Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Պատանեկան Միութիւնը երկրորդ անգամ ըլլալով կը շարունակէ այս նախաձեռնութիւնը։
Կը հրաւիրենք ձեզ մասնակցելու 2-րդ ծառատնկումին,
Կիրակի, 22 Մարտին, ժամը 11:00-ին, Գարէայի մէջ,
ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան
Այս նախաձեռնութիւնը միայն բնապահպանական արարք մը չէ։
Ան՝ յիշատակի, ուժի եւ շարունակութեան խորհրդանիշ է։
Ամէն ծառ կը խորհրդանշէ այս բոլոր տարիներու պայքարը։
Ամէն արմատ կ’ամրացնէ մեր հաւաքական յիշողութիւնը։
Հաւաքավայր՝ https://maps.app.goo.gl/18wCfZUBraqMtiyp7?g_st=av










