Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Պատանեկան միութեան ամառնային բանակումը կը թեւակոխէ իր 44-րդ տարին։ Արդէն՝ հրապարակային ծանուցումով «Ազատ Օր»-ին եւ ընկերային ցանցերուն մէջ, Միութեան Վարիչ մարմինը յայտարարած է բանակումի թուականը՝ 24 Օգոստոսէն մինչեւ 1 Սեպտեմբեր, Թրիփոլիի քաղաքապետութեան Ասթրոս Քինուրիաս ծովեզերեայ բանակավայրէն ներս։ Այս պահուն, եթէ յետադարձ ակնարկով մը հասնինք մինչեւ անոր կազմակերպման առաջին տարիները, հպարտութեամբ պիտի արձանագրենք, թէ այն օրերու պատանիները՝ ներկայիս որպէս ծնողք, նոյն հաւատարմութեամբ եւ ոգեւորութեան զգացումով իրենց զաւակները կը վստահին միութեան սնուցիչ միջավայրին, որուն տարեկան գործունէութեան պսակումը կը հանդիսանայ ամառնային բանակումի խանդավառ մէկտեղումը։
Պատանեկան միութեան բանակումներու մթնոլորտը սոսկ հաճելի ժամանցի մը շրջագիծէն դուրս գալով, կը ստանայ տարբեր իմաստ եւ նշանակութիւն, որոնց դերակատարները՝ պատանիները եւ անոնց վարիչները, ամէն մէկը իր ունեցած ներդրումով, բանակավայրը կը դարձնեն փոքրիկ Հայաստանի մը։
Հայ լեզուն եւ մշակոյթը, երգն ու պատմութիւնը, հայկական հերոսական դրուագները, բայց նաեւ ընկերային կապերը, բարեկամութիւններ կնքելու եւ ամրապնդելու ճիգերը, բոլորը մէկ առ մէկ՝ կը դառնան գլխաւոր ազդակները, որոնք իրենց տիրական ներգործութեամբ տասնօրեայ տեւողութեան ընթացքին, կը զարգացնեն ու կ՚ամրապնդեն իւրաքանչիւր պատանիի հոգեկան եւ իմացական աշխարհը։
Նոյն խանդավառ ոգիով, ամէն մէկ պատանի կը վերադառնայ իր օճախը, հաստատ համոզումով ու գօտեպնդուած, շարունակելու իր մասնակցութիւնը պատանեկան շարժումին, որ նախամուտը կը դառնայ գիտակից եւ հայրենասիրական ոգիով պարուրուած ապագայ երիտասարդներու կազմաւորման։
Այս տարի եւս, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Պատանեկան միութեան դռները բաց են անխտիր բոլոր պատանիներուն առջեւ։ Ծնողներուն կը մնայ ընթացք տալ իրենց զաւակներուն փափաքին ու մանաւանդ՝ վստահիլ բալիկներուն ներաշխարհի զարգացումը բանակումի ջերմ ու խանդավառող միջավայրին։
Այս առիթով, ուրախութեամբ կը հրատարակենք Հ.Կ.Խաչի ազգային վարժարաններու աշակերտ եւ Պատանեկան միութեան անդամ Կարիկ Վարդանեանի ինքնաբուխ գրութիւնը, որուն խոստումը ստացած էինք «Լ. եւ Ս. Յակոբեան» վարժարանի աւարտական դասարանի՝ «Ազատ Օր» այցելութեան առիթով։
Հաւատարիմ իր խոստումին, սիրելի պատանին իր զգացումներու ներաշխարհը յանձնեց թուղթին։ Գրութիւնը կը ցոլացնէ Պատանեկան միութեան բոլոր անդամներու ըմբռնումները, դառնալով թարգմանը հաւաքական մօտեցման ու պատանիներու գիտակցութեան, որոնց վրայ կ՚արժէ ծրիլ բոլորանուէր ջանքերով։
***
Իմ շատ սիրելի Պատանեկան միութիւնս
Եթէ 11 տարեկան պատանի մըն ես ու կը սիրես հայրենիքդ եւ կ՚ուզես հայ մնալ, ուրեմն պէտք է, որ անդամ ըլլաս Յունաստանի Պատանեկան միութեան:
Ահ, մոռցայ ըսելու ձեզի, որ այս 11 տարեկան պատանին, ես եմ՝ Կարիկ Վարդանեանը:
Ես 6-րդ դասարանի աշակերտ եմ, կը սիրեմ իմ դպրոցս՝ Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան վարժարանը:
Ամէն Շաբաթ, անհամբեր կը սպասեմ, որ երթամ Պատանեկանի ժողովներուն եւ հանդիպիմ իմ ընկեր-ընկերուհիներուն:
Մեր Պատանեկանի հաւաքները շատ հետաքրքրական են: Հոն կը սորվինք նոր բաներ, կը կազմակերպենք ձեռնարկներ նուիրուած հայոց ցեղասպանութեան, նաեւ հայոց լեզուի եւ մշակոյթին:
Ժողովները միշտ հաճելի են: Կ՚երգենք հայրենասիրական երգեր, կը խաղանք խաղեր, որոնց միջոցով միշտ կը յիշենք մեր պատմութիւնը:
Հիմա անհամբեր կը սպասեմ բանակումին, որպէսզի նորէն անմոռանալի եւ ուրախ օրեր անցընեմ:
ԿԱՐԻԿ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ
«Լ. եւ Ս. Յակոբեան» վարժարան
6-րդ դասարան