Ուրախութեամբ կը ծանուցանենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, որ Կիրակի, 14 Սեպտեմբեր 2025-ին, Գավալայի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ տօնին առիթով, եկեղեցւոյս մէջ տեղի պիտի ունենայ եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ եւ Մատաղօրհնութիւն:
ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
Շաբաթ, 13 Սեպտեմբեր Աղօրհնէք, առաւօտեան ժամը 8։30-ին։
Կիրակի, 14 Յունուար Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ
եւ ապա Մատաղօրհնէք, առաւօտեան ժամը 10։30-ին։
Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ՝
Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. ՍԱՀԱԿ Ս. ԵՄԻՇԵԱՆ։
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը հոգեպէս հարստանալու մեր աւանդական արարողութիւններով:
ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒ ԵՒ ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ










