումբի անդամները, տեղւոյն միութիւններու ներկայացուցիչներն ու հաւատացեալ ժողովուրդը։
Հոգեւոր հովիւ Տ. Պարէտ քհնյ. Խաչերեան, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն ապա յատուկ կերպով անդրադարձաւ սփիւռքահայ մեր իրականութեան եւ գոյապայքարին մէջ հայ եկեղեցւոյ կարեւոր ներդրումին մասին։ Ան շեշտեց, թէ հայ եկեղեցին Աստուծոյ տունն է, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր հայու տունը։ Ապա ակնարկ մը կատարեց ան, յունահայ գաղութէն ներս հոգեւոր ու ազգային ոգիի վերանորոգման ու սերունդէ սերունդ փոխանցման առաքելութեան մէջ Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ կարեւոր դերին շուրջ։ Աւարտին տեղի ունեցաւ գաթայի կտրումը եւ օրուան բախտաւորը ստացաւ գեղեցիկ նուէր մը։
Թղթակից










