Եր­կու­շաբ­թի, 5 ­Յու­նո­ւար 2026-ին, ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7-ին, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ կա­տա­րուե­ցաւ ­Ճա­շու եւ Ե­րե­կո­յեան ժա­մեր­գու­թիւն, ինչ­պէս նաեւ ըն­թեր­ցո­ւած­նե­րու ներ­կա­յա­ցում: Ա­պա, մա­տու­ցո­ւե­ցաւ Ս. Ծնն­դեան Ճ­րա­գա­լոյ­ցի Ս. ­Պա­տա­րագ:
Եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րո­ւե­ցաւ ե­կե­ղեց­ւոյս դպրաց դա­սին կող­մէ, իսկ Ս. ­Խո­րա­նի սպա­սար­կու­թիւ­նը՝ սար­կա­ւագ­նե­րու կող­մէ: ­Պա­տա­րա­գիչ ­Հայր սուր­բը իր քա­րո­զին մէջ անդ­րա­դար­ձաւ ­Յի­սուս ­Մա­նու­կին Ծնն­դեան դրո­ւա­գին: Ան խօ­սե­ցաւ եր­կու հիմ­նա­կան կեր­տե­րու մա­սին. ա­ռա­ջին՝ ­Խա­ղա­ղու­թիւն եւ երկ­րորդ՝ ­Սէր: Քա­րո­զի ա­ւար­տին ան շնոր­հա­ւո­րեց բո­լոր հա­ւա­տա­ցեալ զա­ւակ­նե­րուն Ս. Ծ­նուն­դը ու ա­նոնց մաղ­թեց, որ Աս­տո­ւած Ի՛ր օրհ­նու­թիւնն ու շնորհ­նե­րը ա­ռա­տա­պէս պար­գե­ւէ իւ­րա­քան­չիւ­րին ըն­տա­նիք­նե­րուն եւ ­Յի­սուս ­Մա­նու­կին Ծ­նուն­դը ա­ռիթ դառ­նայ մեր իւ­րա­քան­չիւ­րին ան­ձե­րը վե­րա­նո­րո­գե­լու եւ ­Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի ներ­կա­յու­թեամբ մեր կեան­քե­րը հարստաց­նե­լու: Ա­պա ա­ղօ­թեց, որ Աս­տո­ւած մեր հայ ազ­գի զա­ւակ­նե­րուն ա­մէն տե­սա­կի չա­րէ, չա­րի­քէ եւ փոր­ձու­թիւն­նե­րը հե­ռու պա­հէ եւ մեր նա­հա­տակ զի­նո­ւոր­նե­րուն ծնող­նե­րը Ս. ­Հոգ­ւով մխի­թա­րէ ու ա­նոնց ար­ցուն­քը ժպի­տի վե­րա­ծէ:
Ս. ­Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին, ա­ւան­դու­թեան հա­մա­ձայն, տե­ղի ու­նե­ցաւ նա­խա­տօ­նակ, ուր սար­կա­ւագ­ներն ու հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը միաս­նա­բար եր­գե­ցին «­Խոր­հուրդ ­Մեծ» եւ «Այ­սօր ­Տօն է» շա­րա­կան­նե­րը: Այդ ըն­թաց­քին ­Հայր սուր­բը խո­րա­նէն Ք­րիս­տո­սի լոյ­սը առ­նե­լով փո­խան­ցեց հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն, որ­պէս­զի ի­րենց հետ տուն տա­նին:
Ս. ­Պա­տա­րա­գէն ան­մի­ջա­պէս ետք, «­Տէր ­Զա­քա­րեան» սրա­հէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­կե­ղեց­ւոյս ­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուր­դին կող­մէ կազ­մա­կեր­պո­ւած գա­թա­յի հա­տում եւ հա­մեստ հիւ­րա­սի­րու­թիւն: ­Հայր սուր­բը խօսք առ­նե­լով շնոր­հա­ւո­րեց բո­լո­րին ­Նոր ­Տա­րին եւ Ս. Ծ­նուն­դը մաղ­թե­լով ա­ռողջ, ու­րախ եւ յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րով լե­ցուն տա­րի մը: Ա­պա ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Ք­րիս ­Ղա­լի­լէաս թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­նու­նով շնոր­հա­ւո­րեց ներ­կա­նե­րուն ­Նոր ­Տա­րին եւ Ս. Ծ­նուն­դը:
­Գա­թա­յի հա­տու­մէն ետք քաղցր սո­վո­րու­թեան հա­մա­ձայն Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. ­Թեհ­լի­րեան» խում­բի ե­րի­տա­սարդ­ներն ու ե­րի­տա­սար­դու­հի­նե­րը խում­բե­րու բաժ­նո­ւե­ցան եւ շրջա­գա­յե­ցան մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն տու­նե­րը ու ­Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի Ծնն­դեան Ա­ւե­տի­սը յայտ­նե­ցին ա­նոնց:
Ե­րեք­շաբ­թի, 6 ­Յու­նո­ւար 2026-ին, ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10:30-ին, մա­տու­ցո­ւե­ցաւ Ս. Ծնն­դեան եւ Աս­տո­ւա­ծա­յայտ­նու­թեան Ս. ­Պա­տա­րագ, որ մա­տու­ցեց շրջա­նիս հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Ե­ղիա վրդ. ­Մալ­խա­սեան: Ս. ­Պա­տա­րա­գին ներ­կայ էին ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի, ­Տիկ­նանց միու­թեան ան­դամ-ան­դա­մու­հի­նե­րը, շրջա­նիս գոր­ծող բո­լոր միու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը եւ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու խուռ­նե­րամ խում­բը:
Ս. ­Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին, ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ջա­կող­մը գտնո­ւող Ս. Մկր­տա­րա­նէն՝ «­Լոյս ի լու­սոյ» շա­րա­կա­նով, սրբա­լոյս ­Միւ­ռո­նը Ս. ­Խո­րան բե­րո­ւե­ցաւ եւ շա­րա­կան­նե­րու եր­գե­ցո­ղու­թեամբ, ա­ղօթք­նե­րու ըն­թեր­ցա­նու­թեամբ եւ Ս. ­Միւ­ռո­նի հե­ղու­մով կա­տա­րո­ւե­ցաւ Ջ­րօրհ­նէ­քի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը: Ս. ­Խա­չի կնքա­հայրն էր ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դիս փոխ-ա­տե­նա­պետ Ա­րամ Էս­քի­ճեան: Ս. ­Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին, ե­կե­ղեց­ւոյ սար­կա­ւագ­նե­րուն կող­մէ մեր ժո­ղո­վուր­դին բաժ­նո­ւե­ցաւ օրհ­նո­ւած ջուր:

ԹՂԹԱԿԻՑ