Ք. Է­քի­զեան

«­­Սի­մոն ­­Զա­ւա­րեա­նի ան­տիպ նա­մակ­նե­րը»,
խմբագ­րու­թեամբ Ե­րո­ւանդ ­­Փամ­պու­քեա­նի,
«­­Վէմ» մա­տե­նա­շար, ­­Պէյ­րութ, 2024

Հ.Յ.­­Դաշ­նակ­ցու­թեան հիմ­նա­դիր եր­րոր­դու­թեան եւ յե­ղա­փո­խա­կան դէմ­քե­րու ան­տիպ նա­մակ­նե­րու հրա­տա­րա­կու­թեան թան­կա­գին աշ­խա­տան­քը ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս իր վրայ վեր­ցու­ցած է ազ­գա­յին, հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ, ­­Ճե­մա­րա­նի վաս­տա­կա­ւոր ու­սու­ցիչ ընկ. Ե­րուանդ ­­Փամ­պու­քեան։
Այս ան­գամ, իր ան­խոնջ աշ­խա­տան­քի ար­դիւնքն է ­­Սի­մոն ­­Զա­ւա­րեա­նի ան­տիպ նա­մակ­նե­րու վեր­ծա­նու­մը եւ հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը, որ­պէս «­­Վէմ» մա­տե­նա­շա­րի 9-րդ ­հա­տո­րը։
­­Ներ­կայ աշ­խա­տու­թիւ­նը կը պա­րու­նա­կէ 111 յա­ւե­լեալ նա­մակ­ներ, ­­Սի­մոն ­­Զա­ւա­րեա­նի մա­սին ամ­բող­ջա­կան գոր­ծե­րու ե­ռա­հա­տոր հրա­տա­րա­կու­թե­նէն ան­դին, ո­րոնք պա­հո­ւած են ­­Պոս­տո­նի Հ.Յ.Դ. ար­խի­ւին մէջ։ ­­Զա­ւա­րեան սոյն նա­մակ­նե­րը գրած է 1903-էն ետք՝ ­­Ժը­նեւ, ­­Կով­կաս, ­­Պալ­քան­ներ, Ե­գիպ­տոս, ­­Կի­լի­կիա եւ ­­Տա­րօն գտնո­ւած ժա­մա­նակ։ ­­Բո­լոր նա­մակ­նե­րը կու­սակ­ցա­կան եւ յե­ղա­փո­խա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու մա­սին գրու­թիւն­ներ են, իսկ հե­տաքրք­րա­կան կը դառ­նայ 1913-ին (իր մա­հէն ա­ռաջ) գրո­ւած նա­մա­կը, ո­րուն մէջ Ս. ­­Զա­ւա­րեան կը վեր­լու­ծէ ե­րիտթր­քա­կան վեր­նա­խա­ւի հա­կա­սա­կան դրու­թիւ­նը մօ­տե­ցող պա­տե­րազ­մի նա­խօ­րեա­կին եւ ­­Ռու­սիոյ մօ­տե­ցում­նե­րը հայ­կա­կան բա­րե­փո­խում­նե­րուն նկատ­մամբ։
Հ.Յ.­­Դաշ­նակ­ցու­թեան խիղ­ճը հան­դի­սա­ցող ­­Սի­մոն ­­Զա­ւա­րեա­նի աշ­խար­հա­յեաց­քը ու գա­ղա­փա­րա­կան հա­րուստ ժա­ռան­գու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կեն պա­հել ի­րենց հմայ­քը։ ­­Պատ­մա­կան-յե­ղա­փո­խա­կան մեր ան­ցեա­լը նոր սե­րուն­դին ծա­նօ­թաց­նե­լու ներ­կայ ճի­գը գնա­հա­տան­քի եւ յար­գան­քի ար­ժա­նի է։ Ընկ. Ե­րո­ւանդ ­­Փամ­պու­քեա­նի գի­տա­կան աշ­խա­տան­քը կու գայ ամ­բող­ջա­կան պատ­կե­րը տա­լու Հ.Յ.Դ. հիմ­նա­դիր եր­րոր­դու­թեան թո­ղած գրա­ւոր հա­րուստ վաս­տա­կին մա­սին, ո­րուն վեր­ծան­ման եւ հրա­տա­րա­կու­թեան դժո­ւար գոր­ծը պա­տիւ բե­րող գանձ մըն է հայ յե­ղա­փո­խու­թեան պատ­մա­կան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին հա­մար։

***
«­­Նե­մե­սին գոր­ծո­ղու­թիւն», Է­րիգ ­­Պօ­ղո­սեան,
յու­նա­րէն հրա­տա­րա­կու­թիւն, «­­Փա­փա­տո­փու­լոս» հրա­տա­րակ­չա­տուն, Ա­թէնք, 2025

­­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան պա­րագ­լուխ­նե­րու զգետ­նու­մի ծրա­գի­րին մա­սին -ծա­նօթ որ­պէս «­­Նե­մե­սիս» գոր­ծո­ղու­թիւն-, դե­րա­կա­տար­նե­րուն եւ պատ­մու­թեան հե­տա­զօ­տող­նե­րուն կող­մէ գրո­ւած յու­շագ­րու­թիւն­ներն ու վեր­լու­ծում­նե­րը հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մա­կան ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մը հե­տա­զօ­տու­թեան կա­րե­ւոր աղ­բիւր­նե­րը կը հան­դի­սա­նան։
Ն­ման հրա­տա­րա­կու­թիւն մըն է նաեւ հան­րա­յայտ հա­յազ­գի գրող եւ դե­րա­սան Է­րիգ ­­Պօ­ղո­սեա­նի աշ­խա­տու­թիւ­նը, որ լոյս տե­սաւ անգ­լե­րէն լե­զո­ւով 2015-ին, իսկ յու­նա­րէն թարգ­մա­նու­թիւ­նը՝ 2025-ի ­­Մար­տին։
­­Գիր­քը պատ­մա­կան եւ յու­շագ­րա­կան ամ­բող­ջու­թիւն մը կը կազ­մէ, յե­նած ըլ­լա­լով ­­Սո­ղո­մոն ­­Թեհ­լի­րեա­նի յու­շե­րուն վրայ։ Ա­ռա­ւել, բազ­մա­թիւ աղ­բիւր­նե­րու օգ­տա­գոր­ծու­մով, հե­ղի­նա­կը ման­րա­մաս­նօ­րէն կու տայ ­­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ծրագ­րու­մի եւ գործադրութեան ամ­բող­ջա­կան պատ­կե­րը, օ­տար պե­տու­թիւն­նե­րու քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը եւ «­­Նե­մե­սիս» գոր­ծո­ղու­թեան ծրագ­րումն ու ի­րա­գոր­ծու­մը, որ­պէս գլխա­ւոր հե­րոս ընտ­րե­լով Ս. ­­Թեհ­լի­րեա­նը եւ ներ­կա­յաց­նե­լով ա­նոր մտա­ծում­նե­րուն, տա­ռա­պան­քին ու վրէժ լու­ծե­լու ներ­քին աշ­խար­հը։
­­Գի­տա­կան հա­մա­պար­փակ հե­տա­զօ­տու­թեան աղ­բիւր­նե­րով եւ հա­րուստ նկա­րագ­րա­կան­նե­րով, ­­Պօ­ղո­սեան ըն­թեր­ցող­նե­րուն առ­ջեւ կը բա­նայ հայ ժո­ղո­վուր­դի ո­դի­սա­կա­նը ու ար­դար բա­զու­կի հա­տու­ցու­մը։
­­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ու ա­նոր հե­տե­ւանք­նե­րուն մա­սին՝ յու­նա­րէն լե­զո­ւով լոյս տե­սած բազ­մա­թիւ հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րուն շար­քին, սոյն հա­տո­րը յա­տուկ դիրք կը գրա­ւէ, որ­պէս հիմ­նա­կան աղ­բիւր՝ վճռորոշ ժա­մա­նա­կաշրջա­նի մը պատմագի­տա­կան վեր­լուծ­ման հա­մար։

«­­Նա­մակ­ներ ­­Պօ­ղոս Ս­նա­պեա­նին», խմբագ­րու­թեամբ ­­Թա­մար Ս­նա­պեան-­­Սուր­ճեա­նի, Ա. հա­տոր, ­­
Պէյ­րութ, 2023

Ար­դի ժա­մա­նակ­նե­րու հան­րա­ծա­նօթ մտա­ւո­րա­կան եւ ­­Հա­մազ­գա­յի­նի «­­Բա­գին» գրա­կան պար­բե­րա­թեր­թի եր­կա­րա­մեայ խմբա­գիր ­­Պօ­ղոս Ս­նա­պեա­նի ստա­ցած նա­մակ­նե­րու հա­րուստ հա­ւա­քա­ծոն լոյս աշ­խարհ կ­­՚ըն­ծա­յո­ւի շնոր­հիւ իր զա­ւա­կին՝ ­­Թա­մար Ս­նա­պեան-­­Սուր­ճեա­նի խմբագ­րա­կան աշ­խա­տան­քին եւ ծա­նօ­թագ­րու­թիւն­նե­րու պատ­րաս­տու­թեան։ ­­Նա­մակ­նե­րը կը կազ­մեն կա­րե­ւոր բա­ժին մը Ս­նա­պեա­նի գրա­կան հա­րուստ ար­խի­ւին, ո­րոնց մէկ մա­սը պա­հո­ւած կը մնայ Ե­րե­ւա­նի ­­Չա­րեն­ցի ա­նուան գրա­կա­նու­թեան եւ ա­րո­ւես­տի թան­գա­րա­նին մէջ, իսկ այլ մաս մը Ս­նա­պեա­նի տուն-թան­գա­րա­նի ար­խի­ւին մէջ։
Ս­նա­պեան նա­մա­կագ­րա­կան կապ ու­նե­ցած է իր ժա­մա­նա­կա­կից կամ հին սե­րուն­դի մտա­ւո­րա­կան դէմ­քե­րու հետ (­­Յա­կոբ ­­Կա­րա­պենց, Աբ­րա­համ Ա­լի­քեան, ­­Վա­հագն ­­Դաւ­թեան, ­­Մի­նաս ­­Թէօ­լէօ­լեան, ­­Հա­մօ ­­Սա­հեան, ­­Հա­մաս­տեղ, ­­Վա­հէ Օ­շա­կան, Ա­րամ ­­Հայ­կազ, Ն­շան ­­Պէ­շիկ­թաշ­լեան, ­­Նի­կո­ղոս ­­Սա­րա­ֆեան եւ բազ­մա­թիւ այլ գրող­ներ)։
­­Բո­լոր նա­մակ­նե­րը, բա­ցի բա­րե­կա­մա­կան զգա­ցում­նե­րու ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րէն, գրա­կան մեծ ար­ժէք կը ներ­կա­յաց­նեն, ո­րոնց մէջ կ­­՚ար­տա­ցո­լան հայ գրա­կա­նու­թեան մեծ դէմ­քե­րու յու­զա­կան ու ի­մա­ցա­կան աշ­խար­հը, ա­նոնց գե­ղա­րո­ւես­տա­կան նուրբ զգա­ցում­նե­րը, հայ գի­րի քնա­րա­կան հարս­տու­թիւ­նը եւ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ո­գին։
­­Վեր­ջին է­ջե­րուն մէջ տեղ գտած է նա­մակ­նե­րու հե­ղի­նակ­նե­րուն հետ Ս­նա­պեա­նի լու­սան­կար­նե­րու փունջ մը, որ հա­րա­զա­տօ­րէն կը պատ­կե­րաց­նէ կնքո­ւած խո­րունկ բա­րե­կա­մու­թիւն­նե­րու ծաւալը, ո­րուն հա­յե­լին կա­րե­լի է գտնել նա­մակ­նե­րու` հետաքրքրութեամբ կարդացուող տո­ղե­րուն մէջ։
­­Թա­մար Ս­նա­պեա­նի աշ­խա­տան­քը գնա­հա­տան­քի ար­ժա­նի է, յատ­կա­պէս նա­մակ­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­մը ամ­բող­ջաց­նելու մաղ­թան­քով։

«Ա­ռա­ջին ա­ղօ­թա­գիրքս, 5-8 տա­րե­կան
փոք­րիկ­նե­րուն հա­մար», խմբագ­րու­թեամբ
Եզ­նիկ արք. ­­Պետ­րո­սեա­նի, Ե­րե­ւան, 2024

­­Մա­նուկ­նե­րու եւ փոք­րիկ­նե­րու հա­մար յա­տուկ խնամ­քով եւ յու­նա­րէն լե­զո­ւով պատ­րաս­տո­ւած պատ­կե­րա­զարդ ա­ղօ­թա­գիր­քը մատ­ղաշ տա­րի­քի հո­գե­կան եւ մտա­յին աշ­խար­հը զար­գաց­նե­լու իւ­րա­տե­սակ հրա­տա­րա­կու­թիւն մըն է։ ­­Մա­րիան­նա Ապ­րե­սեա­նի կող­մէ գրուած եւ ­­Թա­գու­հի ­­Վա­քըր­ճեա­նի թարգ­մա­նու­թեամբ, գիր­քի բո­վան­դա­կու­թիւ­նը փոքր տա­րի­քի ե­րե­խա­նե­րուն ու ա­նոնց ծնող­նե­րուն լա­ւա­գոյն ըն­կե­րը կրնայ ըլ­լալ։ Ա­ղօթ­քի մա­տու­ցու­մը եւ ա­նոր ու­սու­ցու­մը, զա­ւակ-ծնողք երկ­խօ­սու­թեան ընդ­մէ­ջէն կը դառ­նայ հա­րա­զատ ու մատ­չե­լի, նաեւ զար­դա­րո­ւած՝ խօս­քին հետ հա­մե­մատ գու­նա­ւոր գե­ղան­կար­նե­րով, ուր տեղ գտած են ման­կա­կան զգա­ցում­նե­րը ար­տա­յայ­տող ա­ղօթք­ներ, ինչ­պէս նաեւ ըն­տա­նի­քին, ծնող­նե­րուն, բա­րե­կամ­նե­րուն եւ հայ­րե­նի­քին հա­մար փոք­րիկ­նե­րու ա­ղօթ­քի խօս­քեր ու մատ­ղաշ տա­րի­քի հո­գե­կան ապ­րում­նե­րու ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ։ ­­Պատ­կե­րա­զարդ գրքոյ­կը Կ­րե­տէի Ս. ­­Կա­րա­պետ ե­կե­ղեց­ւոյ հրա­տա­րա­կու­թիւնն է, եւ մաս­նա­ւո­րա­բար մատ­չե­լի կը դառ­նայ կղզիին մէջ կայք հաս­տա­տած հայ ըն­տա­նիք­նե­րուն, ո­րոնք յա­ճախ հա­յե­րէն կար­դա­լու դժո­ւա­րու­թեան մէջ կը գտնո­ւին։