Մեծ ուրախութեամբ կը հրաւիրենք ձեզ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Պատանեկան Միութեան ձեռնարկին։
Շաբաթ, 4 Հոկտեմբեր, 2025-ին, ժամը 20:00-ին,
Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբի սրահէն ներս:
— Երեկոն պիտի պարունակէ թատերական, երգ պատանիներու կողմէ, վիտէօ-երիզներու եւ նկարներու ցուցադրութիւն տարեշրջանի ընթացքէն։
— Մուտք՝ 12 եւրօ։
Մուտքը ազատ է փոքրիկներու եւ մինչեւ 16 տարեկան պատանիներու համար։
— Եթէ կը փափաքիք կրնաք նաեւ սեղան ապահովել:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, հեռաձայնել՝
ընկ. Արմէն Աճէմեանին 6989646078 եւ ընկ. Աւետիս Աւեսիսեանին 6980354142
Հ.Յ.Դ. ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ԸՆԴ. ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ