Ուրախութեամբ կը տեղեկացնենք ձեզ, թէ Կիրակի, 11 Յունուար 2026-ի առաւօտուն, Նէոս Գոզմոս-Ֆիքսի Ս. Յովհ. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ, եպիսկոպոսական հանդիսաւոր ս. եւ անմահ պատարագի մատուցմամբ եւ աւանդական մատաղօրհնութեամբ պիտի նշուի եկեղեցւոյս անուանակոչութեան տօնը:
Այս առիթով, նոյն օրուան կէսօրին ժամը 14:30-ին, եկեղեցւոյս Տիկնանց Մարմինը կազմակերպած է ճաշկերոյթ, հայկական «4A» ճաշարանէն ներս, հարուստ ճաշացուցակով: (Αρτάκης 41, Άνω Νέα Σμύρνη, T.K.17124- Αττικής):
Տեղերու սահմանափակ ըլլալուն պատճառով կը խնդրուի սեղան ապահովել առաւելագոյնը մինչեւ Կիրակի, 4 Յունուար 2026-ի կէսօրին, զանգելով՝ տիկիններ, Արշալոյս Նաքու- Տրդատեանին՝ 2109416584 — 6942214251 եւ Հռիփսիմէ Գարամանեանին՝ 2109320544 – 6932134121:
Մասնակցութեան սակ՝ 28 եւրօ, գինին ներառեալ:
ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԱՐՄԻՆ










