Հ.Կ.Խաչի Ֆիքսի «Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութիւնը կը կազմակերպէ միօրեայ պտոյտ Չորեքշաբթի, 28 Մայիս 2025-ին՝ Համբարձումի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան 107-ամեակի առիթներով։
Այցելութիւն՝ Մուսոն լիճը (Λίμνη Μουσών) եւ Փեթրաս ջրվէժը (Καταρράκτες Πέτρας)։
Պիտի ճաշենք «Οίνο πνεύματα» ճաշարանը։
Մեկնում՝
— Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ անկիւնէն ժամը 8-ին,
— Ֆիքսի Ինթերքոնթինենթալ հիւրանոցին առջեւէն ժամը 8:30-ին:
Մասնակցութեան սակ՝ 25€ (երթեւեկութիւն)։
Հետաքրքրուող ընկերուհիները կրնան դիմել հետեւեալ ընկերուհիներուն՝ Ալմաստ Մելիքեան՝ 6939.461.077 եւ Ծովինար Մինասեան՝ 6937.751.684։
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ










