­Սուրբ Պատարագ եւ մատաղօրհնութիւն Գարէայի մատռան «Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ» խորանի օծման տարեդարձին եւ անուանակո­չութեան ա­ռիթով

0
25

Ի գի­տու­թիւն մեր հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դին, կը հա­ղոր­դենք, թէ ­­Շա­բաթ, 12 ­­Յու­լիս 2025-ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7-ին, ­­Գա­րէա­յի «Ս. ­­Սա­հակ եւ Ս. ­­Մես­րոպ» ­խո­րա­նի օծ­ման տա­րե­դար­ձին ու ա­նո­ւա­նա­կո­չու­թեան տօ­նին ա­ռի­թով, ­մատ­ռան մէջ պի­տի մա­տու­ցո­ւի ­­Սուրբ եւ Ան­մահ ­­Պա­տա­րագ եւ պի­տի կա­տա­րո­ւի ­մա­տա­ղօրհ­նու­թիւն, ո­րուն պի­տի հան­դի­սա­պե­տէ եւ իր հայ­րա­կան պատ­գա­մը փո­խան­ցէ, ­­
Յու­նաս­տա­նի ­­Հա­յոց ­թե­մի Ա­ռաջ­նորդ
ԳԵՐԱՇՆՈՐՀ Տ. ՍԱՀԱԿ Ս. ԵՊՍ. ԵՄԻՇԵԱՆ

­­Պի­տի պա­տա­րա­գէ շրջա­նիս ­հո­գե­ւոր հո­վիւ արժ. Տ. ­­Նա­րեկ քհնյ. ­­Շա­հի­նեան

Եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը պի­տի կա­տա­րո­ւի ­­Գա­րէա­յի
եւ ­­Նէոս ­­Գոզ­մոս(­­Ֆիքս)ի շրջա­նի դ­­պիր­նե­րուն կող­մէ,
դպ­­րա­պե­տու­թեամբ բրշ. ­­Պետ­րոս սրկ. ­­Պար­սա­մեա­նի:

Ա­ւար­տին տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ մա­տա­ղի օրհ­նու­թիւն, ա­պա ­հո­գե­հանգստեան ­պաշ­տօն շրջա­նիս հան­գու­ցեալ ­քա­հա­նա­նե­րու, սար­կա­ւագ­նե­րու, դ­­պիր­նե­րու, ծա­ռա­յող­նե­րու եւ բա­րե­րար­նե­րու յի­շա­տա­կին:

Այ­սու կը հրա­ւի­րո­ւի ուխ­տա­ւոր եւ հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դը, մաս­նա­կից դառ­նա­լու տօ­նա­կա­տա­րու­թեան եւ վերանորոգուելու մեր սր­­բա­զան ­հայ­րե­րուն հա­ւատ­քով:

ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ԳԱՐԷԱ-ԿԷՍԱՐԵԱՆԻԻ