Ժագ Տամատեան

Ոտ­նագն­դա­կի «­Նոա» ա­կում­բը, նախ­կին «Ար­ցախ», մաս­նակ­ցե­լով «UEFA Conference»-ի «League Phase» հանգ­րո­ւա­նին, ստա­ցաւ ու­ղե­գի­րը ան­ցու­մա­յին խա­ղե­րուն հա­մար, դառ­նա­լով Ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի ա­ռա­ջին խում­բը, որ կը հաս­նի նման յա­ջո­ղու­թեան։ ­Մօտ կէս դար ա­ռաջ, «Ա­րա­րատ Ե­րե­ւան»-ի ի­րա­գոր­ծած սխրան­քէն ետք, որ ան­ցած էր Եւ­րո­պա­յի Ա­խո­յան­նե­րու բա­ժա­կի քա­ռորդ եզ­րա­փա­կի­չին, ­Նոյ ­Նա­հա­պե­տի ա­նու­նը կրող ա­կում­բը հա­սաւ իր «Ա­րա­րատ»-ին։
Իբ­րեւ ­Հա­յաս­տա­նի ա­խո­յեան, «­Նոա»-ն սկ­սաւ իր ա­լե­կոց ու հո­յա­կապ «ճամ­բոր­դու­թիւն»-ը «Champions League»-ի ո­րա­կա­ւոր­ման խա­ղե­րէն։ «­Տա­պա­նի նա­ւա­հան­գիստ»` Ա­բո­վեան քա­ղա­քը, Ար­ցա­խեան 44-օ­րեայ պա­տե­րազ­մի հե­րոս «­Վա­հագն ­Թու­մա­սեան»-ի ա­նո­ւան մար­զա­դաշ­տը։ Ա­ռա­ջին յաղ­թա­նա­կը, «­Պու­տուչ­նոստ» խում­բի դէմ` 1-0 հա­շի­ւով։ ­Պա­տաս­խան խա­ղին, ­Փոտ­կո­րի­ցա, հայ­կա­կան ա­կում­բը, ա­ռանց մաս­նա­ւոր դժուա­րու­թեան, նո­ւա­ճեց ցան­կա­ցած հա­ւա­սա­րու­թիւն` 2-2: ­Յա­ջոր­դե­ցին թէժ մրցում­ներ հզօր «­Ֆե­րենչ­վա­րոս»-ի դէմ, եր­կու պար­տու­թիւն­նե­րով, 1-2` Ա­բո­վեան եւ 4-3` ­Պու­տա­բեշտ։ Անց­նե­լով «Europa League», տե­ղի ու­նե­ցան եր­կու հա­ւա­սար ար­դիւն­քի խա­ղեր «­Լին­քոլն» խում­բի դէմ։ ­Հա­շի­ւը չբա­ցո­ւե­ցաւ ­Ճիպ­րալ­թար, իսկ պա­տաս­խան խա­ղը ա­ւար­տե­ցաւ` 1-1. յետ­խա­ղեայ 11 մեթ­րա­նոց հա­րո­ւա­ծա­շա­րին, հիւ­րըն­կա­լո­ւող խում­բը յաղ­թեց` 5-6:
«­Նոա»-ն, սա­կայն, ոտ­քի կանգ­նե­ցաւ։ ­Յաղ­թա­հա­րե­լով «Օ­լիմ­բիա ­Լիւպ­լիա­նա»-ին, 3-2 սե­փա­կան դաշ­տին մէջ եւ կա­մա­յին 1-4 ար­տագ­նայ խա­ղին, ա­պա­հո­վեց իր երկ­րորդ ա­նընդ­մէջ ներ­կա­յու­թիւ­նը` «Conference League Phase»-ին։
Մր­ցա­շար­քը սկսաւ 1-0 յաղ­թա­նա­կով, Խ­րո­ւա­թիոյ փո­խա­խո­յան «­Ռիե­գա»-ի դէմ, Ե­րե­ւա­նի ­Հան­րա­պե­տա­կան «­Վազ­գէն ­Սար­գի­սեան» դաշ­տի մէջ։
Ա­պա` հիւ­րըն­կա­լո­ւե­ցաւ ու­ժեղ «Ու­նի­վեր­սի­դատ Գ­րա­յո­վա»-ի կող­մէ։ ­Ռու­մա­նա­կան խում­բը յա­ռաջ ան­ցաւ, սա­կայն 2-րդ ­կի­սա­խա­ղին «­Նոա»-ն ­հա­ւա­սա­րե­ցուց հա­շի­ւը, ստա­նա­լով կա­րե­ւոր միա­ւոր մը եւ հա­կա­ռա­կորդ խում­բի մար­զի­չին գնա­հա­տա­կա­նը։
­Յա­ջոր­դեց պար­տու­թիւն՝ 1-2, չե­խա­կան «­Սիկ­մա Օ­լօ­մուց» խում­բէն, ա­պա
ճամ­բոր­դու­թիւն դէ­պի հե­ռա­ւոր Ս­կով­տիա, ու­նե­նա­լով երկ­րորդ հա­ւա­սա­րու­թիւն 1-1 հա­շի­ւով, այս ան­գամ պատ­մա­կան «Ա­պեր­տին»ի հետ։
­Կա­րե­ւո­րա­գոյն մրցու­մին, Ե­րե­ւան ըն­դու­նեց ­Հա­յաս­տա­նի հա­ւա­քա­կա­նի յար­ձա­կող ­Վա­հան ­Պի­չախ­չեան, որ հան­դէս ե­կաւ «­Լե­կիա»-ի մար­զա­շա­պի­կով։ ­Վար­շա­ւա­յի ա­նո­ւա­նի խում­բը բա­ցաւ հա­շի­ւը, բայց 2-րդ ­կի­սա­խա­ղին «­Նոա»ն ­հա­կա­դար­ձեց` 2-1, ա­պա­հո­վե­լով ու­ղե­գի­րը ան­ցու­մա­յին հանգ­րո­ւա­նին հա­մար, խան­դա­վառ մթնո­լոր­տի մէջ։ ­Հա­յաս­տա­նի ա­ռաջ­նու­թեան զօ­րա­ւոր մրցա­կից­նե­րը՝ «Ու­րար­տու» եւ «­Փիւ­նիկ» (նախ­կին «Հ.Մ.Ը.Մ.») ան­մի­ջա­պէս յղե­ցին շնոր­հա­ւո­րա­կան նա­մակ­ներ «­Նոա»-ին։ Մր­ցա­շար­քը ա­ւար­տե­ցաւ ­Լե­հաս­տան, 2-0 պար­տու­թեամբ հռչա­կա­ւոր «­Տի­նա­մօ ­Քիեւ» խում­բէն։ «­Նոա»-ն գ­րա­ւեց 19-րդ ­հո­րի­զո­նա­կա­նը, գե­րա­զան­ցե­լով
պատ­մա­կան եւ ծան­րակ­շիռ ա­նուն կրող ա­կումբ­նե­րու։ Ան­ցու­մա­յին հանգ­րո­ւա­նի մրցա­կից` հո­լան­տա­կան «Ալք­մաար» կամ սլո­վե­նա­կան «­Չե­լիէ»։ ­Նոր յա­ջո­ղու­թեան պա­րա­գա­յին, պի­տի հան­դի­պի «Ս­փար­թա Պ­րա­հա»-ին հետ կամ գե­ղե­ցիկ յու­շեր բե­րող` «ΑΕΚ»-ին։ «­Նոա»-ն ­ցու­ցա­բե­րեց բարձր ո­րա­կի խա­ղար­կու­թիւն, դրսե­ւո­րե­լով հա­սու­նու­թիւն, օգ­տա­գոր­ծե­լով ան­ցեալ տա­րի ձեռք բե­րո­ւած փոր­ձա­ռու­թիւ­նը։ ­Հայ մար­զա­սէր­նե­րու յոյսն ու մաղ­թանք­նե­րը կ­՚ու­ղեկ­ցեն ա­կում­բի եւ­րո­պա­կան ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը։
Ե­րա­նի նման յա­ջո­ղու­թիւն­ներ ար­ձա­նագրեն այլ հայ­կա­կան խում­բեր եւս, որ կը մաս­նակ­ցին մի­ջազ­գա­յին ա­ռաջ­նու­թիւն­նե­րու։