ԺԱԳ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Հա­մազ­գա­յի­նի թղթա­կից

­Կի­րա­կի, 30 ­Նո­յեմ­բեր 2025-ի ա­ռա­ւօ­տեան, ­Ֆիք­սի «Ա­րամ ­Մա­նու­կեան» ա­կում­բի «­Թագ­ւոր եւ ­Ռո­զա Ա­ւե­տի­քեան» սրա­հին մէջ գու­մա­րո­ւե­ցաւ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­մազ­գա­յի­նի 27-րդ ­Ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան ­Ժո­ղո­վի բա­ցու­մը ։ ­Մէկ օ­րո­ւան մէջ, պատ­գա­մա­ւոր­ներ եւ հրա­ւի­րեալ­ներ, մե­ծա­մաս­նու­թեամբ ե­րի­տա­սարդ­ներ, քննար­կե­ցին միու­թեան եր­կա­մեայ գոր­ծու­նէու­թիւ­նը եւ ծրագ­րե­ցին յա­ջորդ եր­կա­մեա­կի քայ­լե­րը։
­Ժո­ղո­վի աշ­խա­տան­քա­յին ըն­թաց­քը սկսաւ դի­ւա­նի ընտ­րու­թեամբ. ­Նա­խա­գահ ընտ­րո­ւե­ցաւ ընկ. Անդ­րա­նիկ ­Շահ­պա­զեան եւ քար­տու­ղար` ընկ.հի Ա­նի Ար­տու­մեան։
Ող­ջոյ­նի խօս­քով հան­դէս ե­կաւ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Կ.Կ.-ի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ.հի Հ­ռիփ­սի­մէ ­Յա­րու­թիւ­նեան, նշե­լով հայ մշա­կոյ­թի կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը Ս­փիւռ­քի ի­րա­կա­նու­թեան մէջ։ ­Յա­ջոր­դա­բար, կար­դա­ցո­ւե­ցաւ ­Հա­մազ­գա­յի­նի ­Կեդր. ­Վար­չու­թեան կող­մէ՝ Եւ­րո­պա­յի ­Հա­մազ­գա­յի­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ.հի ­Յաս­միկ ­Շա­հի­նեա­նի ու­ղեր­ձը, որ կեդ­րո­նա­ցած էր եր­կու յա­տուկ կէ­տե­րու վրայ. Ֆ­րան­սա­յի եւ այլ եւ­րո­պա­կան եր­կիր­նե­րու մէջ ­Հա­մազ­գա­յի­նի լայ­նա­ծա­ւալ գոր­ծու­նէու­թիւ­նը եւ ու­սա­նո­ղա­կան «Youthlinks» ֆո­րու­մը, որ յա­ջորդ տա­րի պի­տի ի­րա­գոր­ծո­ւի Ա­թէն­քի մէջ։ Իր կար­գին, Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի ընկ.հի ­Յու­լիա­նա ­Մա­նու­կեան ընդգ­ծեց մի­ջո­ցառ­ման ամ­փոփ յայ­տա­գի­րը եւ ներ­կա­յա­ցուց միու­թեան գոր­ծու­նէու­թեան ընդ­հա­նուր կէ­տե­րը։ ­Ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցե­ցաւ նաեւ Հ.Կ.­Խաչ-ի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի ընկ.հի ­Լի­զէթ ­Գի­րա­զեան։
­Ներ­կայ էին նաեւ «Ար­շա­ւիր ­Գա­զան­ճեան» թա­տե­րա­խում­բի յանձ­նա­խում­բը եւ բե­մադ­րիչ ընկ. ­Յա­կոբ ­Պար­սա­մեան, ե­րաժշ­տա­կան հա­մոյ­թի ղե­կա­վար ընկ. Ս­տե­փան ­Թէ­քի­րեան եւ Ատ­տի­կէի «­Սօս-­Վա­նի» վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ ընկ. Ա­րամ ­Մու­րա­տեան։
Ընտ­րո­ւե­ցան քո­ւէա­խոյզ, հա­շո­ւեքն­նիչ, ար­խի­ւա­յին եւ բա­նա­ձե­ւի յանձ­նա­խում­բե­րը, բաղ­կա­ցած ե­րի­տա­սարդ սե­րուն­դի ըն­կեր­նե­րէ։ Ըն­թեր­ցո­ւե­ցաւ պա­րի միա­ւո­րի եր­կա­մեայ գոր­ծու­նէու­թեան ամ­փոփ տե­ղե­կա­գի­րը։
­Թե­սա­ղո­նի­կէի «­Ղա­զա­րոս ­Սա­րեան» վար­չու­թեան կող­մէ, «­Մա­սիս» պա­րա­խում­բի պա­րու­սոյց ընկ. ­Ռա­ֆա­յէլ ­Վար­դա­սա­րեան փո­խան­ցեց տե­ղե­կու­թիւն­ներ «­Մա­սիս» եւ «­Կի­լի­կիա» պա­րա­խում­բե­րու գոր­ծու­նէու­թեան մա­սին։
­Սե­րե­սի «­Պա­րոյր ­Սե­ւակ» վար­չու­թեան տե­ղե­կա­գի­րը ըն­թեր­ցեց տա­րի­նե­րու ա­տե­նա­պետ ընկ. ­Վազ­գէն ­Յա­րու­թիւ­նեան, իսկ ­Ռո­տոս սահ­մա­նա­մերձ կղզիի «­Տիգ­րանԵր­կաթ» մաս­նա­ճիւ­ղի աշ­խա­տանք­նե­րը ներ­կա­յա­ցուց ընկ.հի Ան­նա ­Սա­հա­կի­տու։ ­Հիա­նա­լի ե­րե­ւոյթ է հե­ռա­ւոր ու սա­կա­ւա­թիւ գա­ղութ­նե­րու մէջ ­Հա­մազ­գա­յի­նի ծա­ւա­լած ազ­գան­պաստ գոր­ծը։ ­Յա­ջոր­դա­բար, ըն­թեր­ցո­ւե­ցաւ եւ քննար­կո­ւե­ցաւ Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան եր­կա­մեայ նիւ­թա­բա­րո­յական տե­ղե­կա­գիրն ու գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։
­Ճա­շի դա­դա­րը բա­ցա­ռիկ ա­ռիթ մըն էր ժո­ղո­վա­կան­նե­րուն, մա­նա­ւանդ տար­բեր շրջան­նե­րէ ե­կող ըն­կեր­նե­րուն հա­մար, ի­րար շփո­ւե­լու եւ ամ­րապն­դե­լու ըն­կե­րա­կան կա­պե­րը։
­Ջերմ մթնո­լոր­տը յայտ­նի էր ամ­բողջ ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին, տար­բեր կար­ծիք­նե­րու փո­խա­նակ­ման եւ ա­ռա­ջարկ­նե­րու քննար­կում­նե­րուն ընդ­մէ­ջէն։
­Հիմ­նա­կան մտա­հո­գու­թիւն­ներն էին՝ ե­րի­տա­սարդ ան­ձե­րու ներգ­րա­ւու­մը ­Հա­մազ­գա­յի­նի շար­քե­րէն ներս, նո­րա­ձե­ւու­թիւն­նե­րու նե­րա­ռու­մը, հա­սա­րա­կա­կան մի­ջոց­նե­րու օգ­տա­գոր­ծու­մը, հա­մա­ցանց ու դի­մա­տետ­րը ի նպաստ մշա­կու­թա­յին քա­րոզ­չու­թեան։
­Ժո­ղո­վը ա­ւար­տեց իր աշ­խա­տանք­նե­րը ե­րե­կո­յեան, ընտ­րե­լով նոր Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թիւն։ Ար­դիա­կա­նաց­ման ըն­թաց­քի ծի­րէն ներս, ներ­կա­նե­րը ու­նէին հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը հե­տե­ւե­լու քո­ւէար­կու­թեան ար­դիւնք­նե­րը պաս­տա­ռի վրայ, հա­մա­կար­գի­չի շնոր­հիւ։ ­Նո­րըն­տիր վար­չու­թիւ­նը կը բաղ­կա­նայ հե­տե­ւեալ ան­դամ­նե­րէն. ­Յու­լիա­նա ­Մա­նու­կեան, Էտ­կար Է­կեան, ­Ժագ ­Տա­մա­տեան, ­Կիւ­լա ­Գա­րա­պա­ճա­քեան, ­Մա­րի ­Տան­կու­րեան, ­Ճու­լի ­Մա­նո­յեան եւ Գ­րի­գոր ­Չաք­մաք­ճեան։
­Վարձ­քը կա­տար բո­լո­րին։