­Յու­նաս­տա­նի մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­հի ­Լի­նա ­Մեն­տո­նի այ­ցե­լու­թիւն կա­տա­րեց ­Տի­տի­մո­թի­քո­յի հայ­կա­կան պատ­մա­կան ե­կե­ղե­ցին։ Ուր­բաթ, 24 ­Հոկ­տեմ­բե­րի ա­ռա­ւօ­տուն, նա­խա­րա­րու­հին եւ իր շքա­խում­բը, դի­մա­ւո­րո­ւե­ցան Ս. ­Գէորգ ե­կե­ղեց­ւոյ մուտ­քին՝ ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. ­Սա­հակ եպս. Ե­մի­շեա­նի, Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ան­դամ Ար­սէն ­Գալ­ֆա­յեա­նի, Թ­րա­կիոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. ­Դա­նիէլ քհնյ. ­Գա­լօղ­լեա­նի, ­Տի­տի­մո­թի­քո­յի եւ Օ­րես­թիա­տա­յի թա­ղա­յին խորհր­դոյ ան­դամ­նե­րուն, թե­մա­կան պատ­գա­մա­ւոր­նե­րուն եւ տեղ­ւոյն հա­մայն­քի հայ­րե­նա­կից­նե­րուն կող­մէ։
­Նա­խա­րա­րու­հին ծա­նօ­թա­ցաւ ե­կե­ղեց­ւոյ պատ­մու­թեան, հնա­գի­տա­կան ար­ժէք ներ­կա­յաց­նող ճար­տա­րա­պե­տա­կան կա­ռոյ­ցին եւ ա­նոր կա­րիք­նե­րուն, ո­րոնք կապ ու­նին շէն­քա­յին կա­ռոյ­ցին վրայ անհ­րա­ժեշտ շի­նա­րա­րու­թեան ծրագ­րու­մով: Սր­բա­զան ­Հօր եւ Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ան­դա­մին հետ խորհր­դակ­ցա­բար, նա­խա­րա­րու­հին յայտ­նեց, թէ նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ օ­ժան­դա­կու­թիւն պի­տի ըն­ձե­ռո­ւի ե­կե­ղեց­ւոյ վե­րա­նո­րո­գու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րուն: Այս ծի­րէն ներս, յա­ռա­ջի­կա­յին պի­տի կա­տա­րո­ւին նա­խա­պատ­րաս­տա­կան եւ ու­սում­նա­սի­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը, սկսե­լու հա­մար վե­րա­նո­րո­գու­թեան ա­ռա­ջին փու­լը:
Այ­ցե­լու­թեան ա­ւար­տին, տե­ղի ու­նե­ցան յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ ներ­կայ գտնո­ւող լրա­տո­ւա­կան մի­ջոց­նե­րուն։ Սր­բա­զան հայ­րը իր ե­րախ­տա­գի­տա­կան զգա­ցում­նե­րը յայտ­նեց նա­խա­րա­րու­հիի ներ­կա­յու­թեան հա­մար պատ­մա­կան ար­ժէք ու­նե­ցող հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցիէն ներս, ա­պա անդ­րա­դար­ձաւ տե­ղա­կան հա­մայն­քի բազ­մա­մեայ ներդ­րու­մին շրջա­նի կեան­քէն ներս, ինչ­պէս նաեւ դրո­ւա­տեց հայ եւ յոյն բա­րե­կա­մու­թեան ար­ժէ­քը։
Իր կար­գին, նա­խա­րա­րու­հին շնոր­հա­կա­լու­թեամբ ար­տա­յայ­տո­ւե­ցաւ այ­ցե­լու­թեան մա­սին, նշե­լով, թէ պե­տու­թիւ­նը ստանձ­նած է տե­ղա­կան պատ­մա­կան բեր­դի վե­րա­կանգ­նու­մի աշ­խա­տան­քը, ո­րուն ծի­րէն ներս նե­րառ­նո­ւած է հայ­կա­կան հնա­մեայ Ս. ­Գէորգ ե­կե­ղե­ցին։ Ան հաս­տա­տեց, թէ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րը ըն­թաց­քի մէջ են եւ յա­ռա­ջի­կա­յին մաս­նա­գի­տա­կան յա­տուկ խում­բեր պի­տի ձեռ­նար­կեն կա­ռոյ­ցի վե­րա­նո­րոգ­ման անհ­րա­ժեշտ քայ­լե­րուն։