Մեր սիրելի հաւատացեալ ժողովուրդին կու գանք տեղեկացնելու, թէ Կիրակի, 15 Մարտ 2026-ին Աթէնքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Հոգաբարձութիւնն ու Տիկնանց մարմինը կը կազմակերպեն միջինքի աւանդական ճաշկերոյթ: Տեղի պիտի ունենայ Սուրբ եւ Անմահ պատարագէն ետք, եկեղեցւոյ սրահին մէջ:
Անոնք որոնք կը փափաքին մասնակցութիւն բերել այս ճաշկերոյթին, կը խնդրենք կապուին տիկ. Դշխուհի Պօզիկեանին հետ՝ 6978892493:
Սակ մեծերու 20 եւրօ, սակ փոքրերու 15 եւրօ:
Կը հրաւիրենք ձեզ մասնակից դառնալու այս սիրոյ սեղանին:
ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԱՐՄԻՆ










