Սիրելի հայրենակիցներ եւ ընկերուհիներ,
Ուրախութեամբ կը յայտնենք, թէ Հայ Օգնութեան Միութիւնը այս տարի կը նշէ իր հիմնադրութեան եւ անդուլ գործունէութեան 115-ամեակը։
Այս առիթով, Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութիւնը նախաձեռնած է դրամահաւաքի, որուն նպատակն է ստեղծել 115-ամեակի Հիմնադրամ մը։
Հայ Կապոյտ Խաչի Շրջանային Վարչութիւնը կը դիմէ բոլորին՝ գաղութի անդամներուն, մեր միութեան համակիրներուն եւ իւրաքանչիւր միութենական անդամին։
Մասնակցելով վերոնշեալ դրամահաւաքին, բոլորս միասին ջահակիրները դառնանք ազգանուէր մեր բարեսիրական եւ հայակրթական նպատակներուն։
Գաղտնիք չէ, թէ Հայ Օգնութեան Միութեան ծրագիրներուն շարունակականութիւնը ապահովելու համար կարիքը կայ նիւթական մեծ աղբիւրներու։
Եթէ Հ.Օ.Մ.-ի գործօն ուժը կը հանդիսանան իր նուիրեալ անդամուհիները իրենց կամաւոր աշխատանքով, ապա, ծրագրերու իրագործման երաշխաւոր կը կանգնին միութեան բարերարները եւ նուիրատուները, որոնք ազգային ու մարդասիրական բարձր գիտակցութեամբ եւ յանձնառութեամբ, իրենց նիւթական ներդրումով, տնտեսական նեցուկն են համահայկական մեր մեծ կազմակերպութեան։
Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան որոշումով, 115 $-ի / 100 €-ի ու աւելի բարձր գումարներու նուիրատուներու անունները պիտի յիշատակուին
«Ջահակիր» կոչումով՝ յատուկ հրատարակութեամբ։
Մանրամասնութիւններ կրնաք տեսնել, դրամահաւաքին առիթով Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան պատրաստած՝ միութեան խորհրդանիշը պատկերացնող նկարին մէջ։
Երախտագէտ ենք բոլոր նուիրատուութիւններուն համար եւ շնորհակալութեամբ ընդունելի է ամէնէն համեստ լուման ալ։
* Ձեր նուիրատուութիւնը կատարելու համար կը խնդրենք որ կապի մէջ մտնէք Հ.Կ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան հետ, մինչեւ 7 Սեպտեմբեր 2025։
Ի մասնաւորի հնարաւոր է հեռաձայնել ընկերուհի Շողիկ Պապօղլեանին՝ 694 5222550։
Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչի
Շրջանային Վարչութիւն