­Մենք՝ ուխ­տեալ­ներ հայ օգ­նու­թեան սուրբ գոր­ծին,
­Լոյ­սի բա­նակ եւ գթու­թեան խա­չու­հի,
­Գո­յա­մար­տի մէջ սրբա­զան մեր դա­տին՝
­Ձեզ կը բե­րենք ­Հայ Կ­նոջ սիր­տը ոս­կի:

(Հ.Օ.Մ-ի քայ­լերգ, խօսք՝ Մ. Իշ­խան)

­Հայ Օգ­նու­թեան ­Միու­թիւ­նը կը նշէ իր գո­յու­թեան 115-ա­մեա­կը՝ տպա­ւո­րիչ վկա­յու­թիւն մը ըլ­լա­լով այն հա­րուստ ժա­ռան­գու­թեան, ո­րուն վրայ կանգ­նած է հա­յու հա­ւա­քա­կան կեան­քը։ ­Մէկ դա­րէ ա­ւե­լի ան­ցած է այն օ­րե­րէն, երբ Ակ­նու­նիի հայ­րե­նա­տե­սիլ յղաց­քին հե­տե­ւե­լով, հայ կի­նե­րը միա­ցան՝ մարդ­կա­յին նո­ւի­րու­մի, սրտի ջեր­մու­թեան եւ ազ­գա­յին պար­տա­ւո­րու­թեան ո­գիով ստեղ­ծե­լու հա­մար կազ­մա­կեր­պու­թիւն մը, որ պի­տի դառ­նար հայ ժո­ղո­վուր­դի կա­րիք­նե­րուն ան­բա­ժա­նե­լի քա­ռա­թեւ պա­հա­պանն ու բա­րե­րա­րը։
Այ­սօր, երբ կը վե­րա­դառ­նանք այդ շքեղ պատ­մու­թեան ա­կունք­նե­րուն, հա­ւա­քա­բար կը վկա­յենք, որ Հ.Օ.Մ.-ը ե­ղած է ու կը մնայ հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին վե­րա­զարթ­նու­մին ու միա­ժա­մա­նակ՝ բա­րե­սի­րա­կան, խնա­մա­տա­րա­կան, կրթա­կան ու մշա­կու­թա­յին ձեռք­բե­րում­նե­րուն հիմ­նա­սիւ­նը, ո­րուն վրայ զար­գա­ցաւ հայ կեան­քը, գաղ­թա­կա­նու­թե­նէն մին­չեւ մեր ժո­ղո­վուր­դի ամ­բող­ջա­կան վե­րա­կանգ­նու­մը։
Հ.Օ.Մ.-ի պատ­մու­թիւ­նը հա­ւա­սա­րա­պէս վկա­յու­թիւնն է հայ կնոջ հզօ­րաց­ման, իր մաս­նակ­ցու­թեան եւ ա­ռաջ­նոր­դու­թեան։ Ա­ղէտ­նե­րու, պա­տե­րազմ­նե­րու եւ ազ­գա­յին տա­ռա­պանք­նե­րու դժո­ւա­րին օ­րե­րուն, Հ.Օ.Մ.-ը ե­ղաւ մխի­թա­րող ձեռ­քը որ­բա­ցած մա­նուկ­նե­րուն, ա­պաս­տա­րան փնտռող ըն­տա­նիք­նե­րուն, բու­ժու­մի կա­րիք ու­նե­ցող զի­նո­ւոր­նե­րուն եւ հայ­րե­նա­կից­նե­րուն։ ­Սա­կայն, ա­նոր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը եր­բեք չսահ­մա­նա­փա­կո­ւե­ցաւ միայն կա­րեկ­ցու­թեան ծրա­գիր­նե­րով. Հ.Օ.Մ.-ը ա­մե­նու­րեք կա­ռու­ցեց դպրոց­ներ, հաս­տա­տեց ու­սա­նո­ղա­կան ծրա­գիր­ներ, ուս­ման թո­շակ­ներ, մշա­կու­թա­յին նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ, ո­րոնց շնոր­հիւ ամ­բողջ սե­րունդ­ներ հա­ւա­տա­ցին ի­րենց կա­րո­ղու­թեան եւ ծա­ռա­յե­ցին մեր ժո­ղո­վուր­դին։
Այ­սօր եւս, Հ.Օ.Մ.-ը կը շա­րու­նա­կէ իր հայ­րե­նա­շէն եւ ազ­գա­կերտ գոր­ծու­նէու­թիւ­նը ­Հա­յաս­տա­նի մէջ՝ բազ­մա­թիւ ծրա­գիր­նե­րու մի­ջո­ցով։ Ա­ռող­ջա­պա­հա­կան կեդ­րոն­ներ, ման­կա­պար­տէզ­ներ, ու­սում­նա­կան եւ մշա­կու­թա­յին ձեռ­նարկ­ներ կը վկա­յեն այն անս­պառ կեն­սու­նա­կու­թիւ­նը, որ կը բխի միու­թեան ազ­նուա­գոյն գա­ղա­փար­նե­րէն։ Ար­ցա­խի մէջ Հ.Օ.Մ.-ը տա­րի­ներ շա­րու­նակ կա­ռու­ցեց, ա­ջակ­ցե­ցաւ եւ ապ­րե­ցաւ իր քրտին­քով ստեղ­ծո­ւած հա­մայնք­նե­րուն մէջ։ Ող­բա­լի է, որ այդ բո­լոր ներդ­րում­նե­րը այ­սօր կը գտնո­ւին թշնա­միի ձեռ­քին տակ, սա­կայն ա­նոնք չեն կոր­սո­ւած՝ ո­րով­հե­տեւ Հ.Օ.Մ.-ի ո­գին ան­քակ­տե­լի է, ան կը շա­րու­նա­կէ ապ­րիլ Ար­ցա­խի իւ­րա­քան­չիւր հայ կնոջ եւ մա­նու­կի էու­թեան մէջ։
Այ­սու­հան­դերձ, հայ­րե­նի­քէն ներս Հ.Օ.Մ.-ի ներ­կա­յու­թիւ­նը կը մնայ շօ­շա­փե­լի ու կեան­քի կո­չո­ւած՝ կա­նա­ցի նուի­րու­մով ի­րա­կա­նա­ցո­ւող բազ­մա­շերտ ծրա­գիր­նե­րով։ Ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան, կրթու­թեան եւ ըն­տա­նե­կան ա­ջակ­ցու­թեան ո­լորտ­նե­րուն մէջ, Հ.Օ.Մ.-ը հաս­տա­տած է ան­զու­գա­կան ներ­կա­յու­թիւն՝ դառ­նա­լով ազ­գա­յին հպար­տու­թեան խորհր­դա­նիշ։
Իր հիմ­նադ­րու­թեան ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րէն, Հ.Օ.Մ.-ի այս հա­րա­զատ ըն­թաց­քը ու­նե­ցաւ հա­մա­հայ­կա­կան հա­սո­ղու­թիւն։ ­Միու­թիւ­նը, իր բո­լոր միա­ւոր­նե­րով ու մաս­նա­ճիւ­ղե­րով, կը շա­րու­նա­կէ ցո­լաց­նել այն ան­սա­սան կա­պը, որ կը միաց­նէ հայ կի­նե­րը աշ­խար­հի բո­լոր ծա­գե­րուն, սփիւռ­քեան ոս­տան­նե­րէն ներս մին­չեւ հայ­րե­նի հո­ղին վրայ հա­սակ նե­տող ան­դամ­նե­րուն եւ ա­նոր ա­ռա­քե­լու­թեան հա­ւա­տա­ցող հե­տե­ւորդ­նե­րուն մէջ, հա­յա­կեր­տու­թեան ու ազ­գա­հա­ւա­քի վսեմ գա­ղա­փար­նե­րուն տակ։
­Տա­րի մը ա­ռաջ, ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չը՝ Հ.Օ.Մ.-ի հին ու հա­ւա­տա­րիմ միա­ւոր­նե­րէն մէ­կը, տօ­նեց իր հիմ­նադ­րու­թեան 100-ա­մեա­կը շքեղ հան­դի­սու­թեամբ մը։ ­Փա­ռա­հեղ տօ­նա­կա­տա­րու­թիւ­նը ոչ միայն յար­գան­քի տուրք էր ան­ցեա­լին, այ­լեւ վկա­յու­թիւն եւ վճռա­կան խոս­տում՝ մայր կազ­մա­կեր­պու­թեան հետ ան­քակ­տե­լի շղթա­յին զօ­րու­թեան ու յա­րա­տեւ­ման։ ­Միա­ժա­մա­նակ, ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ ­Հայ Գ­թու­թեան ­Խա­չի միա­ւո­րը, նոյն­քան հնչե­ղու­թեամբ ու հա­ւատ­քի զօ­րու­թեամբ, ոտ­քի պա­հեց ­Հիւ­սի­սա­յին ­Յու­նաս­տա­նի հա­յու­թեան գո­յա­տե­ւե­լու եւ ա­րա­րե­լու պա­տի­ւը։
Ար­դա­րօ­րէն, մեր գա­ղու­թի պատ­մու­թեան ա­մէ­նէն նրբազ­գաց ու մարդ­կայ­նօ­րէն գե­ղե­ցիկ ար­ձա­նագ­րու­թիւ­նը կը պատ­կա­նի Հ.Կ.­Խա­չի ու Հ.Գ.­Խա­չի նո­ւի­րեալ­նե­րուն։ ­Այստեղ է, որ տաս­նա­մեակ­ներ շա­րու­նակ բարձ­րա­ցան ան­հա­մար ձեռ­քե­րը խա­չեան մեր հե­րոս­նե­րուն, ո­րոնք քրտին­քով, եր­բեմն ա­րեան կա­թիլ­նե­րով գրե­ցին՝ ա­մէն մէ­կը իր սե­փա­կան պատ­մու­թիւ­նը, իր անձ­նո­ւէր կեան­քի ամ­բող­ջա­կան զո­հո­ղու­թիւնն ու մա­տու­ցու­մը, դարձ­նե­լու հա­մար հրա­շա­գեղ պատ­մու­թիւ­նը գա­ղու­թի մը գո­յա­տեւ­ման ու ազ­գա­յին վե­րա­զարթ­նու­մի հա­ւա­քա­կան եր­թին։
Այ­սօր, երբ հա­մա­հայ­կա­կան տա­րո­ղու­թեամբ կը նշենք Հ.Օ.Մ.-ի պան­ծա­լի 115-ա­մեա­կը, մեր բո­լո­րին սրտի պար­տա­կա­նու­թիւնն է յայտ­նել խո­րին ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն եւ հիա­ցում այն կազ­մա­կեր­պու­թեան, որ սե­րունդ­ներ շա­րու­նակ ե­ղաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ո­գե­ղէն բա­զու­կը՝ նո­ւի­րե­լով լոյս, գուր­գու­րանք եւ վստա­հու­թիւն։ Հ.Օ.Մ.-ը՝ իր ա­մէ­նօ­րեայ աշ­խա­տան­քին եւ անսպառ նո­ւի­րու­մին մէ­ջէն, կը մնայ վա­ւե­րա­կան հաս­տա­տու­թիւն մը, կեն­դա­նի խորհրդա­նիշ՝ հայ կնոջ ու­ժին, ազ­գա­յին նո­ւի­րու­մին ու ան­հատ­նում սէ­րին։
­Պա­տիւ ար­ժա­նա­ւո­րաց։