Ուրախութեամբ կը յայտնենք, թէ այս տարի եւս Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Պատանեկան Միութիւնը կը կազմակերպէ բոլոր պատանիներու սպասած եւ սիրած ամառնային բանակումը:
Այս տարի բանակումը տեղի պիտի ունենայ 24 Օգոստոսէն մինչեւ 1 Սեպտեմբեր Թրիփոլիի քաղաքապետութեան Աստրոս Քինուրեաս ծովեզերեայ բանակավայրէն ներս։
Բանակումին կրնան մասնակցիլ
Պատանեկան Միութեան բոլոր անդամները,
ինչպէս նաեւ 9-16 տարիքի հայ պատանիներ:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կրնաք հեռաձայնել Ընդհանուր Վարիչ Մարմնոյ հետեւեալ ընկերներուն.- Աւետիսեան Աւետիս 6980354142, Յովսէփեան Ժաննա 6983842733, Աճէմեան Արմէն 6989646078,
կամ կապ հաստատել ելեկտրոնային հասցէին միջոցաւ՝ ayfbadanegangr@gmail.com:
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Պատանեկան Միութեան
Ընդհանուր Վարիչ Մարմին









