­Մի­ջինք եւ ա­ւան­դու­թիւն­ներ

0
34

ԴԱՆԻԷԼ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՕՂԼԵԱՆ

­­Հայ ա­ռա­քե­լա­կան սուրբ ե­կե­ղե­ցին քա­ռաս­նօ­րեայ մեծ պա­հոց շրջա­նին կը պա­հէ գե­ղե­ցիկ ա­ւան­դու­թիւն մը, որ կը կո­չուի ­­Մի­ջինք։
Այս տա­րի, հա­յոց ե­կե­ղե­ցին ­­Մի­ջին­քը պի­տի տօ­նէ 26 ­­Մար­տին։
­­Մի­ջին­քը ­­Մեծ ­­Պահ­քի 24-րդ­ օրն է, որ չոր­րորդ շաբ­թո­ւան ­­Չո­րեք­շաբ­թի օ­րուան կը զու­գա­դի­պի: Ան ե­կե­ղե­ցա­կան տօ­նա­ցոյ­ցին մէջ չէ նշո­ւած իբ­րեւ տօն, սա­կայն հայ­կա­կան ա­ւան­դա­կան կեն­ցա­ղին մէջ շատ տա­րա­ծո­ւած է: Այդ օ­րը ե­կե­ղեց­ւոյ խա­ղա­ղա­կան ժա­մեր­գու­թեան ըն­թաց­քին կ­­՚եր­գո­ւի յա­տուկ շա­րա­կան մը, որ կը կո­չո­ւի ստե­ղի։
­­Մի­ջին­քի օ­րը պահ­քը չի լու­ծո­ւիր, այլ կը պա­հո­ւի նոյն խստու­թեամբ: ­­Մեծ պահ­քի ըն­թաց­քը քիչ մը մեղ­մե­լու հա­մար հա­յոց կեն­ցա­ղին մէջ ըն­դու­նո­ւած էր ­­Մի­ջին­քի ծէ­սը։
«­­Մի­ջինք» բա­ռը ե­կե­ղե­ցա­կան յա­տուկ ի­մաստ մը չու­նի, այլ պար­զա­պէս կը յի­շեց­նէ մե­զի, որ քա­ռաս­նօ­րեայ պա­հե­ցո­ղու­թեան կի­սուն հա­սանք, նաեւ այդ օ­րը եր­կա­րա­տեւ պահ­քի շրջա­նին կէ­սը նուա­ճած ըլ­լա­լու ա­ւե­տումն է, եւ այս ա­ռիթ մըն է քննե­լու մեր ան­ձե­րը եւ տես­նե­լու թէ ինչ­պէ՛ս ան­ցու­ցինք քա­ռաս­նօ­րեայ պա­հե­ցո­ղու­թեան ա­ռա­ջին կէ­սը։ Իսկ ա­նոնք, ո­րոնք տա­կա­ւին նկա­տի չեն ու­նե­ցած ա­պաշ­խա­րու­թեան շրջա­նը, ա­նոնց հա­մար եւս մի­ջին­քը վե­րա­կանգ­ման եւ հո­գե­ւոր ու ֆի­զի­քա­կան ու­ժի ամ­րապնդ­ման ա­ռիթ մըն է։
­­Նաեւ մեզ կը յի­շեց­նէ, թէ ­­Մեծ ­­Պա­հոց մնա­ցեալ կէ­սը դար­ձեալ ա­ռիթ է հո­գե­ւոր վար­ժու­թիւն­ներ կա­տա­րե­լու, մաս­նակ­ցե­լով Ա­րե­ւա­գա­լի, ­­Խա­ղա­ղա­կան եւ ­­Հանգստեան ժա­մեր­գու­թիւն­նե­րու ա­րա­րո­ղու­թեանց, վե­րա­նո­րո­գե­լու եւ զօ­րաց­նե­լու մեր հա­ւատքն ու ա­ղօ­թա­կան կեան­քը, որ­պէս­զի շա­րու­նա­կենք մեր քա­ռաս­նօ­րեայ պա­հե­ցո­ղու­թեան ճա­նա­պար­հոր­դու­թիւ­նը եւ պատ­րաս­տո­ւինք դի­մա­ւո­րե­լու մեր ­­Տի­րոջ ­­Յի­սուս Ք­րի­սո­սի հրա­շա­փառ ­­Յա­րու­թեան տօ­նը։
­­Ժո­ղովր­դա­կան ա­ւան­դու­թեան հա­մա­ձայն՝ ­­Մի­ջին­քին սո­վո­րու­թիւն դար­ձած է ­­Պահ­քի ճա­շով ըն­կե­րա­յին պահ մը վա­յե­լե­լու, խնդու­թեան սե­ղան մը պատ­րաս­տե­լով եւ ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րը զի­րար քա­ջա­լե­րե­լով ու­րա­խա­նա­լու։ Այդ օ­րը, հայ տան­տի­կին­նե­րը բա­ղար­ջով պահ­քի գա­թա կը պատ­րաս­տեն, նաեւ կը կո­չեն միջ­նա­բաղջ, կլոճ, հա­րե­գիլ, միջ­նակ լոճ, ո­րուն մէջ մե­տա­ղադ­րամ, ար­ծա­թեայ խաչ, լու­պիա, փոք­րիկ թղթիկ­նե­րու վրայ գրո­ւած սաղ­մոս­ներ կը դնեն եւ կը բաժ­նեն տան բո­լոր ան­դամ­նե­րուն։ Ա­նոր ո­րուն գա­թա­յին մէ­ջէն պի­տի ել­լէ մե­տա­ղադրա­մը, ու­լուն­քը կամ ար­ծա­թեայ խա­չը, յա­ջո­ղու­թիւն կը սպա­սէ ողջ տա­րուան ըն­թաց­քին, իսկ ե­թէ դա­նա­կը դպչի մե­տա­ղադ­րա­մին կը նշա­նա­կէ յա­ջո­ղու­թիւ­նը ամ­բողջ ըն­տա­նի­քինն է:
­­Նաեւ ա­ւան­դու­թեան հա­մա­ձայն ե­թէ նշա­նո­ւած զոյ­գեր ըլ­լան, փե­սա­ցուն նուէրներ կ­­՚ու­ղար­կէ իր հարս­նա­ցո­ւին, եւ ա­պա­գա­յին միա­սին եր­ջա­նիկ կեանք ու­նե­նա­լու յոյ­սե­րով լե­ցո­ւած բա­րե­մաղ­թու­թիւն­ներ կը փո­խա­նա­կեն ի­րար։

* ­­Միշտ պա­հենք մեր հա­ւատ­քը մա­քուր։

* Ի­մաս­տու­թեամբ ու համ­բե­րու­թեամբ շա­րու­նա­կենք։

­­* Ջեր­մու­թեամբ լեց­նենք մեր սրտե­րը։

* Ի­րար հան­դէպ ըլ­լանք միշտ բա­րի։

* ­­Նո­ւի­րու­մով ան­ցը­նենք ­­Պահ­քի ճա­նա­պար­հը։

* Ք­րիս­տո­սի սի­րով ու խա­ղա­ղու­թեամբ զօ­րա­նանք ու հաս­նինք սուրբ ­­Յա­րու­թեան։