Յունահայ հանրածանօթ արուեստագէտ Սարօ Տէմիրճեան անգամ մը եւս կը ներկայանայ հանրութեան, պատրաստած ըլլալով հոգեւոր բովանդակութեան բացառիկ ցուցահանդէս մը, որուն դռները պիտի բացուին Հինգշաբթի, 4 Դեկտեմբեր 2025-ի երեկոյեան։
Ցուհանադէսը պիտի կայանայ «Եպիսկոպոս» խորագիրով, որուն ցուցադրական նիւթերը լուսանկարչութեան բարձր որակի նմուշներ են եւ կը պատկերացնեն իւրայատուկ մանրամասնութիւններ հայկական եւ բիւզանդական ոճ ներկայացնող եկեղեցիներէն։
Ցուցահանդէսին նպատակն է հանրութեան գեղարուեստական ճաշակին հրամցնել Հայաստանի, Յունաստանի եւ Լիբանանի պատմական եկեղեցիներու ու վանքերու ճարտարապետական հարստութիւնը, ներքին եւ արտաքին մասերու զարդանմուշները, ինչպէս նաեւ անոնց հոգեւոր հարստութեան տարողութիւնը, որ կ՚արտացոլայ իւրաքանչիւր քառի ու շինուածքի մանրամասնութեան վրայ։
Այցելուները պիտի վայելեն բացառիկ լուսանկարները՝ համեմուած հայկական եւ բիւզանադական հոգեւոր երաժշտութեան մթնոլորտին մէջ։ Երաժշտական ձեւաւորումը կատարուած է նոյնինքն արուեստագէտ Սարօ Տէմիրճեանի կողմէ, տալով իւրաքանչիւր հոգեւոր կտորը դասական երաժշտական գործիքներու կատարողութեամբ, այսպէս ստեղծելով խորհրդաւոր մթնոլորտ մը սրահէն ներս։
Ցուցահանդէսը բաց է հանրութեան եւ մանաւանդ գեղարուեստական ոլորտին հետ զբաղող ուսանողներու եւ մասնագէտներու համար, ի մի բերելով հայ եւ բիւզանդական եկեղեցական ճարտարապետութիւնը արուեստագիտական պրիսմակին մէջ։ Տարածուած մամլոյ հաղորդագրութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ ցուցահանդէսի հովանաւորութիւնը ստանձնած են Յունաստանի մէջ Հ.Հ. դեսպանատունը, Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի պետ Իէրոնիմոս արքեպիսկոպոսը, Յունահայոց Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Սահակ եպս. Եմիշեան եւ Ատտիկէի մարզպետարանը։
Ցուցահանդէսը տեղի պիտի ունենայ Աթէնքի Մելինա Մերքուրի մշակութային կեդրոնէն ներս (Ηρακλειδών 66, Αθήνα) եւ պիտի տեւէ 4-13 Դեկտեմբեր ժամանակամիջոցին։
Ցուցադրութեան ժամեր.-
Երեքշաբթի-Հինգշաբթի՝ առաւօտեան 11-էն մինչեւ երեկոյեան 7,
իսկ Ուրբաթ-Շաբաթ-Կիրակի՝ առաւօտեան 10-էն մինչեւ կէսօրուան 3։
Նաեւ, Յունաստանի Հայոց Ազգային Առաջնորդարանի եւ արուեստագէտի դասաւորումով, Չորեքշաբթի, 10 Դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 6-էն մինչեւ 8։30, մեր հայրենակիցներուն համար տրամադրուած է ցուցահանդէսը այցելելու հնարաւորութիւնը եւ մօտէն ճանչնալու ցուցադրուած նմուշները։
Մուտքը ազատ է։










