Շաբաթ, 29, եւ Կիրակի, 30 Նոյեմբեր 2025-ին, Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնի «Զաքարեան–Սարաճեան» սրահներուն մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Յունաստանի կառոյցի 75-րդ Ներկայացուցչական Շրջանային ժողովը։ Ժողովականները եղբայրական ոգիով, հայրենասիրական զգացումներով ու միութենական պատասխանաւորութեամբ քննարկեցին մարմնամարզական միութեան գործունէութեան ու ապագայ ծրագիրներու հետ առնչուող շարք մը հարցեր։
Ժողովին ներկայ գտնուեցան Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ եղբայր Ֆէտի Խաժակ Գազանճեան, ինչպէս նաեւ Աթէնքի, Գոքինիոյ, Թէսաղոնիկէի մասնաճիւղերու եւ Գարէայի շրջանի ներկայացուցիչները, սկաուտներու շրջանային պետը, սկաուտական խորհուրդի եւ յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ։
Ժողովը նաեւ ողջունեց Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կ.Կ.-ի ներկայացուցիչ ընկ. Յարութիւն Սպարթալեան, որ իր բարեմաղթական խօսքով մասնակիցներուն ուղղեց յանձնառութեան ու եղբայրական բարւոք գործունէութեան ուղերձ մը։
Ժողովականները, դիտարկելով ու գնահատելով նախորդ երկամեակի աշխատանքները, ներկայացուցին առաջարկներ ու նոր ուղղութիւններ յաջորդ նստաշրջանին համար։ Ապա կատարուեցաւ Շրջանային Վարչութեան ընտրութիւն եւ ընտրուեցաւ 7-անդամ կազմ մը՝ բաղկացած հետեւեալ քոյրերէն եւ եղբայրներէն.
Սամուէլեան Արշալոյս, Պարազեան Լոռի, Սայէն Պարտիսշ, Սելիմեան Ճորճ, Ճանիկեան Գրիգոր, Չաղանեան Յակոբ, Շահպազեան Եղիշէ:
Նորընտիր վարչութիւնը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց ժողովականներուն՝ վստահութեան եւ շարունակական աջակցութեան համար, ու վերահաստատեց իր պատրաստակամութիւնը աշխատելու Հ.Մ.Ը.Մ.—ի իտէալներու, դաստիարակչական ծրագիրներու եւ համայնքային ծառայութեան արդիւնաւորման համար։
ԹՂԹԱԿԻՑ










