Կիրակի, 1 Յունիս 2025-ին, Թեսաղոնիկէի «Աւլեա» թատերասրահէն ներս կատարուեցաւ 28 Մայիս 1918-ի Հայաստանի անկախացման 107-ամեակի տօնակատարութիւնը։ Թեսաղոնիկէի Համազգայինի «Ղազարոս Սարեան» մասնաճիւղի «Կիլիկիա» մանկական պարախումբը, որ կը ղեկավարէ պարուսույց Արմենուհի Մելքումեան, խանդավառ եւ ազգային հպարտութեան աշխուժ մթնոլորտ մը ստեղծեց մօտ 250 ոգեւորուած հանդիսատեսներուն։
Ելոյթի բացումը եղաւ ազգային քայլերով եւ օրուայ պատգամով, որ հայերէն լեզուով կատարեց Հ.Յ.Դ. Երիտ. միութեան «Ս.Թեհլիրեան» խումբի եւ «Կիլիկիա» պարախումբի անդամ ընկ. Անահիտ Մնացականեան, իսկ յունարէն լեզուով՝ պ. Արսէն Աւետիսեան։
Պարախումբի 30 անդամները ներկաներուն հրամցուցին ազգագրական պարերու հրաշալի փունջ մը, գեղեցիկ տարազներով, որոնք պատրաստուեցան կարուձեւի արուետագէտ եւ տեղւոյն համայնքի անդամ Սուզաննա Աւետիսեանի կողմէ։
Յայտագիրի ընթացքին ընկ. Մարի Քիւրքճեան ասմունքեց Աւետիս Ահարոնեանի «Յարգանք քեզ» բանաստեղծութիւնը յունարէնով, որ տարիներ առաջ թարգմանած էր ընկ. Յակոբ Գասապեան։ Մենապարերով հանդես եկան Մարիա Շատինովա, Անահիտ Մնացականեան, Աննա Մարիա Գուծամանի-Լալայեան, Աննա Ղազարեան Միքայէլ Մուրատեանց, ինչպէս նաեւ ելոյթ ունեցաւ մեներգող էլէնի Ղազարեան։
Ձեռնարկի աւարտին ծնողքներու անունով տիկ. Արմինէ էրճանեան շնորհակալութեան խօսք ուղեց պարուսոյցին, խումբի անդամներուն եւ ձեռնարկի կազմակերպիչներուն։
Հայաստանի անկախութեան հռչակման ոգեւորիչ մթնոլորտին մէջ, հայ ազգագրական մշակոյթի յատկանշական երեկոյ մը եղաւ պարախումբի ելոյթը, ցոյց տալով մեր փոքրիկներու սէրը հայկական պարային գանձերուն հանդէպ։ Ժողովուրդի քաջալեր արտայայտութիւնները խթան կը դառնան, որպէսզի մեր պատանիները ապագային եւս ունենան այսպիսի ոգեւորիչ ձեռքբերումներ։
ԹՂԹԱԿԻՑ








