Ս. Ղեւոնդեանց քահանայից տօնին առիթով, Յունաստանի հայոց թեմի Կրօնական ժողովը Երեքշաբթի, 10 Փետրուար 2026-ին, Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ սրահին մէջ կազմակերպեց կղերական դասու միօրեայ համագումար, որուն նախագահեց Յունաստանի Հայոց թեմի Առաջնորդ գերշ. Տ. Սահակ եպս. Եմիշեան։ Ներկայ էին հոգշ. Տ. Եղիա վրդ. Մալխասեան, հոգշ. Տ. Եզրաս վրդ. Թէնէքէճեան, արժ. Տ. Պարէտ քհնյ. Խաչերեան, արժ. Տ. Նարեկ քհնյ. Շահինեան եւ արժ. Տ. Դանիէլ քհնյ. Գալօղլեան։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր հրաւէրով, կէսօրուան ճաշին ներկայ գտնուեցաւ Հայ Կաթողիկէ համայնքի պետ գերպ. Տ. Միքայէլ Ծ. վրդ. Պասալէ։ Իսկ Հայ Աւետարանական համայնքի պետ վերպ. Վիհէն Չոլաքեան, արտասահման մեկնումի պատճառով չկարողացաւ ներկայ ըլլալ։
Համագումարը բաժնուած էր հինգ մասերու։ Աշխատանքային զեկոյցներ, երեք դասախօսութիւններ, ներառեալ դադարներ ապա երեկոյեան ժամերգութիւն։ Համագումարի ատենապետ ընտրուեցաւ արժ. Տ. Պարէտ քհնյ. Խաչերեան եւ ատենադպիր՝ հոգշ. Տ. Եղիա վրդ. Մալխասեան։ Ըստ կարգի, նախ իւրաքանչիւր հոգեւոր հովիւ զեկոյց տուաւ իր շրջանի աշխատանքներուն, ծրագիրներուն եւ դժուարութիւններուն մասին։ Յաջորդաբար, առաջին նիւթը ներկայացուց թեմիս Առաջնորդ գերշ. Տ. Սահակ եպս. Եմիշեան։ Ան նախ ջերմօրէն շնորհաւորեց քահանայից տօնը եւ բոլորին մաղթեց քաջառողջութիւն ու բեղուն ծառայութիւն։ Պաստառի վրայ ու մասնագիտական յատուկ ձեւով ան ներկայացուց հոգեւոր ու վարչական աշխատանքներէն ներս «Վերլուծական մտածողութիւն» նիւթը։ Սոյն նիւթը կ’ընդգրկէր զանազան կէտեր, օրինակ՝ արագ հակազդեցութիւն, դանդաղ արձագանգ, առաջնահերթութիւններու ճիշդ ու արագ արժեւորում, յարափոփոխ եւ զարգացող իրավիճակներու մէջ ճիշդ ու արագ կողմնորոշում, եւ այլն։ Առաջնորդ Սրբազան հայրը մանրամասն բացատրութիւն տուաւ նիւթի կէտերուն մասին, իւրաքանչիւրին համար օրինակներ մէջբերելով կղերականութեան առօրեայ կեանքէն։
Երկրորդ նիւթն էր, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսի 2026 տարուան հռչակագիրը՝ «Հոգեւոր վերանորոգութեան տարի»։ Առաջնորդ Սրբազան հօր փափաքին համաձայն, հոգշ. Տ. Եղիա վրդ. Մալխասեան մանրամասն բացատրեց Վեհափառ հայրապետի մտահոգութենէն ու ապագայի տեսլականէն բխած վերոնշեալ հռչակագիրը։ Ան յայտնեց, թէ գիտութեան զարգացումին եւ այլ պատճառներով, աշխարհի վրայ հոգեւոր արժէքները արդէն բաւականաչափ նահանջ արձանագրած են եւ մարդկութիւնն ամբողջ վտանգի ենթարկուած է։ Հոգեւոր վերանորոգում կը նշանակէ Ս. Գիրքի ճանաչում, եկեղեցական ծէսերու հասկացողութիւն ու կատարում, ինչպէս նաեւ քրիստոնէական դաստիարակութիւն։ Այս բոլորին մէջ, եկեղեցականը պէտք է մեծագոյն օրինակը ըլլայ։
Առաջնորդ Սրբազան հօր փափաքին ընդառաջելով, համագումարին Zoom–ի ճամբով միացաւ Նիւ Եորքի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ արժ. Տ. Նարեկ քհնյ. Թրթրեան։ Ան ներկայացուց երրորդ նիւթը՝ «Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ ծրագրումի կարեւորութիւնը» խորագիրով։ Իր նիւթը սկսաւ Քրիստոսի պատգամով. «Գացէք եւ բոլոր ազգերը ինծի աշակերտ դարձուցէք»։ Ապա յայտնեց, թէ եկեղեցին ու եկեղեցականը կը գործեն ծրագիրներու հիման վրայ։ Կան մնայուն եւ ժամանակաւոր ծրագիրներ։ Կան օգտակար եւ ընթացիկ ծրագիրներ։ Եկեղեցւոյ ծէսը եւս ծրագիր է, որ կը կատարուի տօնի կամ առիթի համաձայն։ Շատեր ծրագիրը եւ ձեռնարկը իրար հետ կը շփոթեն։ Ձեռնարկը ժամանակ մըն է, որ իր աւարտին կը հասնի եւ կը լրանայ։ Մինչ ծրագիրը դէպի ապագայ շարունակուող ճանապարհ մըն է։ Բնականաբար, ծրագիրներն ժամանակի ընթացքին փոփոխութեանց կ’ենթարկուին, ժամանակի կամ վայրի օրուան յարմարութեան պատճառով։ Ներկայացումի աւարտին, Քահանայ հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան հօր՝ սոյն առիթին համար, եւ յաջողութիւն մաղթեց համագումարի աշխատանքներուն։ Իւրաքանչիւր նիւթի ներկայացումէն ետք, ժողովականներուն հարց ու պատասխանի առիթը տրուեցաւ։
Երեկոյեան ժամը 6։30-ին, համագումարը իր աւարտին հասաւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ երեկոյեան ժամերգութեամբ։
ԹՂԹԱԿԻՑ










