Յունահայութեան ծանօթ արուեստագէտ Սարօ Տէմիրճեան, իր գեղարուեստական բարձր ճաշակը անգամ մը եւս հրամցուց հանրութեան, կազմակերպելով բացառիկ ցուցահանդէս մը, նիւթ ունենալով հայկական եւ բիւզանդական քրիստոնէական ճարտարապետութիւնը, որուն գլխաւոր արտայայտիչները կը դառնան վանքերու եւ եկեղեցիներու հնամեայ սրբակոթողները։
Արուեստագէտը կը յայտնէ, թէ փոքրուց զմայլած էր հայ հոգեւոր երաժշտութեան մեղեդիներով, որոնց հետ ընտելացաւ իր ծննդավայր Լիբանանի մէջ՝ եկեղեցի յաճախած պահերուն։ Տարիներ յետոյ, երբ առիթ ունեցաւ քանիցս Հայաստան այցելել, հրապուրուեցաւ հայրենի հողին վրայ կանգնած տասնեակ վանքերու ճարտարապետական իւրայատուկ ոճէն ու զարդաքանդակներէն։ Այս ընկալումը զինք մղեց լուսանկարելու սրբավայրերու մանրամասնութիւնները, ապա հայկական հոգեւոր երաժշտութեան հնչիւններուն տակ զանոնք ներկայացնելու գեղարուեստասէր հանրութեան։
Հինգշաբթի, 4 Դեկտեմբեր 2025-ի երեկոյեան, Սարօ Տէմիրճեանի ցուցահանդէսը իր դռները բացաւ Աթէնքի Մելինա Մերքուրի ցուցասրահին մէջ։ Ցուցադրութեան հովանաւորութիւնը ստանձնած էր Յունաստանի մէջ Հ.Հ. դեսպանատունը, Աթէնքի մարզպետարանը, Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի Իէրոնիմոս արքեպիսկոպոսը, ինչպէս նաեւ Յունաստանի թեմի Առաջնորդ Տ. Սահակ եպս. Եմիշեան։ Հայ հովանաւորներու կողքին, ներկայ եղան Յոյն արքեպիսկոպոսի ներկայացուցիչ վարդապետը, հոգեւոր դասը, մարզպետարանի ներկայացուցիչը, Ազգային վարչութեան ատենապետ Նազար Աւագեան եւ մեծ թիւով մշակութասէր ազգայիններ ու օտար ժողովուրդ։
Ցուցասրահին մէջ, արուեստագէտը նրբօրէն զետեղած էր 26 տարբեր վանքերու եւ եկեղեցիներու մանրամասնութիւնները։ Իր լուսանկարչական ճաշակով ու փորձառութեամբ կարողացած էր թուղթին վրայ ցոլացնել լոյսն ու մութը, երկրորդին տալով երկնային լուսաւորումի երանգներ, որոնք նշմարելի էին նոյնիսկ սեւ ու սպիտակ լուսանկարներու վրայ։ Հոն կարելի էր տեսնել բացառիկ նմուշներ Գեղարդէն, Խոր Վիրապէն, Սեւանավանքէն եւ բազմաթիւ այլ հայկական գլուխ գործոց եկեղեցիներէն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի քրիստոնէական տաճարներէն, Անթիլիասի մայր տաճարէն, ապա նաեւ Յունաստանի միջնադարեան հանրածանօթ վանքերէ։
Իւրաքանչիւր մանրամասնութիւն, գմբէթներու եւ խորաններու վրայ զարդարուած սրբանկարներու այլազանութիւնը, եկեղեցական մայր դուռերու բարձր արուեստի զարդարանքներն ու քառեղէն հիւսուածքները արեւելեան քաղաքակրթութեան ամբողջութիւն մը կը կազմէին, տալով համապատկերը հնամեայ եւ միջնադարեան ճարտարապետական ու գեղարուեստական նուաճումին։ Նոյնիսկ լուսանկարներու ընտրուած թուղթը՝ ձեռքով պատրաստուած ճափոնական բարձր արուեստի ընտիր տեսակը, իւրաքանչիւր լուսանկարին կու տար իւրայատկութիւն մը, հանդիսատեսին մօտ ստեղծելով նրբաճաշակ գեղանկարչութեան մը տպաւորութիւնը՝ արտայայտուած ըլլալով երկնային զօրութեան մը կողմէ։
Սարօ Տէմիրճեան չբաւականացաւ միայն նկարներու գեղազարդ յարդարանքով։ Ելոյթի ամբողջ տեւողութեան լսուեցան հայ եւ բիւզանդական հոգեւոր երաժշտութեան նմուշներ, որոնց երաժշտական ձեւաւորումը դասական գործիքներու ընկերակցութեամբ կատարած էր արուեստագէտը, ցոյց տալով նաեւ իր բազմատաղանդ կարողութիւնները արուեստի նրբագոյն արտայայտութիւններուն ընդմէջէն։
Բազման խօսքով հանդէս եկաւ դեսպան Տիգրան Մկրտչեան, ընդգծելով Հայաստանի եւ Յունաստանի միջեւ մշակութային գործակցութեան կարեւորութիւնը, ապա իր գնահատանքը յայտնելով արուեստագէտին, արժեւորեց ցուցադրուած նմուշներու բարձր որակը եւ երաժշտական զգեստաւորումի խորհրդաւորութիւնը, որուն մէջ տիրական ներկայութիւն ունեցաւ հայ հոգեւոր մեղեդիներու եւ շարականներու հնչումը։
Նշենք նաեւ, թէ Յունաստանի Հայոց թեմի Ազգային Առաջնորդարանի ու արուեստագէտի դասաւորումով, Չորեքշաբթի, 10 Դեկտեմբերին առիթ տրուեցաւ մեր հայրենակցիներուն այցելել ցուցասրահը եւ մօտէն վայելել ցուցադրուած լուսանկարներու զմայլիչ արդիւնքը։
Արուեստագէտին համաձայն, սոյն ցուցահանդէսը յառաջիկային պիտի կրկնուի այլ քաղաքներու եւ երկիրներու մէջ եւս։










